Նորա-նորացուած սկզբունքներ
Կազանի հանդիպումը փաստօրէն բեկումնային չէր։ Բանակցային գործընթացի հերթական հանգրուան էր անիկա, որուն նախօրեակին սաստկացած էին յայտարարողական մակարդակի վրայ ճնշումները։ Հայկական զսպուածութեան դիմաց ազրպէյճանական գերխանդավառութիւնը՝ հակամարտութեան հիմնական լուծում ապահովելու, «տարածքային ամբողջականութիւնը» վերականգնելու հատեց քաղաքական զեղումնայնութեան սահմանը, Ազրպէյճանի նախագահին բերնով յայտարարելու համար, որ Կազանը վերջին հնարաւորութիւնն է։
Ազրպէյճանական այս աճապարանքն ու գերխանդավառութիւնը չսահմանափակուեցան պաշտօնական Պաքուի սահմաններուն մէջ։ ԵԽԽՎի ղեկավար Չաւուշողլին փութաց «աւետելու», որ Կազանէն ետք կ՛ակնկալուի հայ-թրքական յարաբերութիւններու նոր հանգրուան։ Չէ՞ որ ղարաբաղեան լուծումը նախապայման էր Անգարայի համար…։
Անկէ ետք՝ արձանագրուած մեկնաբանութիւնները, բանակցային գործընթացին մէջ տեղաշարժ նկատելու դիտաւորութիւնները եւ զուտ այս կամ այն կողմի քաղաքական շահերու դիտանկիւնէն նկատուած իրադրութիւններու մեկնաբանութիւնները տարաբնոյթ են եւ հակասական նոյնիսկ։ Յստակ է, որ չհամաձայնողը ազրպէյճանական կողմն է։ Մնալով ազրպէյճանական յայտարարութիւններու տրամաբանութեան շրջագիծին մէջ, հարկ է պարզապէս նշել, որ «վերջին հնարարւորութիւն» բաց թողողը Պաքուն է։
Այստեղ սակայն, Կազանէն բխած յայտարարագրէն աւելի, երկու պաշտօնական յայտարարութիւն կը խլեն իրադրային նշանակութիւն ունեցող դէպքերուն հետեւողներուն ուշադրութիւնը։ Առաջինը կը պատկանի Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարին, իսկ երկրորդը՝ Իրանի խորհրդարանի նախագահին։
Ֆրանսացի բարձրաստիճան պաշտօնատարը հաստատելէ ետք, Կազանի ձախողութիւնը կը խօսի լրացուցիչ առաջարկներու մասին։ Իսկ իրանի Ազգային ժողովի նախագահը կը յայտնէ իր երկրին պատրաստակամութիւնը՝ միջնորդական առաքելութիւն ստանձնելու։ Յաւելելով՝ եթէ Ազրպէյճան համաձայնի նման առաջարկի մը։
Պէտք չէ մոռնալ, որ առաջին յայտարարութիւն կատարողը միջնորդական առաքելութիւն ստանձնած երկիրներէն մէկուն պաշտօնական ներկայացուցիչն է, որ այս պարագային համաձայնելի նոր սկզբունքներու մասին ակնարկութիւն կը կատարէ։ Յայտնապէս, բանակցային սեղանին վրայ դրուած սկզբունքներուն վրայ պէտք է աւելցնել բանակցելի այլ առաջարկներ, որպէսզի կարելի ըլլայ փակուղիէն դուրս գալ։ Մատրիտեան Նորա-նորացուած սկզբունքներու ակնարկութիւնն է, որ կ՛ընէ Ֆրանսայի արտգործ նախարարը։
Իսկ Իրանի Ազգային ժողովի նախագահը միջնորդական առաքելութիւնը մինչ այժմ չստանձնած ըլալու պատասխանատուութիւնը կը բարդէ Ազրպէյճանի ուսերուն։ Առաջին անգամը չէ, որ Իրան կ՛ինքնաառաջադրուի նման առաքելութեան։ Խաղաղապահ ուժերու տեղակայումը, շատ պարզօրէն, իրանեան սահմաններու զինուորական վերահսկողութեան հաւասարազօր որոշում է, որ բնականաբար կ՛անհանգստացնէ ղարաբաղեան բանակցային գործընթացէն դուրս մղուած տարածաշրջանի կարեւոր այս երկիրրը։ «Եթէ Ազրպէյճան համաձայն ըլլար…որովհետեւ անիկա նախընտրած էր միջազգային կազմակերպութիւններուն միջնորդութիւնը»։ Քաղաքական այս յայտարարութիւնը ուղղակի քննադատութիւն է հարեւան Ազրպէյճանի հասցէին։ Կողմերու միջեւ միջնորդական առաքելութիւն ստանձնելու համար անհրաժեշտ է երկու կողմերուն համաձայնութիւնը։ Թէեւ հայկական կողմը ոչ մերժած ոչ համաձայնած է նախապէս Թեհրանէն հնչած նման առաջարկ, Իրանի Ազգաժին ժողովի նախագահը պատասխանատուութեան սիւնին կը գամէ իր միջնորդութեան համաձայն չեղող Ազրպէյճանը։
Յամենայնդէպս, լրացուցիչ առաջարկներ մշակուելու կարիքը հրապարակաւ յայտարարուած է արդէն։ Հիմնարար սկզբունքներու նոր թղթածրար պատրաստուելու անհրաժեշտութիւնը կայ։
Շահան Գանտահարեան, «Ազդակ»ի գլխաւոր խմբագիր
ArmAr.am
Թեգեր` «Ազդակ», Շահան Գանտահարեան












