Կոչ կընենք Շահան Արծրունիին, որ չմասնակցի թրքական հյուպատոսարանի համերգին
Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Արեւելեան Միացեալ Նահանգներու Շրջանային Վարչութիւնը եւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Արեւելեան Ա.Մ.Ն-ի Կեդրոնական Կոմիտէն հրապարակած են միացեալ հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ կոչ կþուղղեն ամերիկահայ գաղութի անդամներուն ընդհանրապէս, μայց մասնաւորաμար` Նիւ Եորք եւ մերձակայքը μնակող մեր ազգակիցներուն, որ կազմակերպուած կերպով հեռու մնալով, խեցեվճիռի (պոյքոթ-ի) ենթարկեն յառաջիկայ Հոկտեմμեր 7-ին տեղի ունենալիք համերգը, կազմակերպութեամμ թրքական հիւպատոսարանին, տօնախմμելու նպատակով Աղթամարի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ «վերաμացում»-ը:
Նիւ Եորքի աշխարհահռչակ «Քարնըկի Հոլ» համերգադահլիճի «Զանքել» սրահին մէջ տեղի ունենալիք նուագահանդէսին գլխաւոր կատարողը պիտի ըլլայ նախկին պոլսահայ անուանի դաշնակահար Շահան Արծրունին: Հայկական աւանդական երկու կուսակցութիւններու հաղորդագրութիւնը համերգը կը μնութագրէ որպէս «Թրքական մերժողականութեան քաղաքականութեան այլակերպուած մէկ արտայայտութիւնը, որ կը նպատակադրէ ծանրօրէն վնաս հասցնել Հայկական Դատին եւ ազգային սրբազան մեր պահանջատիրութեան»:
Շահան Արծրունի
Ըստ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Արեւելեան Միացեալ Նահանգներու Շրջանային Վարչութեան ատենապետ ընկ. Նորայր Մկրտիչեանին, «Թրքական կառավարութիւնը կը փորձէ մէկ քարով երկու թռչուն զարնել. մէկ կողմէն` յաչս աշխարհին ներկայանալ իբրեւ դրական կերպար, միւս կողմէն հայկական սփիւռքի մէջ պառակտում յառաջացնելու նենգ միտումով: Թուրքերը ուղղակիօրէն չեն կրնար ներթափանցել արտերկրի հայութեան միջնաբերդէն ներս, որովհետեւ զայն, ոգի ի բռին, կը պաշտպանեն հայկական աւանդական կուսակցութիւնները, անոր համար ալ անոնք, խնդրայարոյց դաւադրութեամμ, կը ջանան շահագործել բարի եւ միամիտ անձեր, երկպառակութեան որոմ ցանելը իբրեւ յստակ ու մեկին նպատակ ունենալով»:
Իր հերթին, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Արեւելեան Ա.Մ.Ն-ի Կեդրոնական Կոմիտէի ղեկավար Անդրանիկ Գասպարեան կարտայայտէ այն համոզումը թէ պարզունակ բարեմտութեան զոհ դառնալով, ծրագրեալ միջոցառումը, պէտք չէ ընկալել լոկ իբրեւ մշակութային նախաձեռնութիւն, որ կը ձգտի երկու ազգերուն միջեւ բարեկամութեան կամուրջներ հաստատել: Անկարելի է չանդրադառնալը թէ թրքական պետութիւնն է միջոցառումը մտայղացողն ու գործադրութեան դնողը, հետապնդելով իր նիւթած դաւադիր նկրտումները: «Իսկ ինչո՞ւ Պրն. Արծրունին եւ իր գործակիցները մասնակցութիւն կը բերեն Աղթամարի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ վերաբացման տօնախմբութեան, մինչ ազգային եւ համայնքային մեր ղեկավարութիւնը կտրականապէս կընդդիմանայ անոր», կը մտորէ Պրն. Գասպարեան:
Այս ուղղութեամբ, ծանօթ լրագրող Պրն. Յարութ Սասունեան կը խորհի թէ «Շահան Արծրունին պէտք չէ արտօնէ որ արուեստագէտի իր տաղանդը շահագործուի Թուրքիոյ կողմէ, հակա-հայ փրոփականտ կատարելու համար: Արդէն շատ վատ է որ հայ դաշնակահարը մասնակցութիւն բերաւ Աղթամարի թրքական շօոուին, Վանի մէջ մենահամերգով մը հանդէս գալով: Ան նոյն ծանրակշիռ սխալը պէտք չէ գործէ Նիւ Եորքի մէջ»:
ՌԱԿ Արեւելեան Միացեալ Նահանգներու Շրջանային Վարչութիւն












