Շուշի պարախմբի հիասքանչ ելույթը Հորդանանում
Անբացատրելի տօնական մթնոլորտ մը կը տիրէր Յորդանանի արուեստի սիրահարներուն եւ ի մասնաւորի Ամմանահայ Գաղութի հոգիներուն մէջ, Շուշի Պարախումբը երկիր Յորդանան գտնուելու շրջանին։ Սոյն տօնական օրերը կը սահմանափակուէին 2010 թուականի Յուլիսի 2-էն մինչեւ Յուլիսի 6–ը։
Կարծէք հոգիներու միաձուլում կը կատարուէր թիւով 64 Ամերիկաբնակ Հայ արուեստի կատարողներու եւ Յորդանանահայ Գաղութի միջեւ։
Իսկապէս, որ Վարդանանց Ասպետներու եւ Ամմանի Ազգային Մարզական Միութեան վարչաքան կազմերու միջեւ երկար ամիսներու կազմակերպչական աշխատանքները բոլորուեցան անչափ գնահատելի արդիւնքներով։
Շաբաթ, 3 Յուլիս 2010-ի երեկոյեան Ամմանի Էլ Հուսէյն Մշակութային Կեդրոնի մէջ տեղի ունեցաւ Շուշի Պարախումբի հանդիսութիւնը։ Հանդիսութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին թիւով 46 կրտսեր, պատանի եւ երիտասարդ պարման-պարմանուհիներ։ Երկու ժամ տեւողութիւն ունեցող յայտագիրը գործադրուեցաւ Յորդանանի Մշակոյթի Նախարարի ներկայացուցիչ Տոքթ. Ճիրյէս Էլ Սէմէուի-ի նախագահութեամբ, եւ ներկայութեամբ UNESCO-ի ներկայացուցիչներու, Պետական բարձր պաշտօնեաներու, Ամմանի Առաջնորդարանի Հոգեւոր Հովիւ Տէր Հայկազուն Վրդ. Եղիայեանի, Ազգային Տեղ. Խորհրդի լման Կազմին, Միութեանց վարչական ներկայացուցիչներու եւ Գաղութի արուեստի սիրահարներու։ Աչքառու էր նաեւ ներկայութիւնը Երուսաղէմահայ Գաղութէն շօշափելի թիւով հանդիսատեսներու, որոնք եկած էին վայելելու այս բացառիկ միջոցառումը։
Հանդիսութեան բացման խօսքերը արաբերէն եւ հայերէն լեզուներով կատարեցին ԱՄՄ-ի Վարչութեան անդամ Պր. Հրայր Սիմոնեանը եւ Միութեան Մշակութ. Յանձնախումբի Ատենադպիր ըներուհի Մարալ Ներսէսեանը։ Հանդիսութեան ընթացքին, խմբային եւ անհատական պարերը կրկնակիօրէն կը փառաւորուէին Երգի Վարպետներ Յովիկ Գրիգորեանի, Սալբի Մայիլեանի եւ Արմէն Յովհաննէսեանի ժողովրդական, աշուղական եւ հայրենասիրական երգերով։ Սրահը անընդհատ կը թնդար հանդիսատեսներու ծափերով եւ ցնծութեան բարձր արտայայտութիւններով։ Իսկ երաժշտութեան եւ ձայնի մասնագէտ Էնժինյոր Անդրանիկ Մուրատեանի անփոխարինելի դերը բեմին վրայ, ազգային կեանք եւ երանգ տուաւ նոյնիսկ ամենադոյզն երաժշտութեան, երգին եւ պարին։
Հանդէսի աւարտին, Միութեան կողմէ շնորհակալական խօսքերով հանդէս եկան ընկ. Ներսէս Ներսէսեանը եւ ընկերուհի Մատլէն Վարդանեանը:
Չափազանց զգայացունց մթնոլորտի տակ, ԱՄՄ-ի ժրաջան Ատենապետ ընկ. Անդրանիկ Լեփեճեանը Միութեան գեղեցիկ Կերպը յանձնեց Շուշի Պարախումբի Ղեկավար, բեմարուսետի տիտան, Աստուածատուր շնորհքով օժտուած, բոլորին շատ սիրելի եւ համակրելի ընկերուհի Սեդա Փասքալեան-Գանթարճեանին։
Մեր շնորհակալութեան խօսքը կ’ուղղենք բոլոր անոնց, որոնք իրենց շօշափելի մասնակցութիւնը բերին այս աննախընթաց միջոցառումը Ամմանահայ Գաղութիւն մատուցելու առիթով։
Ներսէս Ներսէսեան, Ամման,
հատուկ ArmAr.am-ի համար












