Գլխավոր » Լրահոս, Հոգևոր

Երկու օծում

Հոկտեմբեր 20, 2010թ. 10:00

Անցեալ ամսուան երկրորդ շաբաթավերջը յատկանշուեցաւ Քալիֆորնիոյ կամ Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդանիստ Սբ. Ղեւոնդեաց Մայր Եկեղեցւոյ օծումով, որուն առթիւ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Գերագոյն Վեհը՝ Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս կը կատարէր Հովուապետական իր հերթական այցելութիւնը՝ հայկական Լոս Անճելըսը օժտելով նոր սրբավայրով:

Ինչ խօսք՝ կարեւոր իրադարձութիւն մըն էր եղածը հայահոծ այս գաղութին կեանքէն ներս: Մեր սիրտերն ու հոգիները փառաւորուեցան, մեր քրիստոնէական ուխտը վերանորոգուեցաւ եւ անգամ մը եւս հաստատուեցաւ այն փաստը, որ տէրն ենք մեր հոգեւոր արժէքներուն, որոնց համար պատրաստ ենք կատարել մեր զոհողութիւնները: Մենք հաստատած եղանք նաեւ այն իրողութիւնը, որ պատմական մեծ անցեալ մը ունեցող հաստատութեան անբաժանելի ու կարեւոր օղակներէն մէկն ենք:

Հպարտութեամբ արձանագրելէ ետք այն փաստը, որ մեր ուխտի նորոգութեան ու հանդիսութեանց կը մասնակցէին այս բազմազգ նահանգի ու քաղաքի բանալի անձնաւորութիւնները, մեր յուսախաբութիւնը պիտի յայտնենք Լոս Անճելըսի զանգուածային (ոչ-Հայկական) լրատուութեանց կեդրոններուն ու գործակալութիւններուն հանդէպ, որոնց արձագանգը պէտք է գնահատել անբաւարար եւ վիրաւորական:

Անհաւասարակշռութիւն մը կայ զանգուածային լրատուութեանց աշխատելաոճին մէջ: Դիտաւորեա՞լ է արդեօք, տգիտութեան ու արհամարհանքի արտայայտութի՞ւն մըն է, թէ «մասսա»ն չհետաքրքրող դէպք մը՝ ըստ մամուլի ու հեռատեսիլի (ամէն ինչ տոլարով չափող) վարչարարներուն գնահատումհերուն: Պէտք կա՞յ յիշեցնելու թէ այդ գործակալութիւնները շատ յաճախ շեշտը կը դնեն այս քաղաքին մէջ կատարուող ժխտական դէպքերու եւ պատահարներու վրայ, քան դրական ու հոգին ազնուացնող երեւոյթներու:

Ժամանակն է որ հետեւութիւններ հանենք գործակալութիւններու եւ մամուլի այսօրինակ վերաբերմունքներէն: Անդին, «մեր չհաւնած թուրքը», մեզմէ կէս երկրագունդ հեռու գտնուող Վանայ Լիճի Աղթամար կղզիին վրայ նորոգուած Սբ. Խաչ տաճարի «բացման եւ օծման» արարողութիւնը կը վերածէ փրոփականտի հսկայ արշաւի մը՝ ցոյց տալով քաղաքակիրթ ու «քրիստոնեայ» աշխարհին, թէ ինչպէս Թուրքիոյ ներկայիս աշխարհիկ պետութիւնը իր իսկ սեփական ծախսերով կը նորոգէ եւ (առանց խաչի թէեւ) արտօնութիւնը կու տայ օծելու: Արդարեւ, բացէք թրքական տպագիր թէ ելեկտրոնային մամուլը, որոնք յատկապէս նպատակաուղղուած են արեւմտեան երկիրներու հասարակութեան մէջ ստեղծել խիստ դրական կարծիք ու տրամադրութիւն, ամէն օր, յարատեւօրէն կ’առաքեն լուրեր Սբ. Խաչի օծման մասին:

Արդեօք ո՞վ որմէ սորվելիք ունի, ԱՄՆ-ի՞ զանգուածային լրատուութիւնը Թուրքիայէն, թէ հակառակը:

ԴՈԿՏ.  ՄԻՆԱՍ  ԳՈՃԱՅԵԱՆ

Լոս Անճելըս


Դիտել Լրահոս, Հոգևոր բաժնի բոլոր նյութերը



Digg this!Add to del.icio.us!Stumble this!Add to Techorati!Share on Facebook!Seed Newsvine!Reddit!Add to Yahoo!

Մեկնաբանությունները թույլատրված չեն