Գլխավոր » Culture-Hogevor, Լրահոս, Հասարակություն, Մշակույթ, Վերլուծական

Ազնաւուր երեւոյթը

Հունիս 23, 2011թ. 19:30

Charles_Aznavour«Ուզեցի երգել: Ըսին՝ լաւ կ’ըլլայ եթէ ձեռքս քաշեմ, այդ ճամբով երթալու ոչ մէկ բախտ ու հնարաւորութիւն ունիմ, իմ այդ ձայնով ու տեսքով բեմ բարձրանալու հնար չունիմ: Ուզեցի գրել ու երգեր յօրինել, ամէն ինչ ըրին, որ թեւերս կտրեն: Հոս ալ, նախակրթարան մը աւարտածիս համար ապագայ չի կրնար ըլլալ»:

Շառլ Ազնաւուրի խօսքերն են «Անցած Օրեր» (2003թ., հայերէն թարգմանութիւնը այժմ Ռումանիոյ դեսպան Համլետ Գասպարեանի) յուշերու գիրքէն առնուած: Իր սիրած ու նախընտրած ասպարէզին մէջ շրջապատի մարդոց «խորհուրդները» մտիկ չնող այս մարդը, այս արուեստագէտն ու հայը դարձաւ Ֆրանսայի խորհրդանիշ, ֆրանսական «շանսոնիէ»ի կուռք ու դեսպան, սէր, կեանք ու հերոսներ փառաբանող երգիչ-բանաստեղծ, յօրինող-արուեստագէտ եւ հայ ժողովուրդի իղձերն ու հայկական ճշմարտութիւնը ի լուր աշխարհին հասցնող առաքեալ:

Յաջողութեան սանդղակներէն սկիզբը դանդաղ բայց հաստատ քայլերով բարձրացող այս հայը ունեցաւ նաեւ բազում պայթումային յաջողութիւններ, սկսելով Փարիզի Օլիմփիայէն մինչեւ Նիւ Եորքի ու Լոս Անճելըսի, Մոնթրէալի ու Երեւանի, Մոսկուայի ու Հռոմի թատերաբեմերը: Եղան մարդիկ, մեծաւմասամբ հայեր (այսօր կան տակաւին այդպիսիներ), որոնք զինք չընդունեցին որպէս հայ երգիչ եւ օտարացան Ազնաւուրի արուեստէն լոկ այն պատճառով, որ հայերէն չէր երգեր բեմերու վրայ եւ հազար բարձրախօսներով չէր ճչար «հայ եմ ես, հա՛յ եմ ես, քաջ Վարդանի թոռն եմ ես…»: Բայց հա՛յ էր ինք, ֆրանսահայ, որուն մէջ հաւասարապէս ծաղկած էին երկու բարձր եւ ոչ այլամերժ մշակոյթներ, ֆրանսականն ու Ազնաւուրեաններու պապենական ու նահապետական գերդաստանէն ժառանգուած հայկականը: Մշակոյթներ եւ անոնց իսկական կրողները այլամերժ չեն ըլլար, այլ զիրար կ’ամբողջացնեն ու կը շարունակեն:

Ազնաւուր հեռու էր պոռոտ հայրենասիրութենէ, բայց իր զաւակներէն վերջինները Մխիթարեաններուն ղրկեց, Սայաթ Նովա երգեց ու կ’երգէր քրոջը եւ դստեր հետ, մարդասիրական բարձրութենէ կոչ ըրաւ թուրքերուն յարգել Ցեղասպանութեան զոհերը եւ ընդունիլ յանցանքը, Ֆրանսայի նախագահ Ժաք Շիրաքն ու այլ բարձրաստիճան դէմքեր, երգարուեստի բարձրունքներ նուաճած արուեստագէտ-արուեստագիտուհիներ Երեւան տարաւ, «Անոնք Ինկան» երգեց, հերոսացուց նացիզմի ոխերիմ թշնամի Միսաք Մանուշեանը, «Քեզ Համար Հայաստան»ով ցնցեց եւրոպացիներու սիրտերը:

Ազնաւուրներ միշտ չեն ծնիր հայ ազգին ծոցին մէջ: Ունեցած ենք եւ պիտի ունենանք ալ հայ ծագումով մեծութիւններ, որոնք իրենց ծննդավայր երկիրներուն պարծանքը եղած են ու պիտի ըլլան, բայց եթէ այդ մեծութիւնները Բիւզանդական աշխարհի ծագումով հայ կայսրերու եւ գիտնականներու նման համաշխարհային քաղաքացիներ (քոզմոփոլիթըն) պիտի ըլլան, մեր ինչի՞ն են պէտք այդպիսի «հայերը», թող մնան այնպէս ինչպէս են, բայց չդարձնենք զանոնք ազգային վրան բաց պարծենկոտութեան գործիք: Ազնաւուր, ֆրանսական ժամանակակից «շանսոնիէ»ի այս կայսրը եղաւ այն փոքրակազմ հսկան, որ ֆրանսականը տուաւ Ֆրանսային, հայկականը՝ հայութեան, երկուքին համար ալ ըլլալով «ազգի զաւակ»:

Շառլ Ազնաւուր 87 տարեկան է արդէն, այն Շառլը, որուն երգերով առնուազն երկու սերունդ իր սիրտը բացաւ, երբ սիրոյ նետը խոցեց սիրտերը: Դէպի իր կեանքի 9-րդ տասնամեակը կ’ուղղուի մեր Շառլը, այն Շառլը, որ իր կեանքի գարունին երգեց «ՊԷտք Է Գիտնալ»ը, գիտնալ թէ եւ որ ատենը հասուննայ, հարկաւոր է հեռանալ սեղանէն, քանի ուշ չէ: Ազնաւուր սակայն չհեռացաւ իր արուեստի ու մարդասիրութեան նուիրուածութեան առաքելութենէն, դարձաւ դեսպանը Հայաստանի Հանրապետութեան, փորձեց համոզել ու կակուղցնել կարծրացած սիրտերը ու բարկացաւ ալ իր պաշտած երկրի սենատին ու նախագահին քանի մը ամիս առաջ:

«Bonne Anniversaire» սիրելի Շառլ, քու երգովդ քեզ կը շնորհաւորենք ու կը հանդիպինք ալեհեր դէմքիդ ետին տակաւին երիտասարդական աւիւնով տրոփող Ազնաւուրեան մեծ գերդաստանէն Շառլին, Օլիմփիա թատրոնին մէջ:

Մինաս ԳՈՃԱՅԵԱՆ, Լոս Անճելըս

ArmAr.am


Դիտել Culture-Hogevor, Լրահոս, Հասարակություն, Մշակույթ, Վերլուծական բաժնի բոլոր նյութերը



Digg this!Add to del.icio.us!Stumble this!Add to Techorati!Share on Facebook!Seed Newsvine!Reddit!Add to Yahoo!

Մեկնաբանությունները թույլատրված չեն