Գլխավոր » Society, Լրահոս

Մոնթէ Մելքոնեանի անձնական նամակներն. Ժողովուրդին ծառայելու համար ի՞նչն է ամէնակարեւորը

Նոյեմբեր 29, 2010թ. 16:00

Monte-6Առաջին անգամ ըլլալով` Մոնթէին անձնական մտորումները կը բաժնեմ իր սիրած ժողովուրդին, զինք գնահատող ու սիրող անհատներուն, նաեւ` այսպէս կոչուած իր թշնամիներուն հետ: Մոնթէին արարքները իրենք կը խօսին Մոնթէին էութեան մասին: Մենք` Մոնթէին սրտակիցներս, կրնանք միայն շնորհակալ ըլլալ նման իւրայատուկ մարդու ֆիզիկական, թէ ոգեղէն գոյութեան համար մեր կեանքին մէջ:

Սեդա Գպրանեան-Մելքոնեան

Ժողովուրդին ծառայելու համար ի՞նչն է ամէնակարեւորը

Պէտք է ամէն ինչդ ընես, որպէսզի ժողովուրդիդ մօտ մնաս: Ամէնէն կարեւոր բանը ժողովուրդիդ հասկնալն է եւ իրենցմէ մէկը ըլլալն է: Միայն այս ձեւով կարող ես շիտակ գործել իրենց համար: 3.3.82

Շատ կարեւոր է, որ մարդ օրէ օր զարգանայ ամէն ձեւով, եւ որ մարդու միտքը միայն նեղ մարզի մէջ չի մնայ, այլ ամէն նիւթին ծանօթ ըլլայ: Միայն այս ձեւով է, որ մէկը կրնայ աշխարհի հանդէպ եւ մարդկութեան հանդէպ յստակատեսութիւն ունենալ: 25.8.84

…Շատ կը շահիս տարբեր ժողովուրդներուն ծանօթանալով: Կը հաւատամ, որ քու իսկ ժողովուրդիդ լաւ հասկնալու համար շատ կ’օգնէ ուրիշ ժողովուրդներուն ալ ճանչնալ: Աշխարհի ամէն կողմերը մարդիկ ընդհանրապէս լաւ են: էշեր կան, նոյնիսկ շատ գէշեր կան, բայց ընդհանրապէս մարդիկ լաւ են եւ իրենց ճանչնալով քու կեանքդ կը հարստանայ: 26.11.85

…Մեր ժողովուրդը ընդհանրապէս լաւ է եւ մեր հայրենիքի ժողովուրդը հրաշալի է: Ինչքան կարդամ այս վերջին բաներուն մասին, այնքան աւելի ամուր հաստատ ձեւով կապուած կը զգամ իրենց: 25.2.88

Կեանքի արժէքը կու գայ մեծապէս մարդու գործերէն, արդիւնաւետութենէն եւ առօրեայ կեանքի սկզբունքային մօտեցումէն: 21.8.88


Դիտել Society, Լրահոս բաժնի բոլոր նյութերը



Digg this!Add to del.icio.us!Stumble this!Add to Techorati!Share on Facebook!Seed Newsvine!Reddit!Add to Yahoo!

Մեկնաբանությունները թույլատրված չեն