Առաջնորդություն եկեղեցակա՞ն, թե՞ աշխարհական կարգով
Կային ժամանակներ, ոչ-հեռաւոր, երբ հոգեւոր տուները կը գործէին զուտ իրենց կալուածներէն ներս, եկեղեցական արարողութիւններով ու գործունէութիւններով, իրենց կապը իրենց հօտին հետ ըլլալով առիթէ-առիթ կամ յատուկ պարագաներու։
Կային նաեւ ժամանակներ, դարձեալ ոչ-հեռաւոր, երբ ազգային-մշակութային-միութենական կեդրոնները, անկախաբար իրենց ներքին կազմակերպչական աշխատանքներէն եւ շարժումներէն, կը ծաւալէին բեղուն գործունէութիւններ ու կը լծուէին հրապարակային բազմատեսակ ձեռնարկներու։
Այսօր, կարելի՞ է ըսել նոյնը կամ՝ արդեօ՞ք նոյն վիճակը կը տիրէ։
Հազի՛ւ թէ, որովհետեւ, արագ ակնարկ մը, սփիւռքահայ տարբեր հայօճախներու կեանքին վրայ, ցոյց կու տայ, թէ՝ մէկուն կամ միւսին պարագային, առաւել կամ նուազ չափերով, պատկերը շրջուած է, դերերու փոխարինում կայ եւ կամ… զիջում։
Այս դերերու բաշխումը կամ փոխարինումը, եկեղեցական եւ աշխարհական միաւորումներու միջեւ, ոմանք կրնան բացատրել ինքնանպատակ տեսանկիւնէ, ուրիշներ՝ նոր պայմաններու լոյսին տակ, իսկ մաս մըն ալ՝ կրնա մերժել ընդունիլ զայն։
Սակայն, չոր ու թափանցիկ իրականութենէն ի՞նչ կը փոխուի, այնքան ատեն որ կա՜յ այդ ՙանցում՚ը կամ ՙտարբերակ՚ը, կարգ մը հայաշրջաններու մէջ խիստ զգալի տեսանելիութեամբ։
Ասիկա կը նշանակէ՞ թէ հայ եկեղեցին վերստանձնած է իր աւանդական դերակատարութիւնը, առաջնորդող դերակատարութիւնը, յար եւ նման անպետական եւ անկախական շրջաններուն, իսկ աշխարհիկ կազմակերպութիւններու ¥իմա՝ կուսակցութիւններու¤ առաջնորդող դերը, մեղմ ըսուած, նուազած։
Իսկ ինչո՞ւ ոչ, երբ կը տեսնենք ու կը լսենք եկեղեցիին շատ աւելի աշխոյժ, լայնատարած դաշտը, երբեմն նոյնիսկ իր սահմաններէն դուրս ելլելով կամ ՙգրաւել՚ով աշխարհականներու գործունէութեան մարզերը։
Հարցին քննարկումը կամ անդրադարձումը այն չէ, թէ ի՞նչ արդիւնաւէտութեամբ, արժանաւորութեամբ կամ մակարդակով կը կատարուին ¥որոնք՝ կրնան ըլլալ շինիչ կամ… նուազ շինիչ¤, այլ՝ կայ թէ՞ չկայ այդ անցումը, կայացումը։
Մինչդեռ, աշխարհիկ կազմակերպութիւններուն մեծ մասը, եթէ ոչ նահանջ, գէթ տեղքայլի մէջ է։ Մնաց որ՝ մաս մըն ալ կþապրի մարդաթափի ¥տերեւաթափի նմանողութեամբ¤ վիժում մը։
Հոս ալ հարցին քննարկումը կամ անդրադարձումը այն չէ, թէ ի՞նչ յաջորդականութեամբ, յաճախականութեամբ կամ պարբերականութեամբ կþըլլան ատոնք ¥որոնք՝ բոլոր պարագաներուն արդարանալի չեն¤, այլ՝ կարելի՞ է հերքել կամ մերժել այդ վաւերականութիւնը։
Այս մատնանշումները ենթադրել կու տան, որ ՙսխալ բան մը՚ սկսած է ձեւաւորուիլ սփիւռքահայ իրականութեան մէջ, որուն, որպէս հետեւանք, առաջանալ սկսած են այս անհարթութիւնները։
Սխալ պէտք չէ հասկցուիլ. հոգեւորական ու աշխարհական առաջնորդութիւնները զիրար ամբողջացնող հարազատ լծակներ են, իսկ կառոյցները՝ եւս, իրենց ազգային ընդհանրական ծառայութիւններով ու ներդրումներով, բայց, երբ այդ առնչութիւնները կþըլլան մէկուն կամ միւսին հաշւոյն, դերերու անօգտակար, անըմբռնելի եւ անհանդուրժելի վերիվայրումներով, ուրեմն, կþառաջանան խախտումներ, մինչդեռ պահանջուածը զանոնք պահելն է իրենց ինքնուրոյնութեան սահմաններուն մէջ, առանց, կամայ թէ ակամայ, դերափոխութիւններու։
Շատերու համար այս թղթածրարին քննարկումը կամ հրապարակումը կրնայ թուիլ շատ… զգայուն։
Կրնայ ըլլալ։ Սակայն, նպատակը ոչ մէկը թերագնահատել, ոչ ալ միւսը՝ գերագնահատել, ոչ մէկը ստորադասել, ոչ ալ միւսը՝ գերադասելն է, այլ ցոյց տալ իրավիճակ մը, երբ առաջնորդութիւն հասկացողութիւնը, գործնական գետնի վրայ, սխալ հորիզոնականի վրայ է։
Հոս պէտք է յստակացնել հարց մը եւս, առանց լայնօրէն ընդհանրացնելու.
Եկեղեցին եթէ աւելի կազմակերպուած է ¥՞¤ եւ որոշ հայագաղութներու մէջ ՙղեկ՚ը իր ձեռքը առած է կամ աւելի ազդեցիկ եւ առաջնորդող է, ատոր պատճառը, շատ յստակ է, աշխարհիկ կառոյցները, իրենց զանազան գունաւորումներով ու պիտակներով, յառաջատարի դերի մէջ չեն, որովհետեւ իրենց մօտ կը պակսի սերնդափոխութեան գործօնը, պատասխանատութեան սթափութիւնն ու մանաւանդ՝ տեսլապաշտ ղեկավարութեան գոյութիւնը։
Այս տխուր երեւոյթը նշմարելի է քիչ մը ամէն տեղ։ Օրինակ՝ Հիւսիսային Ամերիկայի ու Քանատայի մէջ, ՙիշխող կառոյցներ՚ը աւելի եկեղեցական են, քան՝ աշխարհական։ Առաջնորդները… առաջնորդող են, իսկ աշխարհականները՝ աւանդութիւն պահելու ¥կամ խաղալո՞ւ¤ ընթացքի մէջ են, բայց հազի՛ւ զգալի դառնալու դերակատարութեամբ։
Միջին Արեւելքի պարագային, թէեւ ոչ նոյն հնչեղութեամբ, սակայն գրեթէ նոյն վիճակն է որ կը տիրէ. աշխարհական առաջնորդութեան համար կարելի՞ է ըսել թէ կը յիշեցնէ 50-60-70-80-90ական թուականները։
Հիմա այս տխուր իրավիճակին մասին պիտի չուզէի խօսիլ ¥թէեւ յաճախ արտայայտուած եմ¤, բայց, պէտք չէ խաղալ ջայլամի քաղաքականութիւն կամ գտնուիլ այդ դերին մէջ, չտեսնելու թէ՝ աշխարհիկ կազմակերպութիւններէն կարեւոր մաս մը ինքզինք անշքացուցած է, իր գործունէութեան, մարդուժի թէ ղեկավարութեան ամլացումով։
Ասկէ՝ ահազա՜նգը.
Ո՞վ կþառաջնորդէ ¥կամ պէտք է առաջնորդէ¤ սփիւռքահայութիւնը ¥իւրաքանչիւր շրջան իր ՙիւրայատկութենէն՚ մեկնելով¤։
Ահաւասիկ հարցադրում մը, որ պէտք է մտահոգէ իւրաքանչիւր գիտակից եւ յանձնառու հայորդի, ո՜ւր որ ալ գտնուի, եւ ասիկա՝ մեկնելով վաղուան յուսադրիչ ¥կամ… յուսաբեկի՞չ¤ առաջադրանքներէն։
Պարոյր ԱՂՊԱՇԵԱՆ, Պէյրութ, Լիբանան
ArmAr.am












