Պահ մը` հայրենիքի մէջ
Փրոֆ. Օշին Քէշիշեան նոր վերադարձած էր Հայաստանէն, երբ ընկ. Տոքթ. Ռաֆֆի Պալեան, Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութեան, Հայ Իրաւանց Խորհուրդի եւ ՙՆոր Օր՚ շաբաթաթերթի անունով առաջարկեց որ ան վերջին իր այցելութեան տպաւորութիւնները բաժնէ կուսակցութեանս անդամակցութեան եւ, առ հասարակ, հայ հասարակութեան հետ։
Փրոֆ. Քէշիշեան չկրցաւ մերժել իր ՙերկրորդ տան՚ խնդրանքը։
Հինգշաբթի Յուլիս 22, 2010, երեկոյեան ժամը 8.00-ին, ԹՄՄ Պէշկէօթիւրեան կեդրոնի սրահին մէջ, ան ներկայացուց հայրենիք կատարած իր վերջին այցելութեան տպաւորութիւններն ու յուշերը, հետաքրքիր հայ հասարակութեան մը, որ ներկայ կը գտնուէր հաւաստի աղբիւրէ տեղեկանալու համար Հայաստանի նորագոյն պատահարներուն ու քաղաքական, ժողովրդային զարգացումներուն։
«Օր ըստ օրէ նորութիւններ եւ փոփոխութիւններ կը տեսնենք հայրենիքի պողոտաներուն վրայ։ Կը տեսնենք շինարարութիւն, երթեւեկի կանոնաւորութիւն, նոր հաստատութիւններու զարգացում, եւ մանաւանդ նոր սերունդի մը արտացոլացումը հանրային մշակութային, քաղաքական եւ կեանքի այլ ասպարէզներու մէջ»,- ըսաւ յարգելի դասախօսը, իբրեւ ներածութիւն իր նիւթին:
Փրոֆ. Քէշիշեան, արդարեւ, իր ինքնատիպ, հաղորդական ոճով եւ անմիջական ու վարակիչ ջերմութեամբ, պահ մը մեզ մտովին փոխադրեց Երեւան, առնչակից դարձնելու համար պողոտաներու վրայի երթեւեկին եւ մինչեւ անգամ պանդոկներու խճողուած, այլ հիւրընկալ սրահներուն։ Տարաւ նախագահական պալատ, հանդիպելու համար նախագահ Սերժ Սարգիսեանի հետ, յետոյ Էջմիածին, Վեհափառ Գարեգին Բ.-ի մօտ, ապա Ծաղկաձոր, Հայաստան-սփիւռքահայ Գրողներու 5-րդ Համահայկական համագումարին, Հայաստանի մշակոյթի եւ կրթութեան եւ սփիւռքի նախարարութիւններուն կազմակերպութեամբ։
Գրողներու Համագումարին տպաւորութիւններն ու արդիւնքները հարց-պատասխանի առիթ ստեղծեցին, բանախօսութեան աւարտին, երբ ներկաներէն շատեր, մասնակից դարձան իրենց տեսակէտներով, քննադատական ու գնահատական խօսքերով։
Բանախօսական երեկոն աւարտեցաւ ուշ գիշերին, «Նոր Օր»-ի խմբագիր՝ ընկ. Դոկտ. Մինաս Գոճայեանի եւ ընկ. Տոքթ. Ռաֆֆի Պալեանի շնորհակալական խօսքերով, ուղղուած փրոֆ. Քէշիշեանին եւ ներկաներուն, որուն յաջորդեց թեթեւ հիւրասիրութիւն։
Յակոբ Մարտիրոսեան, Լոս Անճելըս
ArmAr.am












