ԹԵՐ ՈՒ ԴԷՄ ԿԱՐԾԻՔՆԵՐՈՒ ՊԱՅՔԱՐԸ
Ֆրանսայի կողմէ ընդունուած ցեղասպանութիւններու, ի շարս որոնց՝ Հայոց Ցեղասպանութեան ալ ժխտումը պատժելի դարձնող օրինագծին Ծերակոյտին կողմէ վաւերացումը արդէն շաբաթ մը եղաւ, բայց թեր ու դէմ կարծիքներու պայքարը կը շարունակուի նոյն թափով: Այդ կարծիքները, երեսփոխաններու, ծերակուտականներու՝ Հանրապետութեան նախագահին ուղղուած նամակներն ու կոչերը այնքան բազմաթիւ են, որ անկարելի է անդրադառնալ բոլորին ալ: Անոնցմէ մէկ մասին անդրադարձանք արդէն մեր նախորդ թիւով:
Այսպէս, Հայոց Ցեղասպանութեան մասնագէտ խումբ մը պատմաբաններ՝ Անէթ Պէքէր, Համիթ Պոզարսլան, Վէնսան Տիւքլէր, Ռեմոն Գէորգեան, Գլէր Մուրատեան, Իվ Թէրնոն հանդէս եկած են նամակով մը, ուր կը դատապարտեն տարիներով իրենց ուսումնասիրած եւ իրողութիւնը հաստատուած՝ Հայոց Ցեղասպանութիւնը կրկին քննարկման նիւթ դարձնելու ուղղութեամբ առաջարկները: Կ՚ըսեն, թէ յստակ է նաեւ, որ հայ եւ թուրք պատմաբաններու յանձնաժողովի մը ձեւով նախատեսուած՝ արտաքնապէս առարկայական այդ առաջարկին ետին թաքնուած է թրքական ուրացումը:
***
Հայկական Դիտարանն ալ, իր նախագահին՝ Պ. Ռոպէր Այտապիրեանի ստորագրութեամբ կոչ մը յղած է ծերակուտականներուն:
Ռ. Այտապիրեան, անդրադառնալով որոշ ծերակուտականներու Սահմանադրական Խորհուրդ դիմելու տրամադրութեան, կ՚ըսէ թէ օրէնքին հակասահմանադրական բնոյթին մասին պնդումներուն արդէն պատշաճ կերպով պատասխանած է իրաւաբանութեան իրենց մասնագէտը՝ Վէնսան Գուսիրա-Գուսթէր, եւ հանգամանալից կերպով զանոնք ջրած է: Կ՚աւելցնէ, թէ իրաւաբանական նման պատճառաբանութիւնները, իրականութեան մէջ, քաղաքական կամքի մը յայտարարներն են, այլ խօսքով՝ լոկ պատրուակներ:
Խօսքը ուղղելով այն ծերակուտականներուն, որոնք թեր քուէարկեցին օրէնքին՝ կ՚ըսէ, թէ շնորհիւ իրենց որոշումին՝ այսօր Իսրայէլի, Պելճիքայի, Գերմանիոյ մէջ խիղճերը կ՚արթննան՝ հակազդելու համար ժխտողականութեան ժանտախտին: Պ. Այտապիրեան կը գրէ, թէ շնորհիւ ֆրանսացի ծերակուտականներու քուէարկութեան՝ նոյնիսկ Թուրքիոյ մէջ սկսած է ճաթռտիլ ուրացման պատը, մարդիկ գօտեպնդուած անկէ՝ սկսած են օրինակելի քաջութեամբ ստանձնել իրենց պետութեան բարոյական սնանկութիւնը:
***
Օրինագծին հեղինակներէն՝ փաստաբան Ֆիլիփ Գրիգորեան ալ նամակ մը գրած է նախագահ Սարքոզիին, որպէսզի արագօրէն ստորագրէ օրէնքը:
***
Օրէնքին անակնկալ ընդդիմադիր մը յայտնուած է, յանձին՝ Առանց Սահմանի Թղթակիցներու կազմակերպութիւնը: Անոր ընդհանուր քարտուղարը Ժան-Ֆրանսուա Ժիւլիար, Յունուար 25 թուակիր երկար նամակով մը, կը բացատրէ իրենց դիրքորոշումը: Քաղաքական ամենէն վարպետ դէմքերու արտայայտութիւններու եւ դեռ շաբաթ մը առաջ Ծերակոյտին մէջ ալ հնչած որոշ ելոյթներու վայել ամբոխավարութեամբ՝ Ժիւլիար կ՚ըսէ, թէ կը հասկնայ Հայոց ցաւը, կը բաժնէ զայն եւլն, բայց քուէարկուած օրէնքը նպատակայարմար չէ չորս պատճառներով. նախ կը կաշկանդէ արտայայտութեան ազատութիւնը. յանցանքը եւ պատիժը բոլորովին անհամեմատ են. Խորհրդարանը զանցած է իր լիազօրութիւնները. եւ վերջապէս՝ օրէնքը յստակ չէ: Այսքանով ալ չի գոհանար: Խորհրդարանականներէն կը պահանջէ, որ անմիջապէս դիմեն Սահմանադրական Խորհուրդ՝ առկախել տալու համար օրէնքը:
ArmAr.am












