Վե՛րջ տվեք «Քեսապն այլեւս չկայ» արտահայտությանը. կոչ հայ լրագրողներին
Սիրելի հայկական լրատուամիջոցներու լրագրողներ, հաղորդավարներ յատուկ խնդրանք բոլորիդ, «Վե՛րջ, Քեսապն այլեւս չկայ» արտայայտութիւնը մի դարձնէք հիթային ու մի մտցնէք շրջանառութեան մէջ: Անիկա եղած է թուրքերու երազանքը դեռ 1909էն, աւելի լաւ է Քեսապի երբեւէ հետեւողականօրէն չներկայացուած պատմութիւնը ներկայացնէք հասարակութեան ու Քեսապի իրական արժէքը, ցոյց տուէք: Նախեւառաջ յիշատակելով, որ Քեսապը գաղթօջախ չէ, այնտեղ դեռ Տիգրան մեծի ժամանակներէն հայեր ապրած են, ան հայկական հող է:
Յաջորդ կարեւոր բանը, որ կ’ուզեմ յիշատակել, Քեսապը 1909-ին ենթարկուած է “Թալանտի” ինչպէս իրենք կ’ըսեն, թուրքերը թալանած են, այրած աւերած Քեսապը, Քեսապցիները տարհանուած են եւ դարձեալ վերադարձած ու հասցուցած են մինչեւ 1915-ը կրկին ծաղկեցնել իրենց Քեսապը:
Ես այս պահուն ալ մշտական կապի մեջ եմ անոնց հետ Լաթաքիայէն, անոնք յուսահատ չեն, մարդիկ կը տխրին, որ կը թալանուի իրենց շէն բնակավայրը, փառք կու տան , որ զոհեր չկան, կ’անհանգստանան մէկը միւսի համար ու կ’աղօթեն, որ խաղաղութիւն հաստատուի…
Անոնք յուսալքուած չեն, անոնք յանձնուած չեն , Քեսապը, Քեսապցիով է Քեսապ…. անոնք կը հաւատան, որ պիտի վերադառնան, խաղաղութիւն հաստատուելէն ետք, բայց այս պահուն առաջնահերթութիւնը մարդոց անվտանգութիւնն է… Քեսապցին երկու անգամ առանց համացանցի ու լրատուամիջոցներու միջամտութեան կրցած է վերադառնալ իր հայրենի հողը, այսպէս անփութօրէն չխանգարենք անոնց անիկա երրորդ անգամ ընելուն….
Անփութօրէն մի շեշտադրէք վերոյիշեալ արտայայտութիւնը, մի իրականացնէք թուրքերու երազանքը…












