«Սարտարապատ» շաբաթաթերթի պատուաբեր 35-ամեակը
Կիրակի, Սեպտեմբեր 5, 2010-ին, Պուէնոս Այրէսի մէջ Ռ. Ա. Կ.-ի մեր շրջանակը եւ համակիրներ արդար հպարտութեամբ նշեցին Արժանթինի մէջ լոյս տեսնող «Սարտարապատ» երկլեզու պաշտօնաթերթին հիմնադրութեան 35-ամեակը:
Գրել «Սարտարապատ»ի 35-ամեակի մասին, կը նշանակէ, անգամ մը եւս հաճոյքով անդրադառնալ Հարաւային Ամերիկայի հայաբոյր եւ ջերմ հայրենասիրութեամբ տոգորուած այդ գաղութներուն հաւաքական պատուաբեր ձեռքբերումներուն, նուաճումներուն, մաքառումներուն եւ յաջողութեանց մասին, որոնց մէջ կարեւոր դեր կատարած են Ռ. Ա. Կ.-ի Հարաւային Ամերիկայի մեր շրջանակը եւ անոր «Սարտարապատ» պաշտօնաթերթը:
1975 տարեշրջանը անկիւնադարձային տարի մը հանդիսացաւ Արժանթինահայ կեանքին մէջ: Մարտ 1975-ին սկսաւ Հ. Բ. Ը. Միութեան Մարի Մանուկեան վարժարանը: Այդ օրերուն խանդավառութեան եւ ոգեւորութեան գագաթնակէտի մէջ էր Պուէնոս Այրէսի Հ. Բ. Ը. Միութեան շրջանակը: Այս դպրոցի կողքին Թէքէեան Մշակութային Միութիւնը երկար տարիներու նորոգութիւններէ ետք, բացումը կատարեց Նիսէնթօ Վեկայի վրայ գտնուող գեղեցիկ կեդրոնատեղիին: Գաղութին մէջ եռուզեռը եւ խանդավառութիւնը շատ բարձր էին: Պարախումբեր, երգչախումբեր, դասախօսութեան եւ ձեռնարկներու առատութիւն մը կար ամէն տեղ:
Ահա այդ օրերուն, մեր ղեկավարները անհրաժեշտ նկատեցին ունենալ ժամանակակից արդիական սարքաւորումներով, տպագրական ակնահաճոյ տեսքով եւ թեքնիքով, կարճ, բայց առատ լուրեր հաղորդող թերթ մը, որ քայլ պահէ ժամանակի ճաշակին եւ պահանջքներուն հետ:
Ռ. Ա. Կ.-ի մեր ղեկավարները, որոնց մեծ մասը Հ. Բ. Ը. Միութեան ղեկավարներէն էին, գործի անցնելով Սեպտեմբեր 1975-ին լոյս ընծայեցին «Սարտարապատ»ի առաջին թիւը: Գեղեցիկ տպագրութեամբ եւ էջադրումով, բարձրորակ թուղթով, առատ նկարներով, ազգային, հայրենասիրական ու մանաւանդ գաղութի ընկերային կեանքի լուրերու արձագանգումով, այս թերթը արժանացաւ գաղութին ամենաջերմ գնահատանքին: Ժողովուրդը անհամբեր կը սպասէր թերթին լոյս ընծայման:
Սկիզբը թերթը կիսամսեայ դրութեամբ լոյս կը տեսնէր, 8 էջերով, 6-ը՝ սպաներէն իսկ 2 էջ միայն հայերէն: Կը տպուէր 3000 տպաքանակով եւ կը բաժնուէր ձրի մինչեւ մէկ տարի:
Յետագային թերթը վերածուեցաւ շաբաթաթերթի, 16 էջնոց, որուն 14 սպաներէնով, իսկ 2 էջ հայերէնով լոյս կը տեսնէ 4000 տպաքանակով: Երկու տարի առաջ թերթը սկսաւ լոյս տեսնել նաեւ կայքէջի վրայ:
«Սարտարապատ»ը հանդիսացաւ եւ մինչեւ այսօր կը հանդիսանայ ազգապահպանման, հայրենասիրական եւ մեր հաւատքի խորան Ս. Էջմիածին տանող փարոս մը: Այս փարոսը Հարաւային Ամերիկահայութեան ազգային յստակ եւ զուլալ ուղղութիւնը տուաւ: Միաժամանակ, Հայ Դատի, Հայաստանի փրոփականտման եւ հայրենի լուրերու տարածման վստահելի աղբիւր մը կը հանդիսանայ թերթը՝ սպանախօս հայ եւ ոչ-հայ հասարակութեան:
«Սարտարապատ»ը վերջին երկու տարիներուն կայքէջի վրայ ըլլալով, բազմահարիւր հազար սպանախօս հայեր եւ ոչ-հայեր կը կարդան զայն եւ կը հաղորդուին մեր ժողովուրդի եւ հայրենիքի լուրերով:
Այսօր, «Սարտարապատ»ի 35-ամեակին առիթով, մեր աչքին առաջ կու գան խանդավառութեան, ցնծութեան եւ անխառն ուրախութեան այն օրերը երբ սկսաւ լոյս տեսնել այս թերթը: Մեր աչքի առաջ կու գան Ընկ. Նահապետ Նահապետեանի շուրջ հաւաքուած այդ սքանչելի երիտասարդները, որոնք այս գործին գլուխն էին: Հայկ Շահինեան, Դանիէլ Եուսուֆեան, Արմանտօ Պալասանեան, Սերխիօ եւ Սուսաննա Նահապետեան, Միհրան Սարաֆեան, Մոնթէվիտէոյէն Աւետիս Նալպանտեան, Աւետիս Պարսամեան, Սան Փաուլոյէն Օշին Մոստիչեան եւ Զաւէն Տէր Յարութիւնեան եւ ուրիշներ: Այս երիտասարդներէն իւրաքանչիւրը ունէր իր յատուկ նկարագիրը, սակայն բոլորը անխտիր եւ հաւաքաբար ունէին մէկ եւ միեւնոյն նպատակը, որն էր «Սարտարապատ»ը լաւագոյն եւ ամենատպաւորիչ եւ գեղեցիկ ձեւով հրատարակելու նպատակը:
Այսպէս, այս թերթը 35 տարիներ մնաց իր բարձունքին վրայ, շնորհիւ մեր ղեկավարներուն գիտակցութեան եւ նուիրումին:
Այսօր «Սարտարապատ»ը այն բախտաւոր թերթերէն է, որ ունի իր շատ հասուն եւ փորձառու երիտասարդ խմբագրուհիի մը, յանձին՝ Ընկերուհի Տայանա Տէր Կարապետեանին, որուն սպաներէնի հրապարակագրական ոճը, ազգային հասարակական հարցերուն խորապէս ծանօթ ըլլալը, մեծապէս կը նպաստեն այս թերթի յաջողութեան:
«Սարտարապատ»ի հիմնադրութեան 35-ամեակին առիթով, ամէն բանէ առաջ սրտանց կը շնորհաւորենք Ռ. Ա. Կ.-ի աշխարհատարած մեր մեծ կազմակերպութեան անդամները, Հարաւային Ամերիկայի մեր շրջանակը եւ գաղափարի ընկերները եւ այժմու խմբագիրները, աշխատակիցները եւ բոլոր անոնք որոնք ուղղակի կամ անուղղակի պահեցին եւ ապրեցան այս թերթին առօրեայ տաղտուկներով եւ հաճելի պահերով:
Մեր սրտագին մաղթանքն է, որ 35 տարիներ առաջ բոցավառուած «Սարտարապատ»ի ջահը ոչ միայն ամուր եւ բարձր պահուի, այլ անոր կրակը աւելի բոցավառելով եւ մեծնալով փոխանցուի ապագայ սերունդներուն:
Նորանոր ամեակներ մեր «Սարտարապատ»ին:
Խաչիկ ՃԱՆՈՅԵԱՆ
ArmAr.am էլեկտրոնային օրաթերթի խմբագրակազմը միանում է բարեմաղթանքներին ու շնորհավորում «Սարդարապատ» շաբաթաթերթի իր գործընկերներին












