ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅՈՑ ԵՐՐՈՐԴ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԻ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆԸ
2011 թուականի դեկտեմբերի 10-ին Սեւրի մէջ (Փարիզ) կայացաւ Արեւմտահայոց Երրորդ Համագումարը: Ներկայ էին Օսմանեան կայսրութեան նախկին հայ քաղաքացիներու ժառանգներ, ներառեալ հայրենակցական միութիւններու պատուիրակներ՝ Ամերիկայի ՄիացեալՆահանգներէն, Ֆրանսայէն, Անգլիայէն, Արժանթինէն, Աւստրիայէն, Գանատայէն, Զուիցերիայէն, , Հայաստանի Հանրապետութենէն եւ Ռուսաստանէն:
Համագումարի բացման առթիւ բարեմաղթանքի խօսքով հանդէս եկան Պարթեւ Վրդ.Բարսեղեանը, Մխիթարեան Միաբանութենէն Ծայր. Վրդ. Յարութիւն Պզտիկեանը եւ Ֆրանսայի մօտ ՀՀ դեսպանի տեղակալ Պրն. Աշոտ Ալեքսանեանը:
Համագումարը հիմնեց Արեւմտահայերու միջազգային հասարակական ոչ-կառավարական, ոչ-շահութաբեր կազմակերպութիւն՝ «Արեւմտահայոց Ազգային Համագումար» կազմակերպութիւնը, ընդունեց անոր կանոնադրութիւնը, ընտրեց Դոկտ. Սուրէն Սէրայտարեանը իբրեւ կազմակերպութեան նախագահ, Պրն. Կարէն Միքայէլեանը, Տիկ. Սօնա Եագուպեանը եւ Գեներալ Նորատ Տէր-Գրիգորեանցը իբրեւ փոխնախագահներ, գործադիր մարմնի «Արեւմտահայոց Ազգային Խորհուրդի» 24 անդամներ եւ հաստատեց կազմակերպութեան 2012-2013 թթ գործունէութեան ծրագիրը:
«Արեւմտահայոց Ազգային Համագումար»-ի առաջնահերթ նպատակն է գործունէութեան այնպիսի ծրագիրներու մշակումը, որոնք հնարաւորութիւն կ’ընձեռեն պաշտպանել արեւմտահայոց շահերն ու իրաւունքները, որոնք ոտնահարուեցան ոչ միայն 1914 թ. ընդունուած բարենորոգումներու ծրագիրները չիրագործելու պատճառով, այլ առաւէլ եւս օգտուելով պատերազմական վիճակէն, թրքական իշխանութիւններու նոր ժամանակներու առաջին ցեղասպանութեան գործադրման հետեւանքով, որ խլեց մէկուկէս միլիոն հայերու կեանքը եւ աոաջնորդեց հարիւրհազարաւորներու վտարաման իրենց երկրէն, ուր անոնք կըբնակէին հազարամեակներ շարունակ:
Նոյնիսկ Մեծ Եղեռնէն ետք հնարաւորութիւն կար արդարութեան վերահաստատման համար: Կոնստանդնուպոլսոյ դատարանը 1919-ին դատապարտեց ցեղասպանութեան կազմակերպիչները, իսկ 1920 թ.Օգոստոսի 10-ի Սեւրի դաշնագիրով մէծ տէրութիւնները և նմանապէս Թուրքիան ճանչցան Հայաստանի անկախութիւնը Վանի, Պիթլիսի, Էրզրումի եւ Տրապիզոնի նահանգներու սահմաններուն մէջ:
Ներկայ պայմաններուն տակ, երբ պաղ պատերազմը աւարտած է, կըձեւաւորուի նոր համաշխարհային համակարգ մը, երբ վերականգնուած է հայկական պետականութեան անկախութիւնը եւ ազատագրուած է Արցախը, հայութեան առջեւ կըբացուին նոր հնարաւորութիւններ՝ պայքարելու ի խնդիր ընդհատուած Հայոց հարցի արդարացի լուծման:
Արդ՝ «Արեւմտահայոց Ազգային Համագումարը»
- Կը ծրագրէ տանիլ հետեւողական աշխատանք` հասնելու համար ճանաչումի ազգային ու միջազգային ասպարէզներու վրայ իբրեւ արեւմտահայոց լիազօր ներկայացուցչական մարմին ընդունուելուն, ընդհուպ մինչեւ անոր ՄԱԿ-ի Տնտեսական եւ Սոցիալական Խորհրդին մէջ գրանցումը:
Միաժամանակ
•Պիտի աջակցի եւ համագործակցի այն գիտահետազօտական եւ համալսարանական հաստատութիւններուն հետ, որոնք կ’առընչուին ցեղասպանութեան եւ անոր հետեւանքներուն հետ,
•Պիտի ծաւալէ աշխոյժ գործնէութիւն` ողղուած հայկական քաղաքակրթութեան, մշակութային եւ ճարտարապետական արժէքներու պահպանման եւ վերականգման համար,
•Հետեւողական աշխատանք պիտի տանի յայտնաբերելու եւ հաշուարկելու անհատական եւ հաւաքական վնասները, որոնց ենթարկուեցաւ հայ ժռղովուրդը1915 թուականէն սկսեալ, եւ պիտի կազմակերպէ ու ծաւալէ միջազգային իրաւագէտներու գործունէութիւն` նպատակ ունենալով դատական հայց ներկայացնել ազգային, տարածաշրջանային եւ միջազգային դատարաններուն,
•Պիտի հիմնէ եւ աջակցի զարգացնել իր մասնաճիւղերը հայ համայնքներու մէջ, իր ներկայացուցչութիւնը ապահովելու համար ժողովրդավարական (դեմոկրատական) միջոցներով, հաշուի առնելով հայ համայնքներու առանձնայատկութիւնները,
•Եւ իր տեւողութեան ու գործունէութեան ընթացքին ջանք պիտի չխնայէ հաստատելու համագործակցութիւն Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւններուն հետ Հայկական հարցի հետապնդման գործին մէջ՝ աշխատանքի բաժանում եւ դերերու բաշխում իրագործելու համար, ի նպաստ համատեղ այնպիսի ծրագիրներու մշակումին եւ իրագործման, որոնք կ’երաշխաւորեն համայն հայութեան ապահով հեռանկարային զարգացումն ու հզօրացումը:












