Գլխավոր » Լրահոս, Մշակույթ

«Մէկ դարու բացակայութենէ մը ետք Կեռան Թագուհիի Աւետարաններէն պակսող երկու թերթերը իրենց հարազատ տունը վերադարձան»

Նոյեմբեր 24, 2011թ. 22:48

77«Այս թանկագին պարտէզը փրկած եմ գերութենէ, այս բուրումնաւէտ մրգաստանը, այս ջինջ ու փայլող գիրքը ի յիշատակ ինձ եւ ծնողներուս, կնոջս եւ զաւակներուս: Օրհնեալ է ան, որ զաւակ մը ունի ի Սիոն» (Մատենադարանի ձեռագիր Թիւ 142):

Երեքշաբթի, 15 Նոյեմբեր 2011 -ին աննախընթաց միջոցառում մը կազմակերպուեցաւ Երուսաղէմի Սրբոց Յակոբեանց Մայրավանքի պատրիարքարանէն ներս Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Տ. Թորգոմ Արքեպ. Մանուկեանի, Սրբոց Յակոբեանց Միաբանութեան անդամներու եւ հայ համայնքէն հրաւիրեալներու ներկայութեան:

Այս հանդիսութեան առիթը զարդանկար երկու մագաղաթեայ ձեռագիր թերթերու յանձնումն էր, որոնք ժամանակին կը պատկանէին Հայոց Պատրիարքութեան ամենաթանկարժէք ձեռագիրներու հաւաքածոյին մէկուն: Յիշեալ այդ ձեռագիրը այն Աւետարանն է, որ պատուիրուած էր Կեռան Թագուհիին կողմէ իր ամուսնոյն եւ Կիլիկիոյ Հայոց ապագայ Թագաւոր Լեւոն Բ./Գ. -ի համար: Ձեռագիրը ընդօրինակուած է Աւետիս Դպիրի կողմէ մայրաքաղաք Սիսի մէջ 1272 թուին եւ զարդանկարուած Կիլիկեան դարաշրջանի նշանաւոր արուեստագէտ Թորոս Րոսլինի կողմէ 1256-1272 ժամանակամիջոցին:

Երկու մանրանկարները որոնք իրենց տունը վերադարձուեցան՝ կը ներկայացնեն Սուրբ Մարկոս Աւետարանիչը (էջ 115) եւ Համբարձումը (էջ 284)՝ որոնք անօրինաբար փրցուած էին ձեռագիր մատեանէն մօտ հարիւր տարիներ առաջ: Մինչեւ վերջերս յիշեալ երկու թերթերը մաս կը կազմէին Icons and East Christian Works of Art հաւաքածոյին, որ կը պատկանէր Հոլանտացի հնահաւաք պարոն Միքայէլ Վան Րիյնին: Այժմու սեփականատէրը պարոն Թանասիս Մարթինոս՝ որ յոյն միջնորդի մը միջոցաւ ամբողջ հաւաքածոն 1989 -ին գնած էր պարոն Միքայէլ Վան Րիյնէն՝ այս տարուան Մայիսին Լոնտոնի Սոթըպիզի մասնագէտ պարոն Տիմոթէոս Պոլթընի թելադրութեան վրայ կապի մէջ մտաւ Բրիտանական Մատենադարանի (նախկին Բրիտանական Թանգարան) Միջին Արեւելքի Բաժնի Պատասխանատու՝ Արժանապատիւ Տէր Ներսէս (Վրէժ) Քահանայ Ներսէսեանի հետ այս երկու մանրանկարներու ծագման մասին իր մասնագիտական կարծիքը առնելու համար: Հարցը քննարկելէ եւ անհրաժեշտ ապացոյցները ստանալէ ետք թէ ատոնք անօրինաբար վերցուած էին Կեռան Թագուհիի Աւետարաններու Մատեանէն՝ պարոն Թանասիս Մարթինոս ազնուօրէն համաձայնեցաւ մանրանկարները վերադարձնել որպէս նուէր Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան:

71Հայոց պատրիարքէն ստացած լիազօրութեամբ՝ Արժանապատիւ Տ. Ներսէս Քահանայ Ներսէսեան հեշտացուց երկու թերթերու վերադարձը եւ Երուսաղէմ հրաւիրուեցաւ զանոնք յանձնելու Պատրիարքարանին, ուր նախապէս ատոնք մաս կը կազմէին թիւ 2653 ձեռագիր մագաղաթին:

Տէր Ներսէս իր խօսքին մէջ վեր բերաւ այս պատեհութեան ոգին եւ էութիւնը եւ ընդգծեց այս մագաղաթին կարեւորութիւնը հայ մշակոյթին մէջ, Կեռան Թագուհիի Աւետարաններուն պատմութիւնը եւ վերջապէս փոխանցեց երկու թերթերուն պահպանութիւնը Նորին Ամենապատիւ Պատրիարքին Տ. Թորգոմ Արքեպ. Մանուկեանին, Ս. Աթոռոյ Լուսարարապետ Գերաշնորհ Տ. Նուրհան Արքեպ. Մանուկեանին եւ լուսարար Տ. Բարսեղ Վրդ. Գալէմտէրեանին, որոնք ստացութեան փաստաթուղթը ստորագրեցին: Այսպիսով մէկ դարու բացակայութենէ մը ետք Կեռան Թագուհիի Աւետարաններէն պակսող երկու թերթերը իրենց հարազատ տունը վերադարձան:

Հանդիսութեան յայտագրի բացումը կատարեց Հոգեշնորհ Սամուէլ Ծ.Վրդ. Աղոյեան ներկայացնելով Տ. Ներսէս Քահանայ Ներսէսեանի կենսագրական գծերը:

Իր սիրոյ աշխատանքին եւ երկու թերթերու վերադարձին իր նուիրեալ հետապնդման համար՝ Ամեն. Պատրիարք Սրբազան Հայրը եւ Լուսարարապետ Նուրհան Արքեպ. Մանուկեան միասնաբար լանջախաչով զարդարեցին Տ. Ներսէս Քահանայի կուրծքը ի դիմաց Սրբոց Յակոբեանց Միաբանութեան:

Հանդիսութիւնը փակուեցաւ Ս. Աթոռի օրհներգով որուն յաջորդեց հիւրասիրութիւն մը:

ԴԻՒԱՆ Ս. ԱԹՈՌՈՅ


Դիտել Լրահոս, Մշակույթ բաժնի բոլոր նյութերը



Digg this!Add to del.icio.us!Stumble this!Add to Techorati!Share on Facebook!Seed Newsvine!Reddit!Add to Yahoo!

Մեկնաբանությունները թույլատրված չեն