«Ռումանիոյ հայկական համայնքը մեր ամենէն հին եւ պատմական համայնքներէն մէկն է»
ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբի գրասենեակի նախագահ՝ Գասպար Կարապետեան այցելեց Ռումանիա, ուր ներկայ գտնուեցաւ Սուչավա քաղաքը գտնուող Հաճիկատար վանքի ուխտագնացութեան: Հաճիկատար վանքը, կառուցուած է 1512 թուականին, թէ՛ հայերուն եւ թէ՛ ռումանացիներուն կողմէ կը նկատուի հրաշագործ, եւ իւրաքանչիւր տարի հարիւրաւոր հաւատացեալներ ներկայ կը գտնուին ուխտագնացութեան: Եկեղեցական արարողութիւնները կատարուեցան թեմակալ առաջնորդ Տաթեւ եպսկ. Մուրատեանի կողմէ: Ներկայ էին նաեւ Ռումանիոյ կառավարութան տնտեսութեան նախարար պրն. Վարուժան Ոսկանեան, պետական երեսփոխան պրն. Վարուժան Փամպուքճեան եւ գաղութային կառոյցներու ներկայացուցիչներ:
ԵՀԴՅ գրասենեակի նախագահը, Հայ Դատի աշխատանքներուն ներկայի իրականութեան շուրջ կատարեց դասախօսութիւն, եւ ապա ունեցաւ զրոյց համայնքի երիտասարդական կառույցի անդամներուն հետ, իրենց եռօրեայ սեմինարային շարքի ծիրէն ներս, որ տեղի ունեցաւ Սուչավայի մէջ:
Պուքրէշի մէջ Գասպար Կարապետեան ունեցաւ հանդիպումներ թեմակալ առաջնորդ սրբազան հօր, ինչպէս նաեւ Ռումանիոյ Հայոց միութեան նախագահ եւ տնտեսութեան նախարար պրն. Վարուժան Ոսկանեանին հետ, որոնցմէ տեղեկանալէ ետք համայնքի կացութեան եւ ներուժին շուրջ, քննարկեց կարելիութիւնները նաեւ Ռումանիայէն ներս Հայ Դատի աշխատանքներ ծաւալելու:
«Ռումանիոյ հայկական համայնքը, մեր ամենէն հին եւ պատմական համայնքներէն մէկն է: Դարերու ընթացքին յաջողած է պահպանել իր ազգային դիմագիծը եւ արժէքները, ու այսօր յաջողած է ունենալ պետական նախարար եւ երեսփոխան Ռումանիոյ խորհրդարանէն ներս: Կարեւոր է նշել, թէ Ռումանիոյ պետութիւնը մեծ հոգածութեամբ կը վերաբերուի մեր համայնքին հետ, պահպանելով հայկական եկեղեցական եւ մշակութային ժառանգութիւնները եւ լուրջ գումարներ տրամադրելով համայնքին՝ իրագործելու համար իր ծրագիրները: Մենք յայտնեցինք մեր պատրաստակամութիւնը մեր կարելիութեան սահմաններուն մէջ, օժանդակելու շրջանին մէջ աշխուժացնելու Հայ Դատի հետապնդման աշխատանքները եւ գոհունակութեամբ հաստատեցինք, թէ համայնքին կրօնական եւ աշխարհական ղեկավարութիւնը պատրաստ է սատարելու այդ ազգանուէր առաքելութեանը», շեշտեց ԵՀԴՅ գրասենեակի նախագահ Գասպար Կարապետեան։












