Գլխավոր » Genocide, Լրահոս, Վերլուծական, Քաղաքականություն

Ուաշինկթընէն մինչև Իլինկ և Իսպանական կղզիներ

Դեկտեմբեր 20, 2010թ. 19:00

Shahan6Միացեալ նահանգներու քոնկրէսի նախագահ Նենսի Փելոսիի պաշտօնավարութեան աւարտը մօտ է եւ նկատառելի նախատեսութիւններ կը կեդրոնանան այն իրողութեան վրայ, որ հաշուուած ժամեր կը բաժնեն քաղաքական դիպաշարերուն հետեւողները Քոնկրէսի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման օրինագիծի օրակարգի վերածուելէն։
Քաղաքական կեանքի մէջ նման հարցերու արդիւնաւէտութեան համար, գիտենք որ չի բաւեր արդարացիութիւնը, քոնկրէսականներու պատմական ճշմարտութեան ի նպաստ յայտարարուած դիրքորոշումները նոյնիսկ. Ժամանակահատուածի ընտրութիւնը, քաղաքական շահերու համապատկերն ու մանաւանդ առնչուած պետութիւններու միջեւ գոյութիւն ունեցող յարաբերութիւներու իրավիճակը վճռորոշ դեր կը խաղան յառաջընթաց ապահովելու ճիգերուն մէջ։
Լաւագոյն բնութագիրը այս տեսութեան կը բանաձեւուի այնպէս, որ Ցեղասպանութեան ճանաչման օրինագիծին դէմ քուէարկող ոեւէ քոնկրէսական կամ խորհրդարանական կը յայտարարէ, որ խնդրոյ առարկայ չի դարձներ 1915ի ողբերգութեան իրողութիւնը, Մեծ Եղեռնը նոյնիսկ, այդուհանդերձ չի կրնար դիրքորոշուիլ ի նպաստ օրինագիծին չհարուածելու համար Միացեալ նահանգներ-Թուրքիա յարաբերութիւնները։ Այստեղ արդէն կը գերադասուին Միացեալ նահանգներու պետական շահերը եւ կ՛արդարացուին օրինագիծի հաշուոյն «ոչ»ի քուէները։
Տարբեր, առանձին քննարկումի կը կարօտի անշուշտ այն, թէ ինչո՛ւ իր պաշտօնավարութեան աւարտի նախօրեակին պիտի սպասէր Քոնկրէսը ղեկավարող Նենսի Փելոսին իր նախընտրական խոստումը կատարելու համար։ Պարտադրուած ըլլալու համոզումը փոխանցելուն առընթեր՝ նեղ ժամանակի մը սահմաններուն մէջ կը տեղաւորուի վերջին պահու օրակարգի վերածուող այս հարցը, այդ պատճառով ալ անորոշութեան մատնուելու նախանիշեր կ՛ընդգծէ դիպաշարին հետեւողներուն վրայ։
Քոնկրէսի միջանկեալ ընտրութիւններէն ետք պարզ դարձած էր, որ Ցեղասպանութեան օրինագիծին աջակցողներուն մեծամասնութիւնը հասած էին Քոնկրէս, հակակշռելով ժողովրդավարականներուն այս հանգրուանի ընտրութեան ձախողութեան արդիւնքը։ Քաղաքական նախադրեալները կը յուշեն սակայն, որ օրինագիծի յաջողութեան իբրեւ գրաւական այս առումով ցարդ արձանագրուածները բաւարար չեն։
Միացեալ նահանգներ-Թուրքիա ըստ էութեան եւ խորքային ճագնաժամ մը ամէնէն պարարտ ենթահողը կրնայ ստեղծել նման օրինագիծի յաջողութեան։ Իսկ այդ ենթահողը չէ ուրուագծուած յայտնապէս։ Մանաւանդ, որ Միացեալ նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը պաշտօնապէս ընդդիմացաւ օրինագիծի որդեգրման կամ աւելի ճիշդը՝ անոր Քոնկրէսի ստորին պալատ յղումին։
Քաղաքական շահակցութիւններու առնչակցութեան տեսութիւնը աւելի համոզիչ կը դառնայ, երբ մտաբերենք վերջերս իրար ետեւէ կատարուած ճանաչումները՝ թէկուզ շրջանային, քաղաքային մակարդակներու վրայ։ Կը խօսինք Անգլիոյ Իլինկի եւ Սպանիոյ Պալիարեան կղզիներու ճանաչումներուն մասին։ Մարդ կը տարուի մտածելու անոնց շարժառիթներուն մասին, երբ մանաւանդ կը բացակայի հայկական գործօնը։Թաղային-քաղաքային համապատասխան հաստատութիւններու ունեցած քաղաքական կշիռին մասին չէ խօսքը, ոչ ալ անոնց իրաւական ազդեցութեան հաւանականութեան։ Երեւոյթը, հայկական գործօնի բացակայութեան եւրոպական միջավայրէն հնչող հակաթրքական դրսեւորումներու անհրաժեշտութեամբ կարելի է բացատրել միայն։ Ի դէպ, եւրոպական աջակողմեան ուժերու կողմէ (յատկապէս Աւստրիոյ եւ Գերմանիոյ մէջ) դժուար չէ նախատեսելը, որ սկսելու համար քարոզչական իմաստով հակաթուրք եւ իբրեւ անոր հակազդեցութիւն՝ հայանպաստ մթնոլորտ ձեւաւորուելու նախանիշերը կը հրապարակուին արդէն։
Իլինկն ու Պալարիան կղզիները չեն սպասած որ հայ-թուրք պատմագէտները եզրակացութեան հասնին։ Օրինագիծին դէմ քուէարկող Քոնկրէսի անդամները կրնան պատրուակել, որ պէտք է սպասել պատմագէտներու միացեալ յանձնախումբի նիստի եզրակացութեան եւ մինչ այդ պէտք չէ արգիլել թէկուզ սառեցուած այսուհանդերձ ճամբայ հանուած ճանապարհային քարտէսի իրականացումը։
Օրինագիծի օրակարգի վերածումի յետաձգումն ու առկախումը, պաշտօնաթողութեան նախօրեակին նախընտրական խոստումի իրականացման փորձը, արտաքին գործոց նախարարութեան միջամտութիւնը, օրինագիծին ընդդիմանալը եւ Թուրքիոյ դիւանանգիտական սպառնալիքներուն անարձագանգ ընկալումը Ուշինկթընեան միջավայրին մէջ երեւոյթներ են, որոնք շուտով արձանագրուելիք ընթացակարգին վրայ լոյս կը սփռեն։ Մինչ այդ սակայն, Ուաշինկթընէն մինչեւ անգլիական թաղամասեր կամ սպանական կղզիներ, ցեղասպանութեան ճանաչման վերաբերող իրադրութիւնները կ՛ընթանան Թուրքիոյ կամ առ հասարակ թրքական գործօնին հետ յարաբերակցութեան այժմու իրավիճակի թելադրած տրամաբանութեան հիման վրայ։

Շահան Գանտահարեան
«Ազդակ»ի գլխաւոր խմբագիր


Դիտել Genocide, Լրահոս, Վերլուծական, Քաղաքականություն բաժնի բոլոր նյութերը



Digg this!Add to del.icio.us!Stumble this!Add to Techorati!Share on Facebook!Seed Newsvine!Reddit!Add to Yahoo!

Մեկնաբանությունները թույլատրված չեն