Գլխավոր » Լրահոս, Մշակույթ

Լույս է տեսել «Լիբանանի հայերը» գիրքը

Սեպտեմբեր 23, 2010թ. 10:00

Պէյրութ, 2009 թուականին հրատարակուած է «Լիբանանի Հայերը, անցեալի իշխանուհիներ ու գաղթականներ եւ ժամանակակից համայնք» խորագրեալ եռալեզու հատորը, անգլերէն, ֆրանսերէն եւ հայերէն բաժիններով, մասնակցութեամբը աւելի քան տասնեակ մը աշխատակիցներու՝ խմբագրական տնօրէնութեամբ Այտա Պուճիգանեանի: Ինչպէս խորագիրը ցոյց կու տայ, այս հատորին հեղինակները կը յաւակնին լիբանանահայ գաղութին կազմութեան, ազգային կառոյցներու կազմաւորման եւ համասփիւռքեան կեանքին իր ունեցած մասնակցութեան պատմութիւնը տալ։ Գաղութի մը պատմութիւնը տալը կ’ենթադրէ պատմական ճշգրիտ ծանօթութիւն, համապարփակ ակնարկ եւ անաչառ դատողութիւն ունենալ։ Օրինակ, երբ կրթական կեանքի կազմաւորման մասին կը խօսուի, կարելի չէ զանց առնել Լիբանանի առաջին հայ դպրոցին՝ Նուպարեան վարժարանին 1924-ին Թիրօ թաղին մէջ հիմնումը, որ ներկայիս Ս. Վարդան կը կոչուի։ Թէ ինչու՞ Նուպարեան անուանուած էր՝ այն պատճառով որ Հ. Բ .Ը. Միութեան այդ ժամանակուան նախագահ Նուպար Փաշայի նուիրատուութեամբ կառուցուած էր, փայտաշէն, թիթեղածածկ եւ շարժական այդ կառոյցը, որ տեղէ տեղ փոխադրուած է ըստ հողատիրոջ պարտադրանքին։

Նուպարեան վարժարանին տուած սերունդներէն կան տակաւին վերապրողներ, ինչպէս ստորագրեալս, որ ի միջի այլոց, այդ մասին գրած է «Լիբանանի Առաջին Հայ Դպրոցը» խորագիրով։

Պուճիգանեանի այս գրքին արուեստի բաժնին մէջ մեծ իրագործումներ եւ դերակատարներ արժանի կարեւորութեամբ չեն ներկայացուած։ Օրինակ, Հ. Բ. Ը. Միութեան Հայ Երիտասարդաց Ընկերակցութեան Երգի Պարի Անսամպլը, որ Համազգայինի Քնար պարախումբին հետ գործակցաբար, աննախընթաց մակարդակով յաջողութիւն արձանագրած է, մասնակցելով Պաալպէքի համալիբանանեան փառատօնին (festival)։ Աննախընթաց այս ձեռնարկը անգերազանցելի մնաց թէ՛ իբրեւ արուեստի կատարում եւ թէ ազգային միասնականութեան օրինակելի նախընթաց։ Պարզ յիշատակութեամբ մը անցած է երգչախումբի ղեկավար Տոքթ. Էմմանուէլ Էլմաճեանի եւ պարուսոյց Սարգիս Փասքալեանի վրայէն, որ պարի բաժնին ստեղծագործ ղեկավարն էր, միաժամանակ ըլլալով նաեւ համալիբանանեան պարախումբին ղեկավարը։ Փասքալեանի կողքին պէտք է յիշել Գեղամը, Սոնիա Փոլատեանը (Օրջանեան), Սօսի Փասքալեանը եւ Հրանդուհի Քէօշկէրեանը՝ իբրեւ մասնակի մենակատարներ։

Ինչ որ աններելի է՝ հայկական մականունի Եան վերջաւորութեան խաթարումն է։ Անգլերէնի կամ Ֆրանսերէնի մէջ Եանը ian-ի կը վերածուի եւ իբրեւ հայկական մականունի վերջաւորութիւն համաշխարհային ճանաչում գտած է։ Չենք գիտեր թէ ի՞նչ տրամաբանութեամբ կամ ի՞նչ իրաւունքով Այտա Պուճիգանեան Եանը ean-ի վերածած է։

Այսուհանդերձ, իր բոլոր թերութիւններով, լիբանանահայ պատմութեան մասին օգտակար աշխատանք մըն է։

Հայկ ՆԱԳԳԱՇԵԱՆ, Մոնթրէալ

ArmAr.am


Դիտել Լրահոս, Մշակույթ բաժնի բոլոր նյութերը



Digg this!Add to del.icio.us!Stumble this!Add to Techorati!Share on Facebook!Seed Newsvine!Reddit!Add to Yahoo!

Մեկնաբանությունները թույլատրված չեն