Հայկական արմատներով «թուրք» հանրահայտ դեմքեր
Ըստ քրտական եւ թրքական լուսաւորեալ աղբիւրներու՝
Ինչպէս Օսմանեան կայսրութան, այնպէս ալ աթաթուրքեան արուեստական հանրապետութեան մէջ, ծագումով հայ թէ յոյն, ասորի եւ քիւրտ «փոքրամասնութիւններ»-ու աչքառու, ուշիմ զաւակները «թրքացուած» են եւ, յաճախ ալ, անոնց վստահուած են պետական բարձր պաշտօններ: Արդի թրքական պետութեան հիմնադիր, «Սապաթայճը» («Շաբաթապահ-Մովսիսական») Քեմալ Աթաթուրք, որուն հայրը «անծանօթ» կը մնայ մինչեւ օրս, կանխամտածուած ծրագիրով, բռնի կրօնափոխ ընել ու թրքացնել տուաւ շուրջ 1 միլիոնէ աւելի համշէնահայեր, Տարօնի Մուշի ու Սասունի «քրտացած» հայու զաւակներ, ինչպէս նաեւ բիւրաւոր Պոնտոսի յոյներ եւ ասորիներ: Աւելին՝ ան նաեւ իր դուստրերը որդեգրեց՝ ցեղասպանութեան ենթարկուած, դարերով Օսմանեան պետութեան, նաեւ Աթաթուրքին ծառայած … հայ ժողովուրդի վերապրած խլեակներէն:
Թուրքիոյ խորհրդարանի նախկին երեսփոխան, 1989-ին Մալաթիոյ SHP ազգայնական-թրքական կուսակցութեան որպէս ներկայացուցիչ կուսակալ ընտրուած Իպրահիմ Աքսոյ, իբրեւ քիւրտ երբ Եւրոպայի խորհրդարանին մէջ յայտարարեց թէ. «Թուրքիոյ մէջ քիւրտ անունով ուրիշ ժողովուրդ մը կայ», դուրս դրուեցաւ SHP ընդհանուր քարտուղար Տենիզ Պայքալի կողմէ…: Իբր հետեւանք, Աքսոյ ստանձնեց HEP-ի եւ DEP-ի առաջին քարտուղարի պաշտօնը եւ պետական չհրատարակուած աղբիւրներէ ի յայտ բերաւ այնպիսի «գաղտնիք»-ներ՝ որոնք կ’եզրակացնեն թէ այսօրուան Թուրքիոյ վերնախաւին մեծ մասը բաղկացած է ծագումով, հայակական արմատներով գործիչներէ:
Այս ուղղութեամբ մեր կատարած ուսումնասիրութիւններէն ետք, ահաւասիկ կը ներկայացնենք առաջին հայեացքով անհաւատալի թուացող, յաճախ մոլեռանդ «թուրք» ազգայնական դարձած հայազգի հանրայայտ կարգ մը դէմքեր, սկսելով Աթաթուրքի սիրեցեալ դուստր՝ Սապիհա Կէօքճէն-էն (Խաթուն Սեպիլճեան), որ աշխարհի առաջին կին ռազմական օդաչուներէն մէկը դարձաւ հասնելով օդային ուժերու Զօրավարի աստիճանին:
Սապիհա Կէօքճէն (1913-2001)
Ընտանիքին անդամներուն մեծ մասը ենթարկուած է ցեղասպանութեան: Եղած են մի քանի վերապրողներ միայն, ինչպէս իր զարմուհին՝ այնթէպցի Հռիփսիմէ Սեպիլճեանը: Սապիհան հայ որբուհի մըն էր, որուն ամբողջ էութեամբ սիրահարուած էր Աթաթիւրք եւ զայն որբանոցէ մը վերցնելով, 12 տարեկանին, այս չափազանց ուշիմ հայուհիին շնորհեց իշխանուհի Սապիհայի անունը: Ապա առաջին մահմետական անունին յաջորդեց միւսը՝ Կէօքճէն-ը: Խորհրդային Միութիւն ուղարկուած եւ աշխարհի լաւագոյն օդաչուներէն՝ Չքալովի կողմէ մարզուած Սապիհա Կէօքճէն «թոն»երով ռումբ թափեց՝ իր իսկ ազգակիցներուն գիւղերուն եւ ապաստարաններուն վրայ 1938 թուականի Դերսիմի Քիւրտ-Զազաներու մեծ ապստամբութեան ժամանակ, որուն զոհ գացին աւելի քան 1 միլիոն անձինք նաեւ Զազա ցեղախումբերու կողմէ փրկուած բազմաթիւ հայեր…: Իր կեանքի աւարտին մօտ հարցազրոյց մը շնորհելով մեծ նահատակ Հրանտ Տինքին, ան բացէ ի բաց յայտնեց իր հայու կրօնափոխ դուստր ըլլալը՝ անշուշտ զայրացնելով Թուրքիոյ խաւարամիտ ազգայնականները:
Ի միջի այլոց, Թուրքիոյ մամուլին մէջ հրատարակուած փաստաթուղթերու հիման վրայ, 1992-93 տարիներուն Ալփասլան Թուրքէշ, Ֆրանսայի Նիս քաղաքը բնակող հայ գործարար եւ «Յատուկ առաքելութիւններու Ասպետ» Սամսոն Էօզարարատին նշած է Չանակքալէի մէջ Աթաթիւրքի կողքին կռուած հայ «Քահրաման»-ներու մասին: Նոյնիսկ Աթաթիւրքի ստորագրութիւնը պատրաստուած է հայ գեղագրողի մը կողմէ: Թուրքէշ նաեւ յիշած է Յակոբ Մարթայեան – «Տիլաչար»-ին անունը, որպէս Թուրքիոյ նոր այբուբենի եւ լեզուի, քերականութեան կարգաւորողը: Զարմանալի չէ՞ հայ ժողովուրդին մեծագոյն դահիճներէն մէկուն տածած տարօրինակ այս «սէրը»… իր զոհերուն հանդէպ:
Հաֆիզէ Էօզալ
1980-ի Թուրքիոյ ռազմական յեղաշրջման բռնակալ՝ Քենան Էվրէնի «հոգեզաւակ», ապա Թուրքիոյ վարչապետ Թուրկութ Էօզալ թէ հօր թէ ալ մօր կողմէ ալ հայ էր…: Իր մայրը՝ Հաֆիզէն, Մալաթիոյ Թիիտէ գիւղի հայ երբեմնի քահանայ, ապա կրօնափոխ ուսուցիչ՝ հռչակաւոր Ջինջի Հոճային դուստրն էր: Ապա, ամուսնանալով հայկական Չմշկածաք աւանէն գաղթական եւ նոյնպէս կրօնափոխ դարձած Էօզալ ընտանիքի որդիին հետ կը դառնայ Թուրքիոյ ապագայ վարչապետին մայրը: Ի դէպ, Թուրկութ Էօզալ Հայաստանի առաջին նախագահ Լեւոն Տէր-Պէտրոսեանի եւ այլ պետական դեմքերու հետ հանդիբման մը ժամանակ կը յայտնէ իր մօր հայկական ծագման եւ հայկական քոնեաքի հանդէպ անոր ունեցած սիրոյ մասին… որուն պատճառով ալ Հայաստանի պատուիրակութեան կարգ մը անդամներ կ’այցելեն Հաֆիզէ Էօզալին, անոր նուիրելով քանի մը շիշ ամէնէն ընտիր հայկական քոնեաք:
Մեսութ Եըլմազ
Թուրքիոյ նախկին փոխ-վարչապետը եւ պետութեան լաւագոյն քաղաքական այրերէն մէկը՝ Մեսութ Եըլմազ Համշէնի Ռիզէ աւանի կրօնափոխ հայերէն է:
Իր հարազատներէն՝ Ալիս-Ալիյէ Ալթ ու Դենիզ Ալթ, այսօր Գերմանիոյ Համշէնահայերու շարժման դրօշակակիրներէն են:
Մուրատ Քարա-եալչըն
Թուրքիոյ քաղաքական աշխարհի ամէնէն աշխոյժ անդամներէն եւ SHP կուսակցութեան ղեկավարներէն մին հանդիսացող Մուրատ Քարա-եալչըն նոնյպէս Համշէնի Ռիզէ աւանէն է: Ելմազ ընտանիքին հետ բախումներու մէջ գտնուելով, Սամսոն տեղափոխուած Քարա-եալչըն ընտանիքին զաւակը այսօր Անքարայի քաղաքական շրջանակներու մէջ գործող նոյնպէս ծագումով հայ Մեհմէտ Քէչիլերի, Հասան Ջելալ Գիւզէլի եւ այլոց հետ կը պայքարի դառնալու համար երկրին ամէնէն ազդեցիկ ղեկավարներէն մէկը:
Տէվլէթ Պահչէլի
Թուրքիոյ ազգայնական MHP կուսակցութեան ղեկավար, Աթաթիւրքի անուան համալսարանի շրջանաւարտ ու թունդ ազգայնամոլ Տէվլէթ Պահչէլիի ընտանիքը՝ Սեւերէկի հայերէն են, որոնք բռնագաղթուելով իրենց բնօրրանէն, եկած ու տեղաւորուած են, որպէս կրօնափոխներ՝ Պահչէի շրջանին մէջ, ուր ծնած է Տէվլէթ, թրքական ազգայնական շարժման ամէնէն մոլեռանդ տարրերէն մեկը:
Ռեճայի Քութան
Թուրքիոյ քաղաքական հանրայայտ դէմքերէն՝ Նէճմետտին Էրպաքանի «աջ բազուկը» համարուող, ծագումով Ատըեամանի Քութան հայական գիւղի կրօնափոխ հայ՝ Իսմայիլ Էֆէնտիին զաւակը Ռեճայի Քութան SP կուսակցութեան ընդհանուր քարտուղար եղած է:
Ցանկը տակաւին կարելի է երկարել՝ ներառնելով Թուրքիոյ ներկայ նախագահ Ապտուլլա Կիւլը եւ «հայատեաց» վարչապէտ Թայիպ Ռէճէպ Էրտողանը՝ որոնց երակներուն մէջ ալ հայու արիւն կը հոսի, բայց՝ դաւանափոխի բարդ եւ սարսափի աշխարհին վաճառուած հոգիներ են անոնք, ցեղասպանութեան իսկական զոհերէն:
Համo ՄՕՍԿՈՖԵԱՆ












