Գլխավոր » Լրահոս, Հայ-թուրքական հարաբերություններ, Վերլուծական, Քաղաքականություն

Հայաստան- Թուրքիա սահմանը և Բաքուն

Օգոստոս 30, 2010թ. 10:30

sahmanԱյս տարուան Սեպտեմբեր ամսուան 11-17-ը, առաջին անգամ ըլլալով, Հայաստանի մէջ տեղի պիտի ունենան ՙՄարդկային օգնութեան վարժութիւններ՚, EADRCC-ի (Euro-Atlantic Disaster Response Coordination Center-ի) կողմէ, որ կը գործէ ՆԱԹՕ-ի հովանիին տակ։

Այս տարի, EADRCC-ի մարդկային օգնութեան շարքի վարժութիւնները պիտի կատարուին Եւրո-Ատլանտեան անդամ երկիրներու մէջ, որոնք ՆԱԹՕ-ի անդամ երկիրներ չեն։ Առ այդ, ծրագրուած է այս տարուան վարժութիւնները կայացնել Հայաստանի մէջ, Կոտայք-ի շրջանը, ուր 1988 թուի Դեկտեմբեր 7-ին տեղի ունեցաւ 7.2 աստիճան երկրաշարժ մը, 20,000 մարդկային կեանքեր խլելով։

Վարժութիւններուն կը մասնակցին Թուրքիան եւ Վրաստանը, մինչ Ատրպէյճան մերժած է մասնակցիլ։

Վարժութիւնները պիտի ներկայացնեն միեւնոյն մակարդակի ուժգնութեամբ երկրաշարժի մը հետեւանքները, Ռատիօ-աքթիւ եւ վտանգաւոր ճարտարուեստական աղբիւսներու կոյտեր, որոնց նպատակն է ՙյիշեցնել երկրաշաժի մը հետեւանքները եւ ուշադրութիւն կեդրոնացնել՚ Մեծամօրի հիւլէակայանին վրայ։ Մեծամօր կը գտնուի Երեւանէն 40 քլմ. եւ Թուրքիոյ Իկտիր քաղաքէն 12 քլմ. հեռու, եւ մղձաւանջն է Թուրքիոյ եւ հարաւային Կովկասին։

Խորհրդային Միութեան շրջանին եւ սովետական ճարտարագիտութեամբ կառուցուած հիւլէակայանը կը գտնուի երկրաշարժի գօտիին մէջ, եւ 1988-ի երկրաշարժի ժամանակ վնասներ կրելով, փակուեցաւ անկարողութեան պատճառաւ։ Սակայն ժամանակ մը ետք ելեկտրականութեան կարիքը ստիպեց Հայաստանի կառավարութիւնը վերաբանալ Մեծամօր հիւլէակայանը եւ զայն դնել գործօն վիճակի մէջ։ Հակառակ անոր որ Հիւլէակայանը ունեցած է 106 արկածի պատահարներ, տակաւին կը գործէ անվթար, մտավախութիւն պատճառելով Եւրոպական Միութեան, Թուրքիոյ եւ Կովկասեան երկիրներուն։

«Մարդկային օգնութեան վարժութիւններուն» մասնակցութիւն բերելու համար Թուրքիա ստիպուած պիտի ըլլայ սահմանը բանալ ինքնաշարժերու եւ գոյքերու փոխադրման համար, որ, աշնան ընթացքին, տեղի պիտի տայ Հայաստան-Թուրքիա սահմաններու բացման ակնկալութիւններու տարաձայնութիւններուն։ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւնները Թուրքիոյ մէջ խիստ քննադատութեան ենթակայ են ներքին քաղաքական գետնի վրայ, 2011 տարուան ընթացքին տեղի ունենալիք թրքական ընդհանուր ընտրութիւններուն պատճառաւ։ Սակայն Թուրքիա կը զգուշանայ սահմանները բանալով Ատրպէյճանը վրդովեցնելէ, ինչպէս յայտարարեց Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմէտ Տաւութօղլու, հաճոյալի թուալով Պաքուի իշխանութիւններուն։

Սակայն Պաքուն կը մնայ կասկածոտ եւ չþաճապարեր Անգարայի հիւպատոս Զաքիր Հաշիմովէն ետք թափուր մնացած պաշտօնը յանձնելու Ֆաիք Պակիրովին, որ նախապէս պաշտօնավարած է Եգիպտոսի մէջ որպէս գլխաւոր հիւպատոս եւ 10 տարի առաջ ալ` Թուրքիոյ մէջ որպէս հիւպատոս, եւ մեծ փորձառութիւն ունի քաղաքական գետնի վրայ։ Պաքուն, յայտնապէս խորամանկ դիւանագէտ մըն է որ, ի վերջոյ  պիտի ուղղարկէ Անգարա։

Անգարան՝ ըստ թրքական լրատուութեան, օրակարգի վրայ չունի Հայաստան-Թուրքիա սահմաններու բացումը։ Ուրեմն՝ ի՞նչն է ՆԱԹՕ-ի ՙՄարդկային օգնութեան վարժութիւններու՚ որպէս վայր Հայաստանի ընտրութեան նպատակը։

Պարզապէս՝ որովհետեւ Թուրքիա անդամ է ՆԱԹՕ-ի, եւ ներկայիս, Եուրո-Ատլանտեան ուխտը կը ջանայ Վրաստանն ու Հայաստանը եւս ընդգրկել իր մէջ, ստիպելով որ Թուրքիան բանայ իր սահմանները Հայաստանի հետ։

Յակոբ ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ

Լոս Անճելըս

ArmAr.am


Դիտել Լրահոս, Հայ-թուրքական հարաբերություններ, Վերլուծական, Քաղաքականություն բաժնի բոլոր նյութերը



Digg this!Add to del.icio.us!Stumble this!Add to Techorati!Share on Facebook!Seed Newsvine!Reddit!Add to Yahoo!

Մեկնաբանությունները թույլատրված չեն