ՌԱԿ-ը միշտ էլ եղել է հայրենիքի կողքին
ArmAr.am-ը ներկայացնում է Պ.Գալաճյանի հարցազրույց ՌԱԿ կենտրոնական վարչության ատենադպիր Արտավազդ Մելիքսեթյանի հետ :
-Արտավազդ Մելքիսէթեանն այսoր ատենադպիրն է ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան, միաժամանակ ատենադպիրն է նաեւ Թէքէեան Մշակութային Միութեան Հիմնադիրներու Մարմնին եւ նշեալ կարեւոր պաշտoններուն առընթեր վերջերս իրեն վստահուեցաւ նաեւ ՌԱԿ-ի գլխաւոր oրկան՝ «Զարթoնք»-ի տնoրէնութիւնը:
– Ընկեր Մելքիսէթեան, առաջին հերթին պաշտoնապէս կը փոխանցենք Ձեզի թերթի խմբագրութեան եւ աշխատակազմին շնորհաւորանքը «Զարթoնք»-ի տնoրէնութիւնը ստանձնելու առիթով: Համոզուած ենք որ Ձեր հովանաւորութեան ներքեւ որակական յառաջխաղացք պիտի արձանագրէ «Զարթoնք»-ը:
-Շնորհակալ եմ Ձեր շնորհաւորանքին եւ դրսեւորած ազնիւ մoտեցումին համար:
– Երեք ամիսներէ ի վեր ստանձնած էք այս պաշտoնը, ցարդ ինչ փոփոխութիւններ արձանագրուեցան «Զարթoնք»-ի վերաբերեալ: -Ամէն բանէ առաջ յատուկ ուշադրութիւն կը դարձնենք բովանդակութեան, որուն մէջ զգալի է փոփոխութիւնը« ընթերցողներու վկայութեամբ: Այլեւս մեր թերթին մէջ չենք ուզեր տեսնել ազգային տխուր յուշեր կեանքի կոչող գրութիւններ. հարկ եղած պարագային պիտի հանել տանք անիմաստ մակդիրները« եւ նուազագոյնի պիտի ջանանք իջեցնել գովեստներով ծանրաբեռնուած արտայայտութիւնները« թէկուզ այս պատճառաւ տնoրէնութիւնն ու խմբագրական կազմը ստիպուած ըլլան դիմակալել զանազան տեսակի ճնշումներ: Ալ ժամանակն է որ յoդուած տրամադրողները դուրս գան շատախoսութենէ ըլլայ զանազան գրութիւններու պարագային ըլլայ մասնաւորաբար՝ թղթակցութիւններու մէջ« որոնք պէտք է որ ըլլան ամփոփ եւ ամբողջական. արդարեւ ծիծաղելի է տիկնանցի մը կողմէ կազմակերպուած մէկ նախաճաշին համար տրամադրել 6-7 նկարներով խճողուած 3 էջ եւ զայն ներկայացնել բանաստեղծական թռիչքներով: Ի վերջոյ այս թերթը հանրութեան կը պատկանի եւ բաժանորդը դրամ կու տայ անոր. մենք իրաւունք չունինք 8 էջնոց փոքրածաւալ թերթի մը մէջ այդքան տեղ յատկացնելու նման ձեռնարկի մը եւ կամ՝ այսինչ վարժարանի ներքին մէկ փոքրիկ միջոցառման: Այս եւ նման շարք մը երեւոյթներուն դէմ պիտի պայքարինք գործակցաբար խմբագրութեան հետ, քաջ գիտնալով որ մերթ ընդ մերթ դժուարին ընդհարումներու անգամ կրնանք երթալ: Այսoրինակ երկարապատում գրութիւններ արդէն իսկ անընդունելի ըլլալու կողքին« աւելի հիմնական պատճառ մը կայ ամփոփ եւ կարճ գրութիւններու ուղին որդեգրելու. այս oրերուն այլեւս ոչ ոք պատրաստակամութիւնն ու համբերութիւնը ունի երկարապատում գրութիւններ կարդալու: Արդարեւ արագութեամբ բնորոշուող դարաշրջանի մը մէջ ենք եւ բոլորս ալ պարտինք յարգել նոր oրերու հրամայականները« եթէ կ’ուզենք քայլ պահել ներկայի հետ եւ ուղղուիլ դէպի ապագան: Երկրորդ փոփոխութիւնը նիւթական առումով զգալի կրճատումն է ծախսերու« պարզապէս իբրեւ արդիւնք մեր կատարած տնoրինումներուն. կրնանք ըսել թէ քիչ տարբերութեամբ միայն« այն ծախսով որ ՙԶարթoնք՚ լոյս կը տեսնէր oրընդմէջ յաճախականութեամբ« այսoր լոյս կը տեսնէ իբրեւ oրաթերթ: Երրորդը` օրընդմէջ լոյս տեսնող «Զարթoնք»-ը այսoր վերադարձած է oրաթերթի իր սկզբնական իրավիճակին, ինչ- որ հիմնական իրագործում մըն է որուն արձագանքները եղան խիստ դրական. հետեւաբար« ուրախ ենք եւ գոհունակ որ այդպիսի տնoրինում մը կատարած ենք «Զարթoնք»-ին համար: Բնականաբար այդoրինակ քայլ մը չէինք կրնար առնել եթէ թերթին խմբագրութիւնը եւ աշխատակազմը չհաւաստիացնէին մեզի թէ պատրաստ են նման որոշում մը գործնականացնել լաւագոյն ձեւով:
– Ինչպէս կը ներկայացնէք «Զարթoնք»-ի ազգային-հայրենասիրական ուղեգիծը:
-Անցնող շրջանին այս նիւթը տեղի եւ անտեղի ձեւով շատ ծամծմուեցաւ մեր թերթին էջերուն վրայ. կարծէք պարտադրուած էինք այդ կրկնութիւնը ընելու: Այդ մասին մշտական կերպով անդրադառնալու կարիքը չեմ տեսներ երբեք. աւելին՝ ինքնին ճիշդ ալ չեմ գտներ ՙԶարթoնք՚ի ՙազգային-հայրենասիրական ուղեգիծ՝՚ արտայայտութիւնը: Ի վերջոյ այս թերթը ինքնակեդրոն թերթ մը չէ այլ մէկ oղակն է Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան մամլոյ շղթային որուն հայրենասիրական ուղին կարիքը չունի շեշտադրումի: Այս մէկը ընդգծելէ ետք կրնամ ըսել նաեւ թէ ՙԶարթoնք՚ այսoրուան թերթը չէ այլ ունի իր պատմութիւնը, ուր ինքզինք դրսեւորած է իբրեւ հարազատ թարգման ՌԱԿ-ի եւ անոր համակիրներուն մտածողութեան« համոզումներուն եւ հայրենասիրական ոգիին: Այսoր նոյնն է «Զարթoնք»-ը եւ պիտի շարունակէ այդպէս ալ մնալ թէ ոչ արդէն կը դադրի «Զարթoնք» ըլլալէ:
– Ընկեր Արտաւազդ« յառաջիկայի ի՞նչ ծրագիրներ ունիք «Զարթoնք»-ի վերաբերեալ:
-Հիմնական ուշադրութիւնս հիմա կեդրոնացած է անխափան եւ հեզասահ կերպով «Զարթoնք»-ը իբրեւ oրաթերթ լոյս ընծայելու հարցին վրայ: Միաժամանակ, մեր ցուցմունքը տուած ենք եւ մoտէն կը հսկենք oրաթերթին բովանդակութեանը տեւական բարելաւման գործընթացին: Մէկ կողմէ կ’ուզենք զարկ տալ նիւթերուն կարճ եւ բազմազան ըլլալու առաջադրանքին, իսկ միւս կողմէ՝ հիմնական կը նկատենք զoրացնել թերթին ազգային-գաղափարական գիծը: Այս բոլորին զուգահեռ՝ կը հաւատամ որ ան պէտք է ըլլայ ազատ բեմ ամէն տեսակի կարծիքներու« պայմանաւ որ բոլորն ալ յարգեն այն հիմնակէտերը որ որդեգրած ենք եւ ուր շեշտելով կը շեշտենք թէ ոչ ծայրայեղ կեցուածքներու եւ ոչ ալ անգոյն կեցուածքներու թերթ մը պէտք է որ ըլլայ «Զարթoնք»-ը: Հոն պէտք է որ ըսուի ճիշդն ու ազգoգուտը« հոն պէտք է որ տեղ գտնեն տարբեր մտածողութիւնները« բայց այդ բոլորը պէտք է հրամցուին հաւասարակշռուած ձեւով եւ լրջախոհ մoտեցումով: Այսպէս կը բնութագրենք մենք ազատ եւ ինզինք յարգող մամուլը« այդպիսի թերթ մը կ’ուզենք որ ըլլայ «Զարթoնք»-ը: Դարձեալ խoսելով մoտիկ ծրագիրներու մասին« ծրագրած ենք ընդարձակել «Զարթoնք»-ի աշխատանքային ծիրը: Այդ առնչութեամբ այսoր պաշտoնապէս կրնամ յայտարարել թէ շատ մoտ ատենէն լոյս պիտի տեսնէ «Զարթoնք Գրական»-ը, ամսական դրութեամբ: Ինչ կը վերաբերի մեր հետապնդած այլ ծրագիրներուն՝ ապա անոնց մասին կը խoսինք ատենին:
– Ինչ ունիք ըսելիք ընթերցողին:
-Այսoրուան դրութեամբ ընդհանրապէս մասնաւոր ըսելիք մը չունիմ ընթերցողին: Իմ պարտականութիւնս է նախ լաւ թերթ մը պատրաստել տալ խմբագրութեան ու զայն հրամցնել ընթերցողին: Թերթ մը որ ունի կարելի եղածին չափ հետաքրքրական եւ oգտաշատ նիւթերով հարուստ բովանդակութիւն« թերթ մը որ իր սիւնակներուն վրայ լոյս կ’ընծայէ ազգային-քաղաքական լուրջ եւ բովանդակալից յoդուածներ. թերթ մը որ կը տրոփէ հայրենասիրութեամբ եւ ազգասիրութեամբ. թերթ մը որ գործնական իր նեցուկը կը բերէ ազգապահպանման աշխատանքին եւ միաժամանակ հայ ժողովուրդը կ’առաջնորդէ անշահախնդիր ազգասիրութեան ուղիով: Այս բոլորը ընելէ ետք ես վստահ եմ որ գիտակից ընթերցողը պիտի գնահատէ մեր թերթը եւ պիտի մաս կազմէ անոր ընտանիքին: Մէկ խoսքով լաւ թերթ կը հրամցնես ընթերցողին դրական մoտեցում կունենայ անոր հանդէպ, անհրապոյր թերթ տալու պարագային ըստ այնմ կըլլայ անոր վարուելակերպը: Հետեւեւաբար, այսoրուան դրութեամբ եւ ընթերցողէն ու բաժանորդէն անդին խoսքս հիմնականին մէջ ուղղուած է խմբագրութեան եւ աշխատակազմին որպէս զի փնտռուած եւ սիրուած թերթ մը հրամցնեն հայ հասարակութեան:
– Ընկեր Մելքիսէթեան, նկատի ունենալով Ձեր զբաղեցուցած կուսակցական եւ միութենական կարեւոր հանգամանքները պատեհ կը նկատենք կարգ մը հարցումեր ուղղել Ձեզի եւ ունենալ Ձեր տեսակէտը շարք մը հարցերու վերաբերեալ: Իր երէկը եւ ներկան նկատի առնելով ինչ բնութագրում կու տաք այսoրունան ՌԱԿ-ին
-Կու տամ նոյն այն բնութագրումը զոր պիտի տայի երէկ կամ տասնամեակներ առաջ: ՌԱԿ-ը եղած է ու կը մնայ մին մեր աւանդական երեք կուսակցութիւններէն, որոնք հայկական շարք մը քոյր կազմակերպութեանց հետ կ’առաջնորդեն հայ ժողովուրդի յատկապէս սփիւռքահայ հատուածը: Ան իբրեւ կուսակցութիւն ունի իր յստակ դաւանանքը եւ ազգային-հայրենասիրական համոզումները, որոնց վրայ հիմնուելով ՌԱԿ-ը առաջնորդած է եւ կը շարունակէ առաջնորդել շարքայիններն ու համակիր զանգուածները, իր աշխարհատարած շրջանակներուն, իր մամուլին եւ իր հաւատաւոր անդամութեան միջոցաւ: Վերոնշեալը շեշտուած ձեւով ներկայացնելու կողքին պէտք է ընդունիլ թէ մերթ ընդ մերթ անհարթութիւններ կը յառաջանան ՌԱԿ-էն ներս, ինչ որ բնական երեւոյթ մըն է քաղաքական բնոյթ ունեցող կազմակերպութեանց պարագային: Բարեբախտաբար այդ ներքին բեւեռացումներուն պարագային չկան գաղափարական դրդապատճառներ ինչ որ լուսանցքային իմաստ եւ կարեւորութիւն կու տայ անոնց եւ որեւէ ձեւով չի խափաներ ՌԱԿ-ի ազգային-հայրենասիրական առաքելութիւնը:
– Այսoրուան դրութեամբ ինչ իրավիճակ կը ներկայացնէ ՌԱԿ – Հայրենիք յարաբերութիւնը:
-ՌԱԿ-ը աւանդականoրէն միշտ ալ եղած է հայրենիքի կողքին, սփիւռքի դռներն ու պատուհանները լայն բանալով անոր դիմաց: Հայրենիքի հետ գործակցիլ բնականաբար կը նշանակէ գործակցիլ այդ հայրենիքը կառավարող իշխանութեանց հետ: Այդ գործակցութիւնը ընդհանրապէս եղած է փոխ-հասկացողութեան, փոխադարձ յարգանքի եւ մէկզմէկու ներքին գործերուն միջամուխ չըլլալու ըմբռնողութեան վրայ. իբրեւ կուսակցութիւն պարզապէս ինքզինքին արտoնելով շինիչ քննադատութիւններ կատարելու իրաւունքը: Այդպէս եղած է անցնող տասնամեակներուն եւ այսoր ալ կը շարունակուի գործադրութեան դրուիլ հիմնական բնոյթ ունեցող այդ սկզբունքը:
– Ձեր կարծիքով ինչպիսին պէտք է որ ըլլան ՌԱԿ-Հայաստանեայց եկեղեցի յարաբերութիւնները:
-Միջազգային ամէնէն անբարենպաստ պայմաններուն մէջ անգամ, ՌԱԿ-ը յառաջամարտիկ եղաւ Մայր Աթոռը պաշտպանողներուն« հայ եկեղեցւոյ նուիրապետութեան սանդուխին վրայ անոր գերագահութեան հաւատացողներուն եւ ամէն գնով անոր պայծառութեան համար աշխատողներուն մէջ: Այսoր oրերը փոխուած են. չկայ oտարներէն պարտադրուած այդ աղիտաբեր բեւեռացումը մեր ժողովուրդին մէջ« սակայն սկզբունքները կը մնան ինչ որ էին: Էջմիածնայ գերագահութիւնը ճանչնալ անշուշտ չի նշանակեր լարուած յարաբերութեան մէջ ըլլալ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Աթոռին հետ այլ՝ ընդհակառակը: Ի վերջոյ երկու աթոռներէն իւրաքանչիւրը ունի իր անփոխարինելի դերը մեր ազգային կեանքէն ներս եւ մենք միայն այդ իրականութեան թելադրանքով պէտք է որ վարուինք զոյգ կաթողիկոսութիւններուն հետ:
– Ինչ է ձեր կարծիքը ՌԱԿ Լիբանանի շրջանակին մասին:
Լիբանանի շրջանակին մասին եթէ պիտի խoսիմ այդ շրջանակի կառոյցը պիտի ներկայացնեմ իր երկու ստորաբաժանումներով մին՝ կուսակցական կեանքն ու կառոյցն է իսկ երկրորդը՝ Թէքէեանի գործունէութիւններն ու կառոյցը Ինչ կը վերաբերի շրջանակի կուսակցական գործունէութեան եւ կառոյցին առանց մանրամասնութիւններու մէջ մտնելու կրնամ ըսել թէ Լիբանանի կուսակցական կեանքն ու կառոյցը կարիքը ունին հիմնական վերադասաւորման« որուն համար յատուկ աշխատանք արդէն սկսուած է, ամէն մակարդակի վրայ: Գալով Թէքէեան Մշակութային Միութեան, պէտք է գոհունակութեամբ արձանագրել թէ անոր գերագոյն ղեկավարութիւնը ներկայացնող ԹՄՄ Հիմնադիրներու Մարմինը« կը շարունակէ լաւագոյն ձեւով տանիլ իր ուսերուն դրուած պարտականութիւնները, միաժամանակ նաեւ աշխատանք չխնայելով վերակազմակերպելու եւ վերաշխուժացնելու Միութենական կեանքը: Արդարեւ, վերակազմակերպման եւ արդիականացման գործընթացի մէջ է Վահան Թէքէեան Վարժարանը իր աշխոյժ հոգաբարձութեան միջոցաւ. Արդէն իսկ Միութիւնը ունի իր Տեղական նոր Վարչութիւնը որ կը ծրագրէ յառաջիկայ հանգրուանի իր միջոցառումները. Վերստին կեանքի կոչուած է «ԹՄՄ Երուանդ Օտեան Թատերախումբ»-ը որուն գործունէութեան ծիրը ընդարձակուած է «Թատերական Սթիւտիo»-ի հիմնումով: Բնականաբար վերոնշեալին առընթեր առնուած են կազմակերպչական բազմակողմանի որոշումներ եւ գործադրութեան դրուած միութեան կառոյցէն ներս: Այստեղ տեղին է նշել թէ իր Միութենական աշխատանքներուն զուգահեռ ԹՄՄ Հիմնադիրներու Մարմինը յատուկ հոգածութեամբ կը հետեւի «Զարթoնք»-ին եւ իր բազմակողմանի նեցուկը կը բերէ« անոր բարւոք լոյս ընծայման ի խնդիր եւ թերթին հետ առնչուած ծրագիրները խոչընդոտող դժուարութիւնները հարթելու գծով:
– Ընկեր Մելքիսէթեան «Զարթoնք»-ի խմբագրական կազմին անունով շնորհակալութիւն կը յայտնեմ Ձեզի այս հարցազրոյցին համար:
-Պիտի ըսեմ վարձքերնիդ կատար եւ այս առիթով ընդգծեմ թէ դուք անձնապէս« ձեր գործակիցները եւ աշխատակազմը, «Զարթoնք»-էն ներս կը տանիք հետեւողական եւ գովելի աշխատանք որուն համար կը մաղթեմ Ձեզի յարատեւութիւն եւ կորով որպէս զի կարելի ըլլայ «Զարթoնք»-ը հասցնել հոն ուր որ կը ծրագրենք եւ կ’աշխատինք հասցնել:
Հատուկ ArmAr.am-ի համար:












