Գլխավոր » Թուրքիա, Լրահոս, Հայ-թուրքական հարաբերություններ, Վերլուծական, Քաղաքականություն

Սրբապղծություն 21-րդ դարի շեմին

Նոյեմբեր 13, 2010թ. 09:53

Երէկ Այա Սոֆիա տաճարն էր, ապա Կարս քաղաքի Առաքելոց արքայակերտ մայր եկեղեցին (Բագրատունիներու թագաւորութեան հրաշալիքներէն մէկը), իսկ ներկայիս՝ Հոկտեմբեր 2010-ին, հայկական մայրաքաղաքներէն երբեմնի ամէնէն չքնաղ ու բազմամարդ, Անի մայրաքաղաքի հայ ճարտարապետութեան գլուխ գործոց ու առհասարակ քրիստոնէական սրբավայրերու մէջ իր ուրոյն տեղը ունեցող ինքնատիպ Անիի Մայր Տաճարը:

Ի՞նչ հեգնանք: Հայոց հպարտութիւն Տրդատ ճարտարապետի վերանորոգած Այա Սոֆիայի գմբէթին տակ այսօր քրիստոնէական շարականներ չեն հնչեր, նմանապէս եւ իր գլուխ գործոց Անիի Մայր Տաճարին մէջ չ’արտօնուիր հայ ուխտաւորներու Խաղողօրհնէքի հինաւուրց հեթանոսա-քրիստոնէական արարողութիւնը, բայց բուռ մը լկտի ծայրայեղականներ (մեր համոզմամբ իրաւ ու ճշմարիտ մահմետականը ինքն իրեն թոյլ չի տար նման սրբապղծութիւն մը) մահմետականի պիտակի տակ «Աստուած մե՛ծ է» կ’աղօթեն: Պիտակ կ’ըսենք, որովհետեւ մեր խոր համոզումով կրօնա-քաղաքական ցուցադրութիւն մըն է, որ կոպիտ կերպով ըսել կ’ուզէ.

–         Թուրք մահմետակա՛նն է իշխող-յաղթողը, թքա՛ծ ունինք ձեր հազարամեայ քրիստոնեայ սրբավայրին վրայ, վասնզի Մուհամմէտի թուրը յաղթող է ու ամենազօր:

Կրօնական ծայրայեղութեան միախառնուած քաղաքական հաշիւներու համադրութիւն մը չէ, հապա ի՞նչ է եղածը, իրենց ազգն ու կրօնքի գերիշխող ու գերակայ նկատող ախտաւոր ցուցադրութիւն մը չէ, հապա ի՞նչ է. աղօթե՞լ կ’ուզէին, նամա՞զ կ’ուզէին ընել լքուած հայոց մայրաքաղաքին մէջ, որուն բարգաւաճման մէջ ոչ մէկ ներդրում ունեցած թուրքին այսօրուան ժառանգները՝ կրնային 150 մեթր անդին գտնուող Մանուշէի կիսաւեր մզկիթին մէջ փառաբանել Մուհամմէտի կողմէ ներկայացուած Ալլահը:

Միամիտ պէտք է ըլլալ կարծելու համար, թէ թրքական կառավարութեան համամտութիւնը չէր վայելեր 21-րդ դարու սեմի այս սրբապղծութիւնը: Այս կառավարութեան ղրկած պատգամը շատ յստակ է: Մէկ կողմէն քրիստոնեայ (իբր թէ) Արեւմուտքին կ’ուզէ հասկցնել, թէ հեշտ չէ մահմետական հաւատարմութիւնն ու մոլեռանդութիւնը զսպել ի դէմս քրիստոնեայ աշխարհի «հակամահմետական» դիրքորոշումներուն, միւս կողմէ ուրիշ պատգամ մը կը ղրկուի մերձաւոր ու հեռաւոր մահմետական հաւատկիցներուն թէ՝ տեսէք, Թուրքիա աշխարհիկ երկիր մը ըլլալով հանդերձ, չ’արգիլեր իր քաղաքացիներուն մուսուլմանական հաւատարմութեան դրսեւորումները:

Վերջին 100-ամեակի ամէնէն նուաստացուցիչ արարքներէն մէկուն ականատեսը եղանք կրկին անգամ: Տակաւին չէնք կլլած Նախիջեւանի հազարաւոր խաչքարերու ջարդ ու կոտոր ըլլալու ծանր հարուած-ամօթանքը (որուն հանդէպ խիստ անտարբեր ու աչք փակող դիրք բռնեց ամբողջ քրիստոնեայ աշխարհը), այժմ ապտակի պէս knock out-ի հարուած մը եւս կը հասցուի Ս. Թադէոսի եւ Բարթուղիմէոսի, Ս. Պետրոս Առաքեալի ու Պօղոս Առաքեալի հիմնած եկեղեցիներուն ու անոնց այսօրուան գահակալներուն քիթին ու բերնին:

Մուհամմէտ Մարգարէն անգամ պիտի զարմանար ու հաւանաբար զգաստութեան հրաւիրէր իր հետեւորդները նման մտադրութեան մը նախօրէին: Արդարեւ, միաստուածեան մահմետականութեան հիմնադիրը իր Ֆերման-հրամանով դեռեւս 7-րդ դարուն ճանչնալով քրիստոնեայ հայութեան կրօնական իրաւունքները Սուրբ հողերուն վրայ, պահանջած էր քրիստոնեայ հայ համայնքին հանդէպ անձեռնմխելիութիւն:

Թուրքը իր ընելիքը ըրաւ՝ Ուրբաթ օրով իր նամազը կատարեց այն քաղաքին մայր տաճարին մէջ, ուր, Անիի գրաւումէն ու կործանումէն ետք, շուրջ 700 տարի, ոչ մէկ թուրք ու քոչուոր մահմետական համարձակած էր նման պաշտամունք մը կատարել՝ վախնալով անէծքէն,  ուրուականներէն ու ոգիներէն:

Թուրքը հաստատեց իր գերակայութիւնը. մենք՝ հայութիւնս, Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին, Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցին, Հայ Աւետարանական Եկեղեցին, Վատիկանի Գահակալը, Քէնթըրպըրիի Անգլիական Արքեպիսկոպոսը, Յոյն ու Ռուս Ուղղափառ Եկեղեցիներու հոգեւոր գերագոյն պետերը ի՞նչ ըրինք: Այս ի՞նչ զաքարէական պապանձում է, թէ՞ արիւն չունին/չունինք կռուելու, պայքարելու, ողնայար չէ մնացած Քրիստոսի տունը պաշտպանելու թէ՞ նաւթի հոտը, իմա՝ տնտեսական շահերու բուրմունքը աւելի հաճելի է քան կրօնական արժանապատուութիւնը:

Ի վերջոյ, թող բարեհաճին պատասխան տալ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահը, Կրթական, Սփիւռքի, Մշակոյթի նախարարութիւնները: Ի՞նչ ըրաւ ՀՀ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը:

Ո՞վ պատասխան պիտի տայ այս սրբապղծութեան համար: Հայութեան ձախող նիշ մը պէտք է տալ եղածին համար:

Մինաս ԳՈՃԱՅԵԱՆ

ArmAr.am


Դիտել Թուրքիա, Լրահոս, Հայ-թուրքական հարաբերություններ, Վերլուծական, Քաղաքականություն բաժնի բոլոր նյութերը



Digg this!Add to del.icio.us!Stumble this!Add to Techorati!Share on Facebook!Seed Newsvine!Reddit!Add to Yahoo!

Մեկնաբանությունները թույլատրված չեն