Գլխավոր » TOP, Թուրքիա, Լրահոս, Հայ-թուրքական հարաբերություններ

Հայանուն մարդը թրքական ամէնէն ծայրայեղ` «Գորշ Գայլեր» կազմակերպութեան մե՞ջ

Սեպտեմբեր 7, 2010թ. 09:34

turkInternet-ի մէջ, պատահմամբ տեսայ եւ լսեցի թրքահպատակ հայանուն լրագրող-«պատմաբան» Լեւոն Փանոս Տապպաղեան անունով անձի մը ձաբռտուքները Հայոց Ցեղասպանութեան մասին։

Հայանուն այս մարդը 77 տարեկան է։ Ան մօտ յիսուն տարիէ ի վեր մաս կը կազմէ թրքական ծայրայեղական զանազան կազմակերպութիւններու եւ անոնց ամէնէն ծայրայեղ «Գորշ Գայլեր» կազմակերպութեան։ Լեւոն Փանոս Տապպաղեանի տարիներու երազն էր եւ կը մնայ թրքական շրջանակներու մէջ թափանցելով կարենալ Ազգային Ժողովի (մաճլիսի) անդամ ընտրուիլ, կամ՝ թրքական արտաքին նախարարութեան դեսպանատուներու եւ եւրոպական կազմակերպութիւններու մէջ պաշտօն մը ձեռք ձգել։ Թերեւս այս մարդուկը հարիւր տարեկան չհասած՝ իր երազին կը տիրանայ։

Այս նպատակին համար, այս պատմաբան կոչեցեալը ոչ մէկ առիթ կը փախցնէ թրքական շրջանակներու մէջ իր գոհարները թափելով, ապացոյց ընելու թէ հայկական Ցեղասպանութիւն չէ եղած, թէ 1915-ին, ոչ թէ թուրքեր հայերը Ցեղասպանութեան ենթարկած են, այլ հայերը՝ իրենց կողքին ունենալով ռուսական բանակը, կոտորածներու եւ ջարդի ենթարկած են թուրքերը։ Իսկ թուրքը իր ապահովութեան համար պարզապէս երեք միլիոն հայեր տեղահան ըրած է իրենց երեք հազարամեայ երկիրէն, որոնցմէ միայն 5-6 հարիւր հազար մահացած են։

Իսկ այս հայանուն մարդուկին ամէնէն ծիծաղելին է, ըսել թէ հայերը Օսմանեան Կայսրութեան մէջ կը վայելէին ամէն ազատութիւն, կ’ապրէին ուրախ, անկաշկանդ եւ մեծ հարստութիւններու տէր էին։

Իսկ թրքական իշխանաւորներ փոխանակ իրենց տխուր անմարդկային անցեալին հետ հաշուի նստելու եւ ընդունելու հայերու դէմ գործած ցեղասպանութիւնը, անոնք նման տկարամիտ մարդիկ կը գտնեն, անոնց հայանունն ալ օգտագործելով, կ’ուզեն աշխարհին ցոյց տալ, ըսելով՝ «տեսէք, նոյնիսկ ողջմիտ հայեր ալ կան, որոնք չեն հաւատար հայերուն մեղադրանքներուն»։ Թուրքը այս ընելով կը կարծէ, թէ կրնայ նման կեղծիքներով «գիտական գիւտեր» հնարել, իսկ Լեւոն Փանոս Տապպաղեան, որքան ալ վայէ եւ թեւերը թափահարէ, իր թուրք աղբարիկները պաշտպանելով, զինք ճանչցողները, բոլորն ալ շատ լաւ գիտեն, թէ այս մարդուկը «եօթը երգ ունի, եւ եօթն ալ պանիրի մասին են», անոր միակ նպատակն է, առիթէն օգտուելով, պատառ մը կորզել թրքական իշխանաւորներէն։

Դժբախտաբար այս է որ կ’ընէ թրքական իշխանութիւնը։ Օսմանեան, ճէնկիզ Խանի, մեմլուքներու այս մարդակերպ գազանները, Միջին Արեւելք գալով, ոչ մէկ մշակոյթ, քաղաքակրթութիւն ու երկիր ձգեցին։  Հիմնայատակ ըրին բազմաթիւ ժողովուրդներու երկիրները, քաղաքները, մշակոյթը եւ փոշիացուցին անոնց հարստութիւնը։ ճիշդ ատոր համար է որ մարդիկ «թուրքը հոսկէ անցաւ» խօսքը կ’ըսեն, երբ տխուր պատկերներ  կը տեսնեն։

Իսկ այսօր, այս պետութիւնը կը նկրտի եւրոպական ընտանիքին մաս կազմել, որպէսզի իր բարբարոսութիւնը Եւրոպա տանի եւ այդ ցամաքամասն ալ քարուքանդ ընէ։

Օսմանեան կայսրութեան օրերէն մինչեւ այս օրերը, հայեր Թուրքիոյ մէջ բնաւ ազատ, ուրախ, անկաշկանդ հաւաքականութիւն մը չեն եղած։ Օսմանեան կայսրութեան օրերուն Թուրքիոյ մէջ ապրած հայերը ոչ թէ երկրորդ, այլ երրորդ կարգի քաղաքացիներ էին։ Հայերը, թէ՛ իրենց ազգութեան ու մանաւանդ իրենց քրիստոնեայ ըլլալուն համար, այլատեսակ եւ տարօրինակ տուրքեր կու տային, այլատեսակ կեղեքումներու եւ տմարդի արարքներու կ’ենթարկուէին եւ ոստիկանութիւնը եւ ապահովութեան ուժերը, միշտ ալ հայերը (կեաւուրներ) յանցաւոր կը նկատէին։

Այս գրութեամբ նպատակ չունինք Հայոց Ցեղասպանութեան բոլոր էջերը ներկայացնել, բայց մեծագոյն ցաւով կ’ուզենք արձանագրել, թէ թուրք իշխանաւորները նոյնիսկ 20-րդ դարու այս օրերուն, տակաւին նոյն «տալղաչի» եւ «տալավերաչի» թուրքն է։ Մէկ տարբերութեամբ, որ հիմա աշխարհը շատ լաւ գիտէ թուրքին ով ըլլալը, աշխարհը բազմիցս խաբուած ըլլալով այս պետութենէն, ոչ մէկ արժէք կու տայ ոչ իր պետական մարդոց եւ ոչ ալ իրենց դրամով հրատարակած Լեւոն Փանոս Տապպաղեանի նման «պատմաբաններու» հրատարակութիւններուն։

Թուրքը կրնայ շրջան մը ողջ մարդկութիւնը խաբել, կրնայ որոշ շրջան մը որոշ մասը մարդկութեան խաբել, բայց պիտի չկարենայ, միշտ եւ ամէն անգամ ողջ մարդկութիւնը խաբել եւ ինչպէս մեր անմահ Թէքէեան ըսած է, պիտի գայ օրը որ «պիտի զարնեն քեզ անոնք որ քեզ յաճախ փրկեցին»։

Իսկ Լեւոն Փանոս Տապպաղեաններ, անամօթաբար թող շարունակեն թրքական պետական դրամը վայելել, գիրքեր տպելով եւ «գիտական» ժողովներ

Խաչիկ ՃԱՆՈՅԵԱՆ

Լոս Անճելըս

ArmAr.am


Դիտել TOP, Թուրքիա, Լրահոս, Հայ-թուրքական հարաբերություններ բաժնի բոլոր նյութերը



Digg this!Add to del.icio.us!Stumble this!Add to Techorati!Share on Facebook!Seed Newsvine!Reddit!Add to Yahoo!

Մեկնաբանությունները թույլատրված չեն