Հակառակ Ազրպէյճանի կամքին
Յանկարծակիութեան գործօնը ինքզինք զգալի դարձուց ՄԱԿ-ի ժողովասրահներուն մէջ, երբ Ազրպէյճանի ներկայացուցիչը ի՛նք յայտարարեց բանաձեւի նախագիծը չներկայացնելու մասին։ Այս հաւանականութիւնը գրեթէ չէր քննարկուեր կանխատ եսում կատարող մեկնաբանական հրապարակումներուն մէջ։ Քննարկումները կեդրոնացած էին նման բանաձեւերու բովանդակազուրկ ըլլալուն եւ կամ քաղաքական նշանակութիւն ունենալնուն վրայ։
Նախընթաց օրինակը կը յուշէր, որ ազրպէյճանական նախագիծը, քուէարկութեան դրուելուն պարագային, թէկուզ քուէարկութեան թոյլ պատկերով եւ յատկապէս ձեռնպահներու կամ քուէարկութեան չմասնակցողներու գերակշիռ թիւի համեմատութիւններով, պիտի վերածուէր բանաձեւի։ Ճիշդ ի՞նչ պատահեցաւ ուրեմն, որ Ազրպէյճան հրաժարեցաւ ներկայացնելէ իր նախագիծը, որ ի դէպ, միջազգային օրէնքներու եւ ՄԱԿ-ի դաւանած նորմերուն հետ համաձայնեցման կարգով արհեստավարժ մշակումի ենթարկուած ըլլալու տպաւորութիւնը կը ձգէր։ Այս առումով կրնան տարաբնոյթ մեկնաբանութիւններ յառաջանալ։
Յստակ է անշուշտ, որ Ազրպէյճան ինքնակամ չէ դիմած այս քայլին։ Բոլոր նախապատրաստութիւնները կընթանային այն ուղղութեամբ, որ այս նախագիծը պիտի քուէարկուէր, թէկուզ առ ի հաստատում 2008-ի բանաձեւին։ Այն տեսութիւնը, թէ որեւէ մեղմացում երկու տարի առաջ քուէարկուած բանաձեւէն կրնար նահանջ նկատուիլ ազրպէյճանական դիրքերուն համար եւ պատճառ հանդիսանալ, որ ան հրաժարի իր նախագիծէն՝ պահելու համար 2008-ի բանաձեւին ուժգնութիւնը, ի հարկէ ունի որոշ տրամաբանութիւն։
Որեւէ պատճառ տեսանելի չէր սակայն, որ Ազրպէյճանի կողմ քուէարկած եւ քուէարկող Իսլամական վեհաժողովի անդամ պետութիւնները փոխէին իրենց դիրքորոշումը։ Սակայն նման քուէարկութեան մը կրկնութիւնը այս անգամ ՄԱԿ-ի նման միջազգային կազմակերպութեան մը վերագրած պիտի ըլլար հակամարտութեան կրօնական գունաւորում տալու փաստը։ ՄԱԿ-ի ղեկավարներուն կողմէ նման խուսափում մը կրնայ որոշ հաւանականութիւն սփռել արձանագրուածին վրայ։
Յամենայն դէպս, աւելի քան համոզիչ է, որ պատահածը հակառակ Ազրպէյճանի կամքին է։ Ազրպէյճան այստեղ պարզապէս գործադրած է այն, ինչ որ պահանջուած է իրմէ։ Հարց կը յառաջանայ անշուշտ, թէ այն պետութիւնները, որոնք պահանջած են Ազրպէյճանէն նման հրաժարում, ինչո՞ւ սպասած են ամիսներ, որպէսզի քննարկման ընթացքին, մետասաներորդ պահուն այս ճնշումը կատարեն Ազրպէյճանի վրայ։ Գէթ տեսանելի բաժինով։ Կրնայ առարկուիլ անշուշտ, որ ճնշումն ու պահանջը կային եւ Ազրպէյճան մինչեւ վերջ քաղաքական առեւտուրի առարկայ դարձուց նախագիծը։
Քաղաքական առեւտուրի տեսութիւնը քիչ մը աւելի ենթահող կը գտնէ, երբ նկատի ունենանք այն լրատուութիւնը, ըստ որուն Ազրպէյճան յայտարարած ըլլայ, որ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներուն պահանջով ինք հրաժարած է նախագիծը ներկայացնելու իր որոշումէն։
Համանախագահութիւնը ներկայացնող պետութիւնները որոշ սադրիչ դերակատարութիւն ունին ՄԱԿ-ի որոշումներու գործընթացին մէջ։ 2008 -ին անոնք կողմ չքուէարկեցին Ազրպէյճանի ներկայացուցած բանաձեւին։ Միաժամանակ, սակայն, աշխատանք չտարին, որպէսզի բանաձեւը տապալի։ Պարզ է, որ եթէ Ռուսիոյ, Ֆրանսայի եւ Միացեալ Նահանգներու պէս գերտէրութիւններ այդ մէկը ուզէին, պարզապէս կիրականացնէին։ Ինչ- որ պատահեցաւ 9 սեպտեմբերին։
Բանաձեւը, չներկայացաւ նոյնինքն զայն առաջադրողին կողմէ։ Այս կը նշանակէ հասկնալիօրէն, որ հարցը ՄԱԿ տեղափոխելու ազրպէյճանական նկրտումներուն սահման դրուած է վճռական շեշտով։ Գերխանդավառութեան հարկ չկայ անշուշտ. մանաւանդ, երբ նկատի ունենանք, որ բանաձեւը օրերու ուշացումով կրնայ վերստին դրուիլ օրակարգի վրայ։ Կը վերահաստատուի հայկական կողմին լուռ չհետեւելու պահանջը։ Աւելի ճիշդը նախաձեռնելու եւ աշխուժ արտաքին քաղաքականութիւն վարելու պարտաւորութիւնը։ Հայկակա՛ն կողմէն բանաձեւեր ներկայացնելու դիւանագիտական գործողութիւններու շարքի երեւումը։
9 սեպտեմբերի պատկերը կը յուշէ, որ Ազրպէյճան պէտք է հաշտուի բանակցային ներկայ ձեւաչափին հետ։ Այս պահու դրութեամբ եւ մինչ այժմ գերտէրութիւնները համաձայնած են ներկայ բանակցային ձեւաչափին շուրջ։ ՄԱԿ-ի մէջ հակամարտութեան լուծումներ բերելու ազրպէյճանական ճիգերը մերժումի պատին զարնուած են։
Արցախեան թղթածրարի բանակցային գործընթացը պիտի շարունակուի ԵԱՀԿ-ի շրջանակներուն մէջ։ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան եւրոպական եւ եւրասիական հարցերու փոխնախարարի օգնականը Երեւանի մէջ կը յայտարարէր, որ բանակցութիւնները պէտք է ընթանան ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներու միջնորդութեամբ եւ հարցը այլ ատեաններ տեղափոխելը չի կրնար օգնել հակամարտութեան լուծման։
Ազրպէյճան, ՄԱԿ-ի մէջ 9 սեպտեմբերին, այս իրականութեան հետ հաշուի նստեցաւ։ Քաղաքական պատգամը յստակ է։ Նոյնիսկ եթէ նախագիծը վերադառնայ օրակարգ:
«Ազդակ»
ArmAr.am












