Գլխավոր » Տնտեսություն

Ամերիկեան մրցավարութիւն

Հունիս 13, 2011թ. 17:49

06Հայաստանի մէջ իր դիւանագիտական առաքելութեան աւարտի շեմին՝ Միացեալ նահանգներու դեսպան Մարի Եովանովիչը անդրադարձած է մեր երկրի ներքաղաքական զարգացումներուն։ Օտարերկրեայ ոեւէ դեսպանի կամ բարձրաստիճան դիւանագիտի համար օրինաչափ երեւոյթ չէ իր պաշտօնավարած երկրին ներքին քաղաքական իրադարձութիւններուն մասին հաստատումներ կատարելը, հրապարակային գնահատականներ տալը։ Սակայն Միացեալ նահանգներու դիւանագիտական ներկայացուցչութիւնները հակառակ պահուածքը տակաւ կը դարձնեն օրինաչափ։ Երեւոյթը չի վերաբերիր միայն Երեւանի մէջ պաշտօնավարող ամերիկացի դիւանագէտներուն։

Այժմ, նշենք Միացալ նահանգներու դեսպանին կատարած գնահատականին ամփոփ կէտերը.-

ա.-Ողջունելի են Հայաստանի ներքաղաքական ոլորտին մէջ արձանագրուող վերջին զարգացումները։

բ.-Կարեւոր է, որ ընդդիմութիւն-իշխանութիւն երկխօսութիւնը ըլայ թափանցիկ եւ կառուցողական։

գ.-Ողջունելի է մարտի 1-ի դէպքերուն հետաքննութեան վերսկսումը։ Նաեւ՝ այդ հարցով բանտարկուած մարդկանց ազատ արձակումը։

դ.-Հանրահաւաքներ տեղի կ՛ունենան բոլոր երկիրներու մէջ. նաեւ՝ Միացեալ նահանգներու։ Կարեւոր է, որ իրաւապահ մարմիները կարենան ապահովել թէ՛ ցուցարարներու եւ թէ՛ շրջապատը գտնուող մարդոց անվտանգութիւնը։

Դեսպանի կատարած գնահատականին եւ յատկապէս ՀԱԿ-ի պահանջներուն միջեւ կայ յստակ գաղափարներու համատեղելիութիւն եւ փոխլրացում։Այսպէ՛ս. ՀԱԿ-ի առաջնորդը խօսելով իշխանութիւն-ընդդիմութիւն ծայր առած բաց եւ անուղղակի երկխօսութեան մասին կ՛աճապարարէր յայտարարելու համար, որ «սա մեր երազած պետութիւնն է»։ Բանաձեւելով պահանջները՝ կ՛ընդգծէր հանրահաւաքներու համար «Ազատութիւն» հրապարակին վերատրամադրելիութիւնը, քաղաքական բանտարկեալներու ազատ արձակումը եւ մարտի 1-ի հետաքննութեան վերսկսման պաշտօնական հաւաստիացումը։ Իսկ վերջին հանրահաւաքին դրական գնահատելով սկսուած գործընթացը, Հայաստանի հանրապետութեան առաջին նախագահը երկխօսութեան առիթը կը նկատէր աշխարհին քաղաքակիրթ ժողովուրդ ներկայանալու ամենալաւ միջոցը։

Դիպաշարին հետեւողին մօտ կը ձեւաւորուի այն տրամաբանութիւնը, որ կա՛մ ՀԱԿ-ն է, որ կը կատարէ Միացեալ նահանգներու դեսպանին պատուէրը, կա՛մ ալ ամերիկացի դիւանագէտը տէր կը կանգնի ՀԱԿ-ի պահանջներուն եւ կ՛ուզէ հովանաւորել սկսուած երկխօսութեան գործընթացը։

Հարցը անշուշտ, միայն ՀԱԿ-ին չի վերաբերիր։ Այստեղ իշխանութիւնը եթէ մասնակից չդառնայ ներքաղաքական քաղաքական խաղին, նման գործընթաց չ՛արձանագրուիր։ Ամերիկացի դիւանագէտին կատարած յայտարարութիւններուն հետեւելով կը ստացուի այն տպաւորութիւնը, որ խաղին մրցավարութիւնը ստանձնած է դեսպանը, որ միաժամանակ կանոն կը թելադրէ, խաղը կը վարէ եւ ընթացքին՝ մեկնաբանութիւններ կը կատարէ։ Ի հարկ է, որոշ զգուշաւորութիւններով։ «Քաղբանտարկեալ» եզրը առանց օգտագործելու.փոխարէնը՝ «մարտի 1-ի առիթով կալանաւորուածներ»ու ազատ արձակումին մասին խօսելով։

Այս բոլորը կը կատարուին այնպիսի ժամանակահատուածի մէջ, երբ Տովիլէն-Կազան գիծին վրայ ճնշումները կը բազմանան բեկումնային կէտ արձանագրելու համար արցախեան բանակցութիւններուն։ Այս բոլորով հանդերձ եւ հակառակ ամերիկեան աշխուժ մրցավարութեան՝ առաջադրուած ներքին երկխօսութեան եւ արտաքին բեկումնայնութեան արդիւնաւէտութիւնը կրնայ խիստ թէական ըլլալ։

Շահան Գանտահարեան,
«Ազդակ»ի գլխաւոր խմբագիր

ArmAr.am


Դիտել Տնտեսություն բաժնի բոլոր նյութերը



Digg this!Add to del.icio.us!Stumble this!Add to Techorati!Share on Facebook!Seed Newsvine!Reddit!Add to Yahoo!

Մեկնաբանությունները թույլատրված չեն