Գլխավոր » NKR, Թուրքիա, Լրահոս, Վերլուծական, Քաղաքականություն

Ճարահատ Թուրքիան «ստիպված եղավ…»

Հուլիս 12, 2010թ. 17:46

Turkia-droshԵրբ հարց տրուի թուրք իշխանութիւններուն կամ ժողովուրդին մեծամասնութեան թէ ի՞նչ է պատճառը որ Թուրքիա յամառօրէն ուղղուած կը մնայ դէպի անցեալի իր փառքը, անոնց պատասխանը կ՜ըլլայ հետեւեալը. «Ստիպուած եղանք, որովհետեւ այլեւս ուրիշ ճար չմնաց»:

Թուրքիան, Մուսթաֆա Քէմալի – Աթաթիւրքի – իշխանութեան շրջանէն սկսեալ եղած է Արեւմուտքի քաղաքականութեան գործադիր դաշնակիցը, որովհետեւ այդ պայմանով է որ Աթաթիւրք յաջողած էր պահել թուրք պետութիւնը եւ զայն ազատել քայքայումէ ու կործանումէ։ Ապա թէ ոչ՝ այսօր, Թուրքիան կրնար բաղկացած ըլլալ փոքր հողամասէ մը միայն, հաւանաբար Անգարայի շրջակայքը խարսխուած։ Պոլիսը, հաւանօրէն, ըլլար միջազգային քաղաք, ներկայ Թուրքիոյ արեւմտեան մասը տրուած ըլլար Յունաստանին, արեւելեան շրջանը՝ Հայաստանին, իսկ հարաւային մասը` քիւրտերուն։

Սակայն թուրքին ճկուն քաղաքականութեան հետեւանքով, պատահեցաւ հակառակը։ Ան ոչ միայն պահեց Օսմանեան Թուրքիոյ ամբողջականութիւնը, այլեւ ստացաւ աւելին, ձեբազատելով Յունական, Հայկական եւ Քրտական հողային պահանջքներէն, գոնէ առժամաբար…

1923-էն սկսեալ Թուրքիա նկատուած էր եւ կը գործէր որպէս արեւմուտքի դաշնակից պետութիւն, մինչեւ համաշխարհային երկրորդ պատերազմը։ Ի՞նչն էր սակայն պատճառը որ մղեց Թուրքիան դաշնակցելու Գերմանիոյ հետ, արեւմուտքին դէմ, ինչպէս պատահած էր համաշխարհային առաջին պատերազմին,  բոլորովին հակառակ դիրք որդեգրելով արեւմուտքին նկատմամբ։ Արդեօ՞ք Գերմանական տնտեսական բարեկարգման նորանոր խոստումներն էին դրդապատճառները թէ… յուսախաբութիւնը՝ արեւմուտքէն։

Եւ սակայն պատմութիւնը կրկնուեցաւ նորէն, 1945-ին Գերմանիոյ, Ճափոնի եւ Թուրքիոյ պարտութիւններէն ետք։ Թուրքիա վերադարձաւ արեւմուտքին ագարակը, կամայ թէ ակամայ դարձեալ դառնալու համար արեւմուտքի դաշնակից պետութիւն, եւ նորէն փրկուելով ստոյգ կործանումէ, շնորհիւ իր ճկուն եւ խոհեմ քաղաքականութեան, օգտագործելով յարմար առիթը եւ ստեղծուած քաղաքական կացութիւնն ու աշխարհագրական դիրքը, եւ այդ բոլորը շահագործելու համար ի նպաստ Թուրքիոյ, մինչեւ իսկ օրս։

1945-էն ետք նոյնիսկ, հակառակ իր պարտութեան, Թուրքիա չընկրկրկեցաւ շարունակելու ներքին իր հետեւողական քաղաքականութեան տեղաբնակ փոքրամասնութիւններուն հանդէպ։ Կատարուեցան նոյնանպատակ մաքրագործութիւններ, որոնք սկսած էին 1800-ական թուականներուն, բռնի աքսորի, ջարդի եւ հետապնդումներու քաղաքականութեամբ, յստակ նպատակ ունենալով տեղւոյն քրիստոնեայ եւ այլ փոքրամասնութիւններու  բնաջնջումը։

Եւ Արեւմուտքը, ի տես այդ բոլորին, շարունակեց օգնել Թուրքիոյ եւ իր իշխանութիւններուն, տնտեսական եւ բարեկարգման բոլոր կարելի միջոցներով, երկիրը արդիականացնելու, աշխարհականացնելու եւ արեւմտեան մակարդակի պետութեան մը վերածելու ջանքերով, եւ վերջապէս՝ տքնաջան աշխատանք տանելով, որպէսզի Թուրքիան Եւրոպական Միութեան անդամ երկիր դառնայ։

Եւրոպական Միութիւնը սակայն անընդունելի կը գտնէ եւ, ամենայն հաւանականութեամբ, պիտի մերժէ Թուրքիոյ անդամակցութիւնը, անոր աշխարհագրական դիրքին, ժողովրդավարական պետութեան մը ի սպառ բացակայութեան, հետեւողական կերպով կրօնական մոլեռանդութեան առկայութեան, քաղաքական ներքին եւ արտաքին յարատեւ փոփոխութիւններուն, երկրին մէջ ներքին բարեկարգումներու զլացման, խօսքի ազատութեան կաշկանդումին, փոքրամասնութիւններու հալածանքներուն, ցեղային խտրականութեան, սահմանային եւ կարեւոր այլ թերիներու պատճառով։

Ահաւասիկ ասոնք են Եւրոմիութեան անդամակցութեան լրացուցիչ պահանջքները, որոնք կոտնակոխուին եւ կարհամարհուին Թուրքիոյ իշխանութիւններուն կողմէ, եւ որոնց համար Թուրքիա կը գանգատի այսօր, թէ Եւրոմիութիւնը կը մերժէ ընթացք տալ իր անդամակցութեան յայտին։ «Արեւմուտքը կը մերժէ Թուրքիոյ պահանջքները», ուստի՝ ան ստիպուած կըլլայ ուղղուելու դէպի իր անցեալի փառքն ու խելացնոր տեսիլքի իրականացումը` փանթուրանիզմը, որ այժմ գրաւիչ ըլլալ կը թուի, վարդագոյն երազի մը նման…

Թրքական թաքուն դժգոհութիւնն ու անհատնում պահանջքները անդադար տիրապետող եղած են, արեւմուտքի հետ դաշնակից եղած բոլոր շրջաններուն, ատեն պոռթկալու աստիճան։ Եւ սակայն արեւմուտքը միշտ ջանացած է գոհացում տալ թուրք իշխանութեանց պահանջքներուն, նոյնիսկ կոյր դիտարկուի դերի մէջ մնալով թրքական ոտնձգութեանց հանդէպ, ինչպէս՝ Կիպրոսի, Քիւրտերու եւ այլ փոքրամասնութիւններու ասպատակութեանց ժամանակ։ Իրաքի պատերազմի նախօրեակին սկսած էր արդէն ակնյայտ դառնալ արեւմուտքի դէմ ընդվզումի եւ հակասական արարքներու շարանը Թուրքիոյ իշխանութիւններուն կողմանէ, արգիլելով Թուրքիոյ մէջ գտնուող ամերիկեան խարիսխներէն ամերիկեան օդանաւներու թռիչքները, Իրաքի մէջ գտնուող ամերիկեան բանակի միաւորներուն պարենաւորումը ապահովելու համար։

Իսկ անցնող երկու տարիներու ընթացքին, թրքական քաղաքականութիւնը զգալի աշխուժութիւն կը ցուցաբերէր պետական մակարդակի անդադար այցելութիւններով դէպի Ամերիկա, Եւրոպա, միջին արեւելքի երկիրներ, Սուրիա, Իրան, Ատրպէյճան, Հայաստան, Սէուտական Արաբիա, Իսլամական երկիրներ, Ռուսիա եւ Իսրայէլ։ Այս վերջինիս հետ յարաբերութիւնները, այժմ, խորտակման ճանապարհին են, այնքա՜ն մտերմիկ միատեղ գործակցութեան շրջանէ մը ետք, Իսրայէլեան բանակին կողմէ Պաղեստինեան Կազայի շրջանի արգելափակման հարցին եւ անոր հետեւանքներուն պատճառով։

Արեւմուտքէն եւ Եւրոպական Միութիւնէն ճարահատ, ուրեմն՝ Թուրքիան ստիպուած պիտի ըլլայ վերակազմել «Օսմանեան կայսրութեան փառաշուք» անցեալը, յենելով միայն իր ժողովուրդի ազգային ոյժերուն վրայ, եւ մանաւանդ՝ նեցուկ ունենալով Իսլամական աշխարհը, առաջնորդողի իր այս յաւակնոտ ձգտումին։ Եւ ակնյայտ բազմաթիւ աշխատանքներ կը տարուին այդ ուղղութեամբ։

Ափսոս սակայն որ մեր սիրելի արաբ եղբայրները շատ շուտ մոռցան Օսմանեան պետութեան տիրապետութեան շրջանին տեղի ունեցած հալածանքները, ջարդերն ու արհաւիրքները, նոյն ինքն արաբ ժողովուրդին անհուն մղձաւանջ պատճառած։

Լոս Անճելըս, Յակոբ ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ,

հատուկ ArmAr.amի համար


Դիտել NKR, Թուրքիա, Լրահոս, Վերլուծական, Քաղաքականություն բաժնի բոլոր նյութերը



Digg this!Add to del.icio.us!Stumble this!Add to Techorati!Share on Facebook!Seed Newsvine!Reddit!Add to Yahoo!

Մեկնաբանությունները թույլատրված չեն