Նարեկ Յարութիւնեանի Գործը Պէտք է Դիտարկուի Իբրեւ Սփիւռքահայ Հանրութեան Հաղորդագրութիւն Տալու Իւրայատուկ Ձեւ
«Սարդարապատ» շարժումը հանդէս եկած է յայտարարութեամբ` անդրադառնալով «Նարեկացի» արուեստի միութեան տնօրէնի կալանաւորման: «Սարդարապատ»ի յայտարարութեան մէջ մասնաւորապէս կը նշուի.
«Հայաստանի երրորդ հանրապետութեան մէջ իշխանութիւնը գրաւած բռնատէրերու խամաճիկային «Արդարադատութիւնը» արձանագրած է հերթական խայտառակ դրսեւորումը: Տարիներ շարունակ երկրի ազգային հարստութիւնը կողոպուտի ենթարկող եւ քանի մը ընտանիքներու միջեւ բաժնած, ինչպէս նաեւ ողջ տնտեսութիւնը «ստուերային» միջոցներով կառավարող վարչաձեւը վերջապէս որոշեց «Օրէնքի իշխանութիւն» հաստատել տնտեսութեան ոլորտին մէջ:
Առաջին հայեացքէն զարմանալի կրնայ թուիլ, որ «յանուն հարկային արդարութեան» սկսած պայքարը թիրախ ընտրեց սփիւռքահայ Նարեկ Յարութիւնեանը եւ Յարութիւնեան ընտանիքը` մարդիկ, որոնք ներդրողներու մէջ կ’առանձնանան իրենց մշակութային եւ արուեստասէր կերպարով եւ գործերով: Յարութիւնեան ընտանիքը կ’առանձնանայ հայ մշակոյթի եւ արուեստի բնագաւառին մէջ վերջին տասնամեակին կատարած որակական եւ քանակական տեսակէտով բացառիկ ներդրումներով` հիմնելով արուեստի եւ մշակոյթի իր տեսակին մէջ եզակի կեդրոններ Երեւանի եւ Շուշիի մէջ, իրականացնելով մշակութային հարիւրաւոր նախագիծեր Հայաստանի եւ արտերկրի մէջ: Աւելին, Յարութիւնեան ընտանիքը եւ Նարեկ Յարութիւնեան այն առաջին սփիւռքահայերն են, որոնք խոշոր ներդրումներ կատարած են ազատագրուած տարածքներու մէջ` հիմնելով Քնարաւան գիւղը Քարվաճառի շրջանին մէջ:
Յատկանշական է, որ նման զարգացումները հետեւած են օրեր առաջ սփիւռքին ուղղուած Սերժ Սարգսեանի ամպագոռգոռ կոչերուն`համագործակցիլ, ներդնել, վերադառնալ Հայաստան: Եթէ յիշենք, որ վերջերս Սփիւռքի շարք մը հեղինակաւոր ներկայացուցիչներ` Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոս, ՀՅԴ ԱՄՆ արեւմտեան ափի կեդրոնական կոմիտէ, Շարլ Ազնաւուր, Լեւոն Հայրապետեան եւ ուրիշներ, կոշտ եւ անկեղծ գնահատական տուած են Հայաստանի մէջ տիրող աղիտալի իրվիճակին՝ հասկնալի կը դառնայ իշխող վարչաձեւի այսպիսի կեցուածքին պատճառը:
Այս իմաստով, Նարեկ Յարութիւնեանի գործը, արտացոլելով քրէա-օլիկարխիկ համակարգի տրամաբանութեան ողջ գունապնակը, պէտք է դիտարկուի ո՛չ թէ իբրեւ առանձին դէպք կամ թիւրիմացութիւն, այլ իբրեւ սփիւռքահայ հանրութեան եւ մտաւորական շրջանակներուն քանի մը պատասխան զգուշացումներ ընելու եւ հաղորդագրութիւն տալու իւրայատուկ ձեւ:
Հալածանքի ձեւն ու ոճը ոչ միայն տնտեսական վէճի, այլեւ քաղաքական վրէժի տեսք ստացած են: Հալածանք սկսած է հայրենասէր բարեգործի մը նկատմամբ, որ խուսափելով հանդերձ քաղաքականութենէն, միշտ բնութագրուած է իր անկախ, ինքնուրոյն եւ ազգային գործելաոճով: Փաստօրէն կը հետապնդուի անկախ ու ինքնուրոյն ձեռներէցութեան ու ազգային գործունէութեան բուն փորձն ու գաղափարը, երբ սփիւռքահայ գործարարը մէկ կողմէն չի համաձայնեցներ իր ազգային բարեգործական գործողութիւնները, իսկ միւս կողմէն չի «կիսեր» իր գործարարութեամբ տեղական քրէա-օլիկարխիկ համակարգի հետ եւ այդ իսկ պատճառով կը սկսի ենթարկուիլ բռնութիւններու: Կը հետապնդուի նաեւ ազատագրուած տարածքներուն մէջ ներդրում ընելու առաջին փորձը` կանխելու համար նման ներդրումներու հոսքը դէպի այդ տարածքներ:
Այս գործին մէջ առկայ կամայականութիւններուն առատութիւնը, ներառեալ Նարեկ Յարութիւնեանի կալանքի իրականացումը, լկտի կերպով կը մատնէ Հայաստանի հանրապետութեան արդարադատութեան չգործող համակարգի սնանկ էութիւնը եւ ենթակայութիւնը վերեւներէն թելադրուող հրահանգներուն :
Նարեկ Յարութիւնեանի գործը թոյլ կու տայ քանի մը յստակ հետեւութիւններ ընելու.
Սին է այն ակնկալիքը, թէ քրէա-օլիկարխիկ համակարգի հետ համագործակցութեան ճանապարհը կրնայ յանգեցնել անոր որակական փոփոխման: Հայաստանի մէջ ներկայիս գոյութիւն ունեցող բռնատիրութեան պայմաններուն մէջ որեւէ իմաստաւոր ազգային, բարեգործական եւ տնտեսական գործունէութիւն կրնայ ծաւալիլ միայն ի հաշիւ քրէա-օլիկարխիկ համակարգի հզօրանալով, իսկ իրականացուիլ` միայն այդ համակարգին կողմէ գաղափարական ու առաւել եւս նիւթական բոլոր միջոցներու կոշտ հսկողութեան ու «հարկման» պայմաններուն մէջ:
Սփիւռքի, իբրեւ «կթան կովու» պատկերացումը պէտք է փոխարինուի անոր, իբրեւ նոր Հայաստանի գործուն շինարարի եւ մարտիկի պատկերով: Անհրաժեշտ է ոչ միայն զրկել կեղեքիչները Սփիւռքի նիւթական ու բարոյական աջակցութենէն, այլեւ ուղղել Սփիւռքի տնտեսական ներուժը եւ բարեգործական մասնակցութիւնը դէպի Հայաստանի եւ Սփուռքի առողջ ուժերու միացեալ դիմադրութիւն, անհնազանդութիւն ու պայքար` ինչպէս այս մասնաւոր գործի պարագային, այնպէս եւ քրէա-օլիկարխիկ համակարգի լիակատար կազմաքանդումը ապահովելու նպատակին: Նարեկ Յարթիւնեանի գործը վերջին կաթիլը պէտք է դառնայ Սփիւռքի առողջ ուժերու համբերութեան բաժակին: Մնացեալը կ’ընէ Հայաստանի քաղաքացիական հասարակութիւնը»:
ArmAr.am












