Գլխավոր » Լրահոս, Հայ-թուրքական հարաբերություններ

897 փոխան 898-ի

Օգոստոս 23, 2011թ. 15:36

Հայաստան-Թուրքիա արձանագրութիւններուն Թուրքիոյ խորհրդարանի օրակարգէն դուրս բերման լուրը առաջին անգամ հաղորդեց, ոչ թէ թրքական այլ ազրպէյճանական լրատուամիջոց մը։ Հասկնալի է, թէ ինչո՛ւ Ազրպէյճան խանդավառութիւն եւ աճապարանք ցուցադրեց լուրը հաղորդելու առումով։Որքան ալ թրքական նախապայմանային քաղաքականութիւնը անշեղօրէն կը շարունակուի, այսուհանդերձ պէտք է յիշել անպայման արձանագրութիւններու նախաստորագրման եւ ստորագրման օրերուն Անգարա-Պաքու ստեղծուած տագնապն ու հետեւած ընդհանուր մթնոլորտը այդ գիծին վրայ։

«1news.az»ի կողմէ լրատուութեան թողարկումէն բաւական ետք էր միայն, որ «Անատալու»ն եւս, իր կարգին հաստատեց լուրը՝ հիմնական տարբերութեամբ մը սակայն։ Ազյրպէյճանական լրատուամիջոցը կը յայտնէր, որ Հայաստան-Թուրքիա արձանագրութիւնները, որոնք պէտք է քննարկուէին Թուրքիոյ խորհրդարանի նախկին կազմին կողմէ, իրենց իրաւական ուժը կորսնցուցած կը նկատուին, ուստի դուրս կը բերուին խորհրդարանի օրակարգէն։ Կը յաւելէր, որ այս կարգով օրակարգէ դուրս բերուած են 898 օրինագիծ եւ որոշումի նախագիծ։ Վերջակէտ։

Ազրպէյճանական նման լրատուութեան հիման վրայ, դիպաշարին հետեւողը կրնայ եզրակացնել, որ արձանագրութիւնները Թուրքիոյ կողմէ անվաւեր յայտարարուած են։

Մինչդեռ, «Անատոլուն» այս պարագային կու տայ լուրը՝ ամբողջութեամբ։ Այս բոլորին առընթեր կը յստակացնէ, որ նոր խորհրդարանի կազմը դուրս բերուած օրինագիծերն ու որոշումի նախագիծերը վերստին կրնայ օրակարգի վերածել։

Պահ մը հեռացնենք լուսարձակը թրքական եւ ազրպէյճանական լրատուութիւներուն մէջ երեւցած տարբերութիւններէն, նոյնիսկ հակասութիւններէն եւ կեդրոնանանք հարցի էութեան վրայ։

Թուրքիոյ կատարածը պարզապէս արձանագրութիւններու վաւերացման գործընթացի սառեցումն է։ Այն, ինչ-որ նախագահ Սարգսեանի որոշումով կատարեց հայկական կողմը։ Գէթ իբրեւ տեսութիւն ուրեմն, կարելի է նախատեսել հետեւեալ բեմագրութիւնը։ Թուրքիոյ խորհրդարանի նոր կազմը մետասաներորդ պահուն, կրնայ որոշել վերստին օրակարգի վերածել սառեցուած 898 նախագիծերէն մէկը, այս պարագային՝ Հայաստան-Թուրքիա արձանագրութիւնները, խորհրդարանական քննարկումի ենթարկել եւ ապա …վաւերացնել։ Գնդակը վերստին նետուած կ՛ըլլայ հայկական դաշտ, ուր գործող խորհրդարանը արձանագրութիւնները վաւերացնելու կացութեան առջեւ պիտի գտնէ ինքզինք։

Խաղը, ուրեմն, պարզ է, որ կը շարունակուի թելադրուիլ թրքական կողմէն։ Որոշ նրբանկատութիւններով սակայն։ Հայաստան-Թուրքիա արձանագրութիւններու վաւերացման գործընթացը առանձնապէս չի սառեցուիր Թուրքիոյ կողմէ։ Արձանագրութիւնները պարզապէս մաս կը կազմեն անվաւեր նկատուող 898 նախագիծերու թղթածրարին։ Ի տարբերութիւն նախագահի յայտարարութեամբ կատարուած յատուկ սառեցումին։

Ազրպէյճանն է, որ լրատուամիջոցներու ճամբով որոշումին իւրայատկութիւն կ՛ուզէ տալ, մեկնելով Ղարաբաղը «չզոհելու» մտադրութենէն։ Այլապէս, ըստ էութեան հիմնական նորութիւն չկայ։ Վաւերացումը ձգձգելու թրքական խաղն է, որ կը շարունակուի նախապայմանային քաղաքականութեան առընթեր՝ յաւելեալ հիմնաւորեալ պատճառ տրամադրելով, որ Երեւանը անվաւեր յայտարարէ իր ստորագրութիւնը։  Այդ պարագային Թուրքիան 897 նախագիծ կ՛ունենայ դարակներուն մէջ մետասանաերորդ պահուն անոնցմէ ուզածը բերելու խորհրդարան եւ օրակարգի վերածելու։ Փոխան 898ի։

Շահան Գանտահարեան, «Ազդակ»ի գլխաւոր խմբագիր

ArmAr.am


Դիտել Լրահոս, Հայ-թուրքական հարաբերություններ բաժնի բոլոր նյութերը



Digg this!Add to del.icio.us!Stumble this!Add to Techorati!Share on Facebook!Seed Newsvine!Reddit!Add to Yahoo!

Մեկնաբանությունները թույլատրված չեն