Գլխավոր » Լրահոս, Հոգևոր

Հայոց եկեղեցու հյուսիսային Ամերիկայի արևելյան թեմից տեղեկացնում են

Հուլիս 15, 2010թ. 16:38


Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան քահանայ ձեռնադրեց Բրշ. Լեւոն-Հոճա Սրկ. Էյնաթեանը Ուաշինկթընի Տի. Սի.ի Ս. Մարիամ Աստուածածին Եկեղեցւոյ մէջ։

Շաբաթ Յուլիս 10-ի երեկոյեան տեղի ունեցաւ Կոչման արարողութիւնը: Իսկ ձեռնադրութիւնը՝ Կիրակի Յուլիս 11-ին՝ Ս. Պատարագի ընթացքին՝ խարտաւիլակութեամբ Ս. Մարիամ Աստուածածին Եկեղեցւոյ նախկին հոգեւոր հովիւ Արժշ. Տ. Վրթանէս Ա. Քհնյ. Գալայճեանի եւ այժմու հոգեւոր հովիւ Արժշ. Տ. Յովսէփ Քհնյ. Կարապետեանի: Երկու օրերն ալ Ս. Մարիամ Աստուածածին Եկեղեցի փութացած էին հոծ թիւով հաւատացեալներ:

Թեմակալ Առաջնորդ Գերշ. Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան նորընծայ քահանային ճակատն ու ձեռնքերը Ս. Միւռոնով օծելէ ետք զայն վերանուանեց Տէր. Յովհան։
Յաւարտ ձեռնադրութեան՝ Սրբազան Հայրը օրուան պատշաճ քարոզը տուաւ« ուր ի մէջ այլոց ըսաւ. ՙԱյսօր Հայց. Եկեղեցւոյ հինգ տաղաւար տօներէն մէկն է. մեր Տիրոջ Այլակերպութեան տօնը« որ կը կոչուի նաեւ Պայծառակերպութիւն եւ Վարդավառ։ Յիսուս իր երեք աշակերտներուն հետ Թափոր լեռը բարձրացաւ եւ աղօթքի պահուն այլակերպուեցաւ. այդ պահուն լուսաւոր ամպի մը մէջէն ձայն մը ըսաւ. “Ա՜յս է իմ սիրելի Որդիս« որուն հաճեցայ. ա՜նոր մտիկ ըրէք“։ Յիսուսի ընկերացող երեք աշակերտները ականատես եղան Անոր այլակերպութեան« որ զիրենք եւս այլակերպեց եւ անոնք դարձան Քրիստոսի առաքելութեան բուռն հետեւորդները։ Այսօր« այս աղօթավայրին մէջ« ձեր բոլորին ներկայութեան« նման խորհրդաւոր այլակերպութիւն մը տեղի ունեցաւ։ Ձեռնադրութեամբ եւ Ս. Հոգիի ներգործութեամբ Էյնաթեան Սարկաւագ նոր անձ մը դարձաւ։ Այսօր« ան դարձաւ այն անձը« որ Տէրը սահմանած էր։ Տէր Յովհան պատասխանելով Աստուծոյ կոչին քահանայ ձեռնադրուեցաւ՝ որպէս զի ընթանալով Տիրոջ նախագծած ճամբայէն ինքզինք նուիրէ իր եկեղեցւոյն եւ իր ժողովուրդին։՚
Ս. Պատարագի աւարտին՝ նորընծայ Տէր Յովհան եկեղեցւոյ դասին մէջ ընդունեցաւ շնորհաւորութիւնները ներկայ հաւատացեալներուն« որոնք համբուրեցին Ս. Միւռոնով օծուած ձեռքը։

Ապա« Եկեղեցւոյ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ընդունելութիւն եւ ճաշկերոյթ։

Տ. ՅՈՎՀԱՆ ՔՀՆՅ. ԷՅՆԱԹԵԱՆ

Ծնած է Երեւան 1967 թուականին« երաժշտութեան ճիւղին մէջ պսակաւորի եւ արուեստի մագիստրոսի աստիճաններ ստացած է Երեւանի Կոմիտասի անուան երաժշտանոցէն եւ Մոսկուայի Պետական Երաժշտանոցէն։ Մեծցած ըլլալով սովետական Հայաստանի մէջ՝ առիթը չէ ունեցած եկեղեցի յաճախելու եւ քրիստոնէական հաւատքի մասին ծանօթութիւննմեր ունենալու։ Իր մեծ ծնողներն են որ առաջին անգամ իրեն հատուածներ կարդացած են Ս. Գիրքէն։ 1999 թուականին Ուաշինկըն Տի. Սի. հաստատուելէ ետք է որ գործօն մասնակցութիւն ունեցած է Ս. Մարիամ Աստուածածին Եկեղեցւոյ ծխական կեանքին մէջ։ Եւ այս շրջանին է որ առաջին անգամ ըլլալով կոչումը զգացած է եկեղեցւոյ ծառայելու։ Ան նշանակուած է հովիւի օգնական Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ« ուր եղած է դպիր« Կիրակնօրեայ Վարժարանի ուսուցիչ« երգեհոնահար եւ կազմած է ՙՆարեկ՚ զանգակային նուագախումբը։ Ունի հեղինակութիւններ եւ պատրաստած է խտասալիկներ։Աստուածաբանութեան դասընթացքներու հետեւած է Ուաշինկթընի Կաթողիկէ Համալսարանին մէջ։ Անցեալ տարի շրջանաւարտ եղած է Ս. Ներսէս Ընծայարանէն։ Նորընծայ Տէր Հովհան իր քառասունքի շրջանը պիտի անցընէ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի մէջ։ Տէր Յովհան եւ իր տիկինը՝ Նարինէ ունին երկու զաւակ՝ Տաթեւիկ եւ Ալեքսանտըր։

ArmAr.am


Դիտել Լրահոս, Հոգևոր բաժնի բոլոր նյութերը



Digg this!Add to del.icio.us!Stumble this!Add to Techorati!Share on Facebook!Seed Newsvine!Reddit!Add to Yahoo!

Մեկնաբանությունները թույլատրված չեն