Ծերակուտականները պէտք է մերժեն նախագահ Օպամայի առաջարկած Թուրքիոյ դեսպանի թեկնածուն
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
Նախագահ Օպամա այս օրերուն բազմաթիւ խնդիրներ կը դիմագրաւէ: Անցեալ տարուան վերջաւորութեան, երբ ծերակուտականները ընդդիմացան անոր կողմէ դեսպանի պաշտօնի համար առաջադրուած թեկնածուներէն մի քանիին՝ ներառեալ Թուրքիոյ մօտ դեսպանի թեկնածուին, նախագահը դիմեց շատ հազուադէպ օգտագործուող մարտավարութեան մը՝ դեսպանները նշանակելով առանց Ծերակոյտին համաձայնութեան, քանի տակաւին Քոնկրեսը արձակուրդի մէջ է: Ի տխրութիւն նախագահ Օպամայի, հարցի լուծման անոր այս ոչ-աւանդական մօտեցումը կրնայ շատ կարճ կեանք ունենալ: Եթէ մինչեւ այս տարուան վերջաւորութեիւնը Ծերակոյտը չհաստատէ անոր՝ «արձակուրդի ժամանակ կատարած նշանակումները», այս դեսպանները ստիպուած պիտի ըլլան լքել իրենց պաշտօնները եւ խայտառակուած տուն վերադառնալ: Նախագահ Օպամայի կողմէ Թուրքիոյ մօտ դեսպանի պաշտօնին համար առաջադրուած թեկնածուն՝ դեսպան Ֆրանսիս Ռիքարտոնէ, Օգոստոս 2ին կը գտնուէր Ուաշինկթըն՝ տեսնելու համար, թէ արդեօ՞ք Ծերակոյտի Արտաքին գործերու յանձնաժողովը կը հաստատէ իր նշանակումը: Յանձնաժողովին դիմաց իր ելոյթին ընթացքին թրքական քարոզչութիւն կատարելով՝ ան իր դէմ լարեց բազմաթիւ ծերակուտականներ: Երբ խօսքը գնաց Թուրքիոյ Մարդու իրաւունքներու դատապարտելի քաղաքականութեան, Կիպրոսի բռնագրաւման եւ Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտման, դեսպանը տուաւ շարք մը խուսափողական եւ կասկածելի պատասխաններ: Ի պատասխան ծերակուտական Ռապըրթ Մենենտէզի հարցումին, թէ արդեօ՞ք Միացեալ Նահանգները երբեք ուրացած են Հայոց Ցեղասպանութիւնը, դեսպան Ռիքարտոնէ կրկնեց խեղճօրէն անգիր սորված իր բառերը. «Ես համաձայն եմ նախագահ Օպամայի բնութագրումին՝ «Եծ Մեղեռն»ին (Yedz Meghern), ինչպէս իրենք հայերը կ’անուանեն…»: Դժբախտաբար, ան սխալ արտասանեց «Մեծ Եղեռն» բառը՝ շրջելով երկու բառերուն առաջին տառերը, փաստելով, որ ինք ոչ մէկ գաղափար ունի, թէ ինչի՛ մասին է խօսքը: Եթէ ան իսկապէս կը ցանկար հայերէն բառ գործածել, կրնար պարզապէս ըսել «ցեղասպանութիւն»: Ծերակոյտի Արտաքին գործերու յանձնաժողովը դարձեալ նիստ պիտի գումարէ Սեպտեմբերին, քննարկելու համար Ռիքարտոնէի թեկնածութիւնը, Օգոստոս 12ի լսումէն յետոյ ծերակուտականներու կողմէ ներկայացուած հարցումներուն անոր տուած գրաւոր պատասխանները ուսումնասիրելէ ետք: Մենք յաջողեցանք ձեռք բերել անցեալ շաբաթ դեսպան Ռիքարտոնէի պատասխանները՝ ծերակուտական Մենենտէզի վեց հարցումներուն, որոնք կը վերաբերէին վարչապետ Էրտողանի «մենատիրական միտումներուն», քրիստոնէական եկեղեցիները իրենց օրինական տէրերուն վերադարձնելուն, Կիպրոսէն իր զօրքերը հանելու շուրջ Թուրքիոյ մերժումին, թրքական դրամատուներու կողմէ Իրանի նկատմամբ ԱՄՆի պատժամիջոցներու շրջանցման, Թուրքիոյ կողմէ Հայաստանի շրջափակումին եւ Հայոց Ցեղասպանութեան հարցով ԱՄՆի կողմէ վարուող քաղաքականութեան: Դեսպան Ռիքարտոնէ խուսափեցած է պատասխանելէ իրեն տրուած գրեթէ բոլոր հարցումներուն: Ան ամբողջական պատասխան տուած է միայն մէկ հարցումի, որով ինքզինք մեծ խնդիրի մէջ ձգած է՝ ակնյայտօրէն կեղծ յայտարարութիւն ընելով: Ծերակուտական Մենետէզ. «Ձեր կարծիքով, մինչեւ 1915 թուական այսօրուան Թուրքիոյ տարածքին գործած աւելի քան 2000 քրիստոնէական եկեղեցիներէն մօտաւորապէս քանի հատը տակաւին այսօր կը շարունակեն գործել իբրեւ եկեղեցի»: Դեսպան Ռիքարտոնէ. «Մինչեւ 1915 թուական գործող քրիստոնէական եկեղեցիներուն մեծ մասը դեռ կը գործէ իբրեւ եկեղեցի: Մեծ կարեւորութիւն ունեցող եկեղեցիներէն քանի մը հատը վերածուած են թանգարանի: Միւսները կա՛մ չեն վերանորոգուիր, կամ ալ վերածուած են մզկիթներու, չօգտագործուելու պատճառաւ»: Սա պարզապէս անհաւատալի պատասխան էր փորձառու դեսպանի մը կողմէ, որ հիանալի գիտելիքներ ունի Թուրքիոյ մասին, քանի որ քանի մը անգամ ծառայած է այդ երկիրին մէջ եւ սահուն թրքերէն կը խօսի: Ռիքարտոնէի խնդիրը այն է, որ ինք չափազանց մտերմացած է Թուրքիոյ հետ: Մէկ տարի առաջ, ծերակուտական Սեմ Պրաունպաք «կասեցում» դրաւ դեսպան Ռիքարտոնէի թեկնածութեան դէմ՝ մեղադրելով զայն Գահիրէի մէջ իր ծառայութեան ընթացքին, «եգիպտացի իր դիւանագէտ գործընկերներուն դիրքորոշումներն ու կեցուածքները արագօրէն որդեգրելուն մէջ»: «Հաշուի առնելով այս հարցերը՝ ես համոզուած չեմ, որ դեսպան Ռիքարտոնէ ներկայիս Թուրքիոյ մօտ դեսպանի ճիշդ թեկնածու է», գրած էր ծերակուտական Պրաունպաք 2010ի Օգոստոս 16ին, արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթընի ուղղուած իր նամակին մէջ: Դեսպան Ռիքարտոնէ այժմ նոյն սխալը կը գործէ Թուրքիոյ մէջ իր նոր պաշտօնով: Ան պարզապէս դարձած է Թուրքիոյ կառավարութեան խօսափողը, եւ ոչ թէ Միացեալ Նահանգներու պաշտօնական ներկայացուցիչը Անգարայի մէջ: Դժբախտաբար, ծերակուտական Պրաունպաք այլեւս Ծերակոյտի անդամ չէ, որպէսզի դարձեալ «կասեցում» դնէ դեսպան Ռիքարտոնէի թեկնածութեան դիմաց, սակայն պէտք է գտնուին այլ ծերակուտականներ, որոնք նոյնը պիտի ընեն, վստահ ըլլալու համար, որ ԱՄՆ դեսպանը կը ներկայացնէ ԱՄՆի շահերը արտերկիրի մէջ, եւ ոչ թէ կը կատարէ հիւրընկալող երկիրին յանձնարարութիւնները: Ինչպէ՞ս կարելի է բացատրել դեսպան Ռիքարտոնէի անիմաստ ու կեղծ պնդումները, թէ Թուրքիոյ մէջ մինչեւ 1915 թուական գործող քրիստոնէական եկեղեցիներուն մեծ մասը տակաւին կը գործէ իբրեւ եկեղեցի: Իրականութիւնը ճիշդ հակառակն է: Քրիստոնէական եկեղեցիներէն միայն քանի մը հատը Թուրքիոյ մէջ այսօր տակաւին կը գործեն իբրեւ եկեղեցի, առանց հաշուի առնելու Պոլսոյ մէջ հայկական, յունական եւ ասորական քանի մը տասնեակ եկեղեցիները: Դեսպան Ռիքարտոնէի կողմէ եկեկեցիները մզկիթի կամ թանգարանի վերածումը արդարացնելու գռեհիկ փորձը, մեծ վիրաւորանք է բոլոր քրիստոնեաներուն: Դեսպան Ռիքարտոնէ ակնյայտօրէն ինքզինք որակազրկեց Թուրքիոյ մօտ ԱՄՆ դեսպանի պաշտօնին նշանակուելու գծով: Ծերակուտականներէն մէկը կամ միւսը պէտք է «կասեցում» դնէ անոր թեկնածութեան դէմ, որպէսզի թոյլ չտայ որ ան նոր վնասներ պատճառէ Միացեալ Նահանգներու ազգային շահերուն: ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ












