Կարծիք. Սփյուռքը անտարբեր չէ
Անտարբեր եւ «անգոյն» սփիւռքին քով կայ զանգուած մը, որ մտահոգ է հայրենիքի ներկայով ու ապագայով: Տարբեր տարիքի հայեր աշխարհի չորս ծագերուն ոչ միայն հետաքրքրուած են պապենական երկրով, ժողովուրդին պայմաններով, անոր կենսամակարդակի բարելաւումով, այլեւ իրենց կարծիքն ու վերաբերմունքը ունին ժողովուրդին ու կառավարութեան յարաբերութեան, այլեւ սփիւռքի ու հայրենիքի փոխյարաբերութեան մասին:
Առողջ երեւոյթ մըն է ասիկա, որմէ պէտք է օգտուիլ գիտնան թէ՛ սփիւռքի եւ թէ մանաւանդ հայրենի պետութեան իշխանաւորները:
Վերջերս ուշադրութեամբ ընթերցեցինք Քանատայի մէջ հրատարակուող keghart.com համացանցային բարձրամակարդակ պարբերականի հերթական համարը, որուն խմբագրականին մէջ կ’արծարծուէր սոյն հարցը՝ որքա՞ն անկեղծ ենք սփիւռքահայերս հայրենի պետութեան հանդէպ մեր քննադատութեանց, գովերգութեանց եւ «դասեր տալու» (երբեմն սոփեստութեան հասնող) մեր արտայայտութեանց մէջ: Խմբագրականին որպէս արձագանգ բազմաթիւ ընթերցողներ ղրկած էին իրենց տպաւորութիւններն ու կարծիքները:
Ոմանք կը պնդէին, թէ ներկայ եւ անցեալ իշխանութիւնները անատակ են երկիրը կառավարելու, որովհետեւ զանգուածային ընդհանուր վիճակը յուսահատական է, ինքզինք կը զգայ լքուած՝ ճակատագրի խաղերուն, վստահութիւն չունի «ընտրուած» իշխանաւորներու հանդէպ։ Ուրիշներ կ’ըսէին, թէ կղզիացուած ու գրեթէ մեկուսացուած, այլեւ մանաւանդ դուրսէն եկած օգնութիւններու վրայ յոյսը դրած ու բնական հարստութիւններէ զրկուած մեր երկրի կառավարութիւնը պէտք չէ «ամչցնենք» մեզմէ անկախ ու գերիվեր ուժերու պարտադրած պայմաններուն տակէն հեշտութեամբ դուրս չկարենալ գալուն համար։
Ընթերցելով ու վերլուծելով կայքէջ այցելուներու այլազան եւ սրտցաւ արձագանգները, կրկին անգամ կու գանք մտորելու Հայաստան-Սփիւռք կարճաժամկէտ եւ երկարաժամկէտ համակարգուած քաղաքականութեան մը որդեգրման շուրջ։ Պատահականութեան ձգուած բան մը կայ մեր գործակցութեանց մէջ, ուր կը պակսի արհեստավարժութիւնը, մինչդեռ թէ՛ հայրենիքի եւ թէ՛ սփիւռքի մէջ չեն պակսիր անկախ մտածող արհեստավարժներ՝ ըլլայ քաղաքականութեան թէ տնտեսագիտութեան, միջազգային իրաւունքի թէ դիւանագիտութեան ասպարէզներու մէջ։
Մեր մտորումներուն երկրորդ կէտը կը վերաբերի միակողմանի ուղղութեամբ իրարու բաներ սորվեցնելուն։ Հայրենի պատկան կազմակերպութիւնները յանկարծ «համահայկական» գիտաժողովի մը փաստի առաջ կը դնեն մեզ ու մեզի կը թելադրեն թէ ի՜նչ պէտք է ընենք մենք։ Կը հասկնանք ի հարկէ, Հայաստանի մէջ է որ իրենց պաշտօնակատարութիւնը կ’իրականացնեն հայրենի պետութեան գործադիր, օրէնսդիր եւ դատական ճիւղերը, բայց երբ հարցերը կը վերաբերին ընդհանուր հայութիւնը յուզող էական խնդիրներուն եւ կամ սփիւռքին, այն ատեն տրամաբանութիւնը ու գործնականութիւնը կը թելադրեն նախօրօք համատեղ խորհրդակցութիւններու ճամբով հասնիլ գիտաժողովի կամ համահայկական որեւէ հաւաքի մասին վերջնական ծրագիրներու խմբագրման։ Այս իմաստով բաւական լաւ ու արդիւնաւէտ ճամբայ կտրած է Հայաստան Հիմնադրամը, որուն փորձառութիւնը պէտք է օգտագործել առաւելագոյն չափով։
Սփիւռքի մէջ քիչ չեն սրտցաւ, անկեղծ ու բազմաթիւ զոհողութուններու պատրաստ հայորդիներ, ուրեմն հարկաւոր է ի շահ հայութեան օգտագործել այս տրամադրութիւնը։
Մինաս Գոճայան, Լոս Անճելըս
ArmAr.am












