Գլխավոր » Լրահոս, Հասարակություն

Ուշացած յօդուած, բայց դեռ ժամանակին

Սեպտեմբեր 8, 2010թ. 15:30

«Սիրեցէք զմիմեանս». և սէր տիրեց համայն Հայոց աշխարհի վրայ։

Վերջապէս առաջին քրիստոնեայ ժողովուրդն ենք, ուստի պարտաւոր ենք քրիստոնէական պատուիրանները ամենայն բարեխղճութեամբ գործնականօրէն կիրարկելու։ Այդպէս ալ կայ այսօր։ Փա՞ստ… խնդրեմ, եւ այն ալ քանի մը հատ՝ սիրոյ զանազան ձեւերով, կիրարկումներով ու հոլովոյթներով։

– Հայկական որեւէ արբանեակային հեռուստակայան բացէք, եւ օրուան ցանկացած ժամուն դուք այնտեղ կը դիտէք մեքսիքական, պրազիլական, արժանթինեան հեռուստասերիալներ, եւ կամ նոյն բարոյական չափանիշներուն հիման վրայ պատրաստուած անոնց Հայկական կրկնօրինակները, ուր դերասանուհիները յստակօրէն ու ազատ ձեւով կը ցուցադրեն իրենց ՙսիրային…զէնքները՚, եւ գործնականօրէն կþանցնին «Սիրեցէք զմիմեանս»-ին, ու կը սիրէ ով զով որ հասցուց կամ հասցնէ՝ տղայ մը, ապա անոր ընկերը, եղբայրը, հայրը… ինչպիս՜ի մեծ սէր՝ որ ամբողջ գերդաստանի մը կրնայ բաւարարել։ Դեռ այնտեղ տղամարդիկ ալ, էգերուն «խաթիրը չկոտրելով» իրենց սէրն ու…սերմերը կը բաշխեն ու «շաղ կու տան» աջ ու ձախ, յիշատակներ ձգելով՝ տղայ մը այստեղ, զոյգ աղջիկներ այնտեղ, եւ այլն։

– Փոխեցէք կայանը ուրիշ մէկ Հայկականի։ Հայկական հեռուստասերիալներու խումբ մը, որոնցմէ նոյնպէս սէր կը յորդի՝ սակայն այլ չափանիշներով, որոնց էութիւնը հետեւեալ նախադասութեան մէջ կը գտնենք՝ «Ընկեր ջան, ես քեզ այնքան եմ սիրում որ՝ քեզ ազատում եմ այս երկրում տիրող դժոխային ու դաժան տանջանքներից, եւ ուղարկում եմ իմ հաշուին ուղիղ դէպի արքայութիւն…» կրակոց…։ Սէրը որպէս բնութեան մեծագոյն բարիք, ամենաշատը բնութեան մէջ՝ բնութեան գիրկը կը գտնուի, եւ ո՞ր երկիրը բնութեամբ այնքան հարուստ է, եթէ ոչ Հայաստանի մեր Հանրապետութիւնը։ Այստեղ աւելի ճոխ անտառային բնութիւն կարելի է վայելել քան Ափրիկեան ցուցադրական արգելանոց անտառները, որտեղ կեանքի ապահովութեան համար, փակ ճիփ-ով միայն արտօնուած է պտտիլ զբոսաշրջիկներուն, զոհ չդառնալու համար գազաններուն ՙառիւծներ, վագրեր, արջեր, գայլազգիներ, եւ այլն՚։ Ահա թէ ինչու Հայաստանի մէջ ճիփը տարածուած է։ Հայկական հեռուստասերիալներուն նկարագրած Հայաստանը, պարզապէս մեծ արգելանոց մըն է, որտեղ գողերը անօրէններն ու ոճրագործները ազատօրէն կը գործեն, եւ աջ ու ձախ ՙսէր կը բաժնեն՚ այս երկրի դաժանութիւններէն ազատելով բոլոր անոնք որոնց կը հանդիպին…։

– Ուրիշ Հայկական կայան մը, խնդրեմ՝ Հայրենիքէն լուրերու հաղորդում։ Գլխաւոր վերնագիրները կը գրաւեն այն լուրերը, որոնց միջոցով սփիւռքին կը ներկայացուի թէ հայրենի կառավարութիւնը որքա՜ն կը սիրէ իր հպատակներոը, եւ ինչե՜ր կը ծրագրէ անոնց համար։ Որպէս սփիւռքահայեր, մենք տեսականօրէն կը ծանօթանանք այդ սիրոյն, եւ կը հիանանք, այն իրողութեան վրայ թէ Հայաստանաբնակ քաղաքացին այդ սէրը կը վայելէ գործնականօրէն, այլ խօսքով՝ գործնականօրէն կը ՙսիրուի՚։ Լուրերու մէկ այլ խումբ կþարտացացնէ մեր հայրենիքի խորհրդարանի անդամներուն մեծ սէրը հանդէպ մեր ազգային մշակոյթին ու նուիրական սրբութիւններուն՝ լեզուին եւ կրօնքին, չէ՞ք հաւատար, ապա անգամ մը անոնց որդեգրած որոշումները աչքէ անցուցէք ու կը համոզուիք լիովին… անոնք ալ ազգը ՙսիրելով՚ զբաղուած են։ Դեռ անոնցմէ ոմանք իրենց գործընկերները այնքան սիրած ու զանոնք տենդագին համբուրած են որ, խեղճերը չդիմանալով նման ուժգին սիրոյ՝ հանգստացած են ընդմիշտ©©© Եռաբլուր այցելէք անգամ մը, փաստերն այնտեղ են ։

– Բացի այս բոլորէն, առանց հեռատեսիլի անգամ, թիւով 10 միլիոն հայերուն, եւ շատ ու շատ օտարներուն նոյնպէս, յայտնի է թէ Սէր քարոզող կրօնական մեր երկու մեծագոյն գագաթները որքա՜ն միասնական են, ՙկը սիրեն՚ ու կը հանդուրժեն զիրար, հակառակ անոնց դաւանանքային էական տարբերութիւններուն, ծիսակատարութիւններուն, համոզումներուն եւ հաւատամքային այլազանութեանը՝ մէկը Հայ առաքելական, իսկ միւսը Հայ առաքելական, մէկը ազգային, իսկ միւսը ազգային, անոնց սքեմի ձեւն ու վեղարի տեսքն անգամ բոլորովին տարբեր են, բայց եւ այնպէս անոնց միմեանց հանդէպ ունեցած սէրը շատ մեծ է, եթէ չափելու ըլլանք, կը հասնի էջմիածինէն մինջեւ Անթիլիաս©©©։

Ահա եւ Քրիստոնեայ ըլլալու եւս մէկ մեծ օրինակ մը՝ «Եթէ երեսդ ապտակեն, ապա միւս երեսդ դարձուր ապտակողին՚։ 1915-ին Թուրքիան այնպիսի ապտակ մը զարկաւ Հայ ազգի արեւմտեան երեսին, որ մինչեւ այսօր արիւնլուայ ըլլալով հանդերձ, այսօր նոյն այդ ՙառաջին քրիստոնեայ՚ ժողովուրդին պետութիւնը, արեւելեան երեսը դարձնելով կարծես կը յայտարարէ ՙՀրամմէ, սիրելի հարեւան, անգամ մըն ալ այս երեսս ապտակէ, վերջապէս քեզ կը սիրեմ անձիս պէս, եւ կþուզեմ գոհ պահել քեզ…»։

Լա՜ւ, մէկ կողմ ձգենք սա քաղաքականութիւնը, վերջապէս երէկուայ թշնամին այսօրուայ բարեկամը կրնայ ըլլալ։ Անձնական խօսինք քիչ մը։ Այնքան ալ նեղ գլուխ մէկը չեմ՝ քիչ մը կարճ կամ բաց հագուստի համար դիտողութիւն ընելու աստիճան, մանաւանդ որ ՙսիրային… զէնքներ՚ վայելելը շատ աւելի ցանկալի է, քան` Միջին Արեւելքի մէջ տարածուած ՙսեւազգեստ տխրութեան՚ մէջ ապրիլը։ Նաեւ աշխարհէն կտրուած չեմ՝ չհասկնալով որ այսօր զարնել, փշրել, սպաննել, եւ նոյնիսկ ոճրագործի մը հանդէպ համակրանք ու դրական հանրային կարծիք ստեղծելը, արդիական ֆիլմարուեստի կարեւորագոյն ճիւղերէն մէկը դարձած է։ Սակայն ինծի համար մերժելին այն է թէ, Հայկական հեռուստակայաններու միջոցաւ դաստիարակուելով, զաւակներուս համար աստիճանաբար սովորական, մինչեւ իսկ հարազատ երեւոյթներ պիտի դառնան անազնուութիւնը, ընտանեկան սրբապղծութիւնը, քանի մը տարբեր տեղեր քոյր կամ եղբայրներ ունենալը, մարդասպանութիւնը, մարդկային վայրենի ու անճոռնի փոխյարաբերութիւնները, այլասերութիւնը, սխալն ու չարը, դեռ չխօսինք ազգադաւութեան կամ դաւաճանութեան մասին, որոնք այսօրուայ ՙազգային հերոսներէն՚ շատերուն բնութագրականը դարձած են©©© ինչպիս՜ի բարոյական չափանիշներու յառաջդիմութիւն, մշակութային ի՜նչ զարգացում, որքա՜ն հիանալի ապագայ©©©։ Անաչառ ըլլալով կþընդգծեմ թէ այս խօսքերս բոլորովին հասցէագրուած չեն ՙՀայ Ասպետ՚, ՙՄեր լեզուն մեր խօսքը՚, եւ շնորհակալ մէկ երկու այլ ծրագիրներու, որոնք ափսո՜ս, որքան հիանալի՝ այնքան ալ քիչ են։

Եւ վերջապէս ինչո՞ւ այս յօդուածը այսօր։ Քանի մը օր առաջ մեծ աղջիկս ՙ10 տարեկան՚, արտօնութիւնս խնդրեց հարցնելով՝ «Հայրիկ, Հայաստանէն սերիալ մը պիտի սկսի 10 վարկեանէն, հաճիս կը ձգե՞ս որ հետեւիմ» Հայկական կայան է՝ չկրցայ մերժել, բայց սրտովս չէր։ Աղջիկս Հայկական կայան մը դիտելու համար արտօնութիւնս պիտի խնդրէ եղեր, եւ ես ալ չուզելով պիտի յօժարիմ, Ո՜ւր մնացիք «սեւ – ճերմակ» օրեր։ «Երեւանն է խօսում» ես երբեք այս նախադասութիւնը լսելու արտօնութիւն չեմ խնդրած հայրիկէս…:

Ճօրճ ԲԱՐՍԵՂԵԱՆ, Դամասկոս, Սուրիա
ArmAr.am


Դիտել Լրահոս, Հասարակություն բաժնի բոլոր նյութերը



Digg this!Add to del.icio.us!Stumble this!Add to Techorati!Share on Facebook!Seed Newsvine!Reddit!Add to Yahoo!

Մեկնաբանությունները թույլատրված չեն