Արաբական աշխարհը մոռցած են Իսրայէլը եւ Թուրքիան միացնող ռազմավարական դաշինքը
Հայ երեք յարանուանութիւններու հոգեւոր պետերուն եւ հայ քաղաքական երեք կուսակցութիւններու պատասխանատու մարմիններուն անունով լիբանանեան լրատուամիջոցներուն յղուեցաւ հաղորդագրութիւն մը, որուն թարգմանութիւնը կու տանք ստորեւ։
Լիբանանեան, շրջանային եւ միջազգային զարգացումներուն ծիրին մէջ, վերջերս բազմացած են արաբական ընկրկումի եւ ետդարձի մասին խօսքերը, որոնց փոխարէն սկսած է աւելի լայն տեղ գրաւել աննախընթաց եւ ակնյայտ գովասանք մը՝ թրքական իշխանութիւններուն եւ թուրք ղեկավարներուն նկատմամբ, մանաւանդ ինչ կը վերաբերի արաբական հարցերուն, եւ յատկապէս պաղեստինեան հարցին պաշտպան հանդիսանալու անոնց կեցուածքին։
Այս իրականութեան մէջ ամէնէն աւելի կը շշմեցնէ այն իրողութիւնը, որ կազմակերպուած քարոզչութիւն կայ՝ Օսմանեան կայսրութեան օրինական ժառանգորդ Թուրքիան ներկայացնելու իբրեւ Պաղեստինի ճամբան լուսաւորող երկիրը, կազմակերպուած արշաւ մը, որ կը փորձէ քողարկել պատմական իրողութիւնները՝ աւելի քան կէս դարէ ի վեր եւ բացայայտ կերպով Իսրայէլի հետ Թուրքիոյ դաշինքէն ետք։ Տաւոսի խորհրդաժողովին ընթացքին Իսրայէլի նախագահ Շիմոն Փերեսի հետ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի ունեցած բանավէճին լոյսին տակ խորհրդաժողովէն Էրտողանի բեմականացած հեռացումէն, ինչպէս նաեւ ՙԱզատութեան նաւատորմիղ՚ին դէմ Իսրայէլի յարձակումին դէմ թրքական զայրոյթէն ետք, արաբական աշխարհը՝ ընդհանուր առմամբ, իսկ լիբանանցիները՝ մասնաւորապէս, մոռցած են Իսրայէլը եւ Թուրքիան միացնող ռազմավարական դաշինքը, երկու պետութիւններուն միջեւ կատարուող զինուորական ռազմափորձերը, շրջանային դերակատարութիւն մը ստանձնելու թրքական փառամոլութիւնը, ինչպէս նաեւ միջազգային ընտանիքին, յատկապէս Եւրոպային հարուած մը հասցնելու Թուրքիոյ փափաքը՝ նկատի ունենալով, որ Եւրոպական Միութիւնը մինչեւ օրս կը մերժէ Թուրքիոյ անդամակցութիւնը։
Մենք կը զգուշացնենք թրքական միտումներէն՝ միաժամանակ նկատելով, որ Թուրքիոյ վերեւ իսրայէլեան կործանիչներուն թռիչքը արգիլելու թրքական որոշումին զուգահեռ, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու եւ Իսրայէլի առեւտուրի եւ ճարտարարուեստի նախարար Պենիամին Պեն Էլիազար Պրիւքսելի մէջ ունեցած հանդիպում մը՝ թրքական- իսրայէլեան երկկողմանի յարաբերութիւնները բարելաւելու նպատակով։
Մենք՝ մեկնելով մեր հանգամանքէն, կը նկատենք, որ Թուրքիա կը փորձէ նախաձեռնութիւնը խլել արաբական ազգայնականութեան դրօշը բարձրացուցած երկիրներուն ձեռքէն։ Հետեւաբար, մենք երկմտանքով եւ զգուշութեամբ կը հետեւինք այս նոր մակընթացութեան՝ կոչ ուղղելով արաբական հարցերը տնօրինելու զուտ արաբական նախաձեռնութիւններով։
Մենք կը զգուշացնենք այս թատրոնի արարներուն մէջ ներքաշուելէ, թատրոն մը, որուն հեղինակները օտարներ են, հերոսները՝ երեւակայական, իսկ զոհերը՝ արաբական վարչակարգերն ու արաբ ժողովուրդները։
Իբրեւ բողոք Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի Լիբանան այցելութեան դէմ, հայ երեք յարանուանութեանց պետերն ու հայ քաղաքական երեք կուսակցութիւնները կոչ կþուղղեն ժողովրդային հաւաքի մը, որ տեղի պիտի ունենայ հինգշաբթի, 25 նոյեմբեր 2010-ին, կէսօրէ ետք ժամը 1։00-ին, Նահատակաց հրապարակին վրայ։
ԳԵՐՇ. ՏԷՐ ԳԵՂԱՄ ԱՐՔ. ԽԱՉԵՐԵԱՆ
ԱՌԱՋՆՈՐԴ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻ
ՎԵՐ. ՍՈՂՈՄՈՆ ՔԻԼԱՂՊԵԱՆ
ԱՏԵՆԱՊԵՏ ՄԵՐՁԱՒՈՐ ԱՐԵՒԵԼՔԻ
ՀԱՅ ԱՒԵՏԱՐԱՆԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ՄԻՈՒԹԵԱՆ
ՀԱՅՐ ՎԱՐԴԱՆ ԵՊՍ. ԱՇԳԱՐԵԱՆ
ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ
ԹԵՄԻ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՓՈԽԱՆՈՐԴ
ՌԱԿ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ
ՍԴՀԿ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՎԱՐԻՉ ՄԱՐՄԻՆ
ՀՅԴ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԿՈՄԻՏԷ
18 նոյեմբեր, 2010












