Դոկտ. Անի Գալայճեան արժանացած է ամերիկեան բարձր մրցանակին
Ուրախութեամբ կը տեղեկանանք թէ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Նիւ Եորք-Նիւ Ճըրզիի Արմենական-Յովսէփեան Ակումբի եռանդուն անդամուհիներէն ընկերուհի Դոկտ. Անի Գալայճեան արժանացած է բուժական գերազանց խնամքի պատուոյ բարձր մրցանակին, որ կը շնորհուի Միացեալ Նահանգներու Հիւանդապահական Ընկերակցութեան կողմէ, բացառիկ աչքառու իրագործումներու իբրեւ բարոյական գնահատանք:
Մրցանակը ընկերուհի Դոկտ. Անի Գալայճեանին պաշտօնապէս շնորհուած է Յունիս 18-ին, Ուաշինկթըն Տի. Սի.-ի մէջ, Ընկերակցութեան պատգամաւորական երկամեայ համագումարի ընթացքին:
Ընկերուհի Դոկտ. Գալայճեան, որ հոգեբանութեան դասախօս է Նիւ Եորքի Ֆորտհամ Համալսարանին մէջ, միջազգային ճանաչման արժանացած մասնագէտ մըն է զանգուածային վիրականութեան (mass trauma) բուժման: Վերջին 21 տարիներու ընթացքին ընկերուհի Գալայճեան եւ իր գլխաւորած մասնագէտներու խումբը ունեցած են աւելի քան 25 արտասահմանեան ուղեւորումներ, հոգեբուժական խնամք փութացնելու համար աղէտեալ զանազան երկիրներ, ներառեալ (վերջերս)` երկրաշարժահար Հայիթի:
Ընկերուհի Դոկտ. Գալայճեան հեղինակն է մասնագիտական հետազօտական չորս տարբեր հատորներու, որոնք արժանացած են ու կը շարունակեն արժանանալ միջազգային բարձր գնահատանքի: Մեր սիրելի ընկերուհին իբրեւ հոգեբանութեան դասախօս պաշտօնավարած է նաեւ Սիթըն Հոլ Համալսարանի, Հանթըր Քոլէճի, Նիւ Ռոշէլի Քոլէճի եւ Փէյս Համալսարանի մէջ:
Սրտանց կը շնորհաւորենք ընկերուհի Դոկտ. Անի Գալայճեանը, նորագոյն իր յաջողութեան համար:












