Գլխավոր » Society, Լրահոս, Հասարակություն

Խուսափինք սխալներէն և ճիշդ արևմտահայերէնը գործածենք

Սեպտեմբեր 9, 2010թ. 09:30

-Armenian Alphabet Glory to AlphabetՎերջին տասնամեակներուն անկախ Հայաստանէն կատարուող արտագաղթը կը շարունակուի մտահոգիչ կերպով, որուն պատճառները յայտնի են բոլորին: Սակայն կը թուի թէ Հայաստանի իշխանութիւնը չի բաժներ այս մտահոգութիւնը, քանի որ, արտագաղթին պատճառները վերացնելու կամ սրբագրելու աշխատանք չի կատարեր: Արտագաղթին պատճառները այլազան են՝ տնտեսական, ընկերային ու քաղաքական մարզերու մէջ: Տնտեսական մարզին մասին խօսելով՝ շուրջ տարի մը առած մեր կատարած այցելութեան ընթացքին տեսանք, թէ շուկայի մէջ վաճառքի գիները քանի մը պատիկ աւելի բարձր են քան Գանատայի գիները, հակադրաբար այն իրականութեան որ Հայաստանի աշխատավարձքերը տասնապատիկ եւ նոյնիսկ աւելի ցած են Գանատայի աշխատավարձքերէն: Եւ տակաւին Գանատայի ժողովուրդը կը վայելէ ձրի առողջապահական խնամք, անգործութեան վճարումներու ծերութեան թոշակ, որոնցմէ գրեթէ զուրկ է Հայաստանի ժողովուրդը, իսկ ընկերային ու քաղաքական մարզերուն մէջ տիրող անբաղձալի վիճակը կարելի չէ քօղարկել: Օրէնքը անխտրական եւ համահաւասար կերպով չի կիրարկուիր Հայաստանի մէջ:

Բայց մեր նիւթը ոչ արտագաղթն է եւ ոչ ալ անոր պատճառներուն վերլուծումը, այլ վերոյիշեալ պատճառներով արտագաղթող ժողովուրդին իր հետ բերած ազդեցութիւններն են, մանաւանդ լեզուական մարզի մէջ: Արտագաղթողներու մեծագոյն զանգուածը կը բնակի Լոս Անճելէսի, կամ Գալիֆոռնիոյ զանազան քաղաքներուն մէջ, ուր կը միախառնուին Սփիւռքի դասական հայ համայնքներուն հետ՝ յառաջ բերելով, ի միջի այլոց, լեզուական խառնիճաղանճ մը: Գիտենք թէ արտագաղթողները արեւելահայերէնով կ’արտայայտուին, իսկ սփիւռքահայերը՝ արեւմտահայերէն, անոխւսափելիօրէն իրարու վրայ թողելով փոխադարձ ազդեցութիւն: Այս երեւոյթը ինքնին քաջալերելի է, եթէ իրարմէ լա՛ւն է որ ընդօրինակենք, որովհետեւ երկուքն ալ ունին իրենց լաւ եւ ընդօրինակելի կողմերը: Բայց նկատի ունենալով ստեղծուած լեզուական խառնիճաղանճը, եղածը ուրախանալի չէ: Այս հանգրուանին մեզ մտահոգողը արեւելահայերէնի ազդեցութեամբ արեւմտահայերէնի մէջ գործածուող կարգ մը բառերն ու արտայայտութեան խորթ ձեւերն են: Այսպէս.

Ա) Ֆրանսան Հայաստանի շատ մօտ կեցած երկիր է. ի՞նչ ըսել է շատ մօտ կեցած: Եթէ երկու երկիրները իրարմէ բաժնող հեռաւորութեան կ’ակնարկուի՝ մօտ չէ, շուրջ 5000 քլմ. հեռու են իրարմէ: Հասկնալի է որ բարեկամ ըսել կ’ուզուի: Ուրեմն, ինչո՞ւ շտկի-շիտակ չըսենք բարեկամ, փոխանակ շատ մօտ կեցածի պէս խորթ արտայայտութեան։

Բ) Աւելի շուտ հող պատրաստուած է ներդրումներու համար, քան՝ ներդրումներ կատարուած։

Ի՞նչ ըսել կ’ուզուի «աւելի շուտ» ըսելով։ Շուտ ածականը ժամանակի հետ կապ ունի, մինչդեռ այստեղ, ժամանակի հարց չկայ։ Ըսել կ’ուզուի որ կատարուած աշխատանքները ծրագրի, կամ խօսքի սահմանին մէջ մնացած են։

Գ) Գործող նախագահ Սերժ Սարգսեան…։  Ի՞նչ ըսել կ’ուզուի գործող նախագահ ըսելով. այսինքն՝ գործունեա՞յ, թէ ուրիշ նախագահներ ալ կան, որոնցմէ մէկն ալ … Սերժ Սարգսեանն է…։

Կան նաեւ խորթ ու սխալ գործածուող բառեր, որոնք արեւելահայերէնէն արեւմտահայերէն անցած են։

Օրինակ.- Ա) Հաւատարմատարը, որ իր երկրին կողմէ իր պաշտօնին վերաբերեալ հաւատարմագիր կոչուող պաշտօնական նամակ կը տանի ծառայելիք երկրին ղեկավարին, ստանձնելու համար դեսպանի իր պաշտօնը։ Հաւատարմատարութիւնը մնայուն գործ մը չէ։ Երբ հաւատարմագիրը ընդունուի հիւրընկալ երկրին կողմէ, հաւատարմատարը կ’ըլլայ դեսպան։ Գեղեցիկ բառ մը՝ որ դարերէ ի վեր կը գործածենք։ Եւ զարմանալիօրէն, հաւատարմատար բառը մնայուն իմաստով գործածողներն իսկ, երբ անոր աշխատավայրին կ’ակնարկեն, կը գործածեն դեսպանատուն բառը։

Բ) Սխալ կերպով իրարու տեղ կը գործածուին տարակարծութիւն եւ տարաձայնութիւն բառերը։ Արեւմտահայերէնի մէջ տարակարծութիւն բառը իրեն յատուկ իմաստը ունի եւ այդպէս ալ կը գործածուի, կազմուած ըլլալով տարբեր եւ կարծիք բառերէն։ Այսինքն, տարբեր կարծիք ունենալ։ Մինչ արեւելահայերէնի մէջ տարակարծութիւն բառին փոխարէն յաճախ կը գործածուի տարաձայնութիւն բառը, որ կազմուած է տարբեր եւ ձայն բառերէն։ Այսինքն, տարբեր ձայներ կը լսուին, զրոյց։ Կարծիք եւ ձայն նոյն իմաստը չունին որ տարակարծութիւն եւ տարաձայնութիւն իբրեւ հոմանիշ գործածուին։

Գ) Նոյնպիսի սխալ մըն է հրապարակագրութիւն եւ հրապարակախօսութիւն բառերը իրարու փոխարէն գործածելը։ Որովհետեւ, հրապարակագրութիւնը հրապարակ եւ գրել բառերէն կազմուած ըլլալով հրապարակաւ գրել կը նշանակէ, մինչ միւսը՝ հրապարակաւ խօսելու կը վերաբերի։ Սակայն արեւելահայերէնի մէջ սովորական սխալ մըն է մէկը միւսին տեղ գործածելը։

Դ) Ինչո՞ւ օդուղի բառը չգործածենք աւիաուղիին տեղ։ Աւիաուղին անսովոր կազմ մը ունի՝ լատինական աւիա եւ հայերէն ուղի բառերով, մինչ օդուղին մաքուր հայերէն է։

Եւ այսպէս, բազմաթիւ օտար բառեր արեւելահայերէնէն կը թափանցեն արեւմտահայերէն։ Լաւ է իրարմէ փոխառութիւն կատարելը, բայց ճիշդը իւրացնենք, սխալը մերժելով։

Թշնամիներու ձեռքով բաժնուած եւ տարբեր ճակատագիր ունեցող նոյն ազգին երկու հատուածներն ենք ինքնուրոյն բառ-բառներով, որոնք մեր գոյապահպանման գլխաւոր զէնքերն են։ Երկուքն ալ ծառայած են մեր ինքնապաշտպանութեան եւ դեռ պիտի ծառայեն յաւերժ ապրեցնելու համար հայ ազգը։ Խորթ իւրացումներով չխաթարենք անոնց առողջութիւնն ու գեղեցկութիւնը։

Հայկ ՆԱԳԳԱՇԵԱՆ, Մոնթրէալ

ArmAr.am


Դիտել Society, Լրահոս, Հասարակություն բաժնի բոլոր նյութերը



Digg this!Add to del.icio.us!Stumble this!Add to Techorati!Share on Facebook!Seed Newsvine!Reddit!Add to Yahoo!

Մեկնաբանությունները թույլատրված չեն