Ստեփանակերտի Օդակայանին Հարցով. Թուրքիա Կը Պաշտպանէ Ազրպէյճանի Դիրքորոշումը
Պաքուի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Հուլուսի Քըլըճ յայտարարեց, որ Թուրքիա կը պաշտպանէ Ազրպէյճանի պաշտօնական դիրքորոշումը, ըստ որուն` Ստեփանակերտի օդակայանին հետ կապուած թռիչքները կը հա կասեն միջազգային դաշինքներուն:
«Մենք միշտ կը պաշտպանենք Ազրպէյճանի դիրքորոշումը: Բոլոր մարզերուն մէջ մենք Ազրպէյճանի կողքին ենք եւ կը սատարենք անոր արդարացի պայքարին: Այդ հարցը պէտք է որոշուի միջազգային իրաւունքի ծիրին մէջ», «Թրենտ» լրատու գործակալութեան փոխանցումով` լրագրողներուն ըսաւ թուրք դեսպանը:
Միւս կողմէ, Ազրպէյճանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Մեթիու Պրայզա յայտնած է, որ նախքան Ստեփանակերտի օդակայանի օգտագործումը, Հայաստան եւ Ազըրպէյճան պէտք է լուծեն թռիչքներու անվտանգութեան հարցերը:
Լրագրողներու հետ հանդիպումի մը ընթացքին Պրայզա նշած է, որ ինքհամաձայն է Միացեալ Նահանգներու ղեկավարութեան այն դիրքորոշումին հետ, որ կողմերը նախքան օդակայանի բացումը պէտք է միասին քննարկեն այդ հարցերը: «Մենք կը կարծենք, որ մանրամասնութիւնները կրնան քննարկուիլ», ըսած է ան:
«Ողջույն Լոնդոն» Էլեկտրոնային ամսաթերթ
ArmAr.am












