Պատմական ուխտագնացություն դեպի Իսպանիայի Մայր Տաճար
Սպանիոյ Գոմբոսթելա քաղաքի Սուրբ Յակոբայ Մայր Տաճարի Տեսչին` Գերապատիւ Խոսէ-Մարիա Տիազ Ֆերնանտէսի հրաւէրով Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան Սրբոց Յակոբեանց Միաբանութեան պատուիրակութիւն մը, Դեկտեմբերի 9-ին մեկնեցաւ Սանթիակօ տը Գոմբոսթելա: Պատւորիակութիւնը կը գլխաւորէր Միջ-Եկեղեցական եւ Արտաքին Յարաբներութեանց Դիւանի Վարիչ` Գերշ. Տ. Արիս Արքեպս. Շիրվանեան: Իրեն կ’ընկերանային Գուսան Վրդ. Ալճանեան, Բագրատ Վրդ. Պուրճէքեան, Էմմանուէլ Վրդ. Աթաջանեան եւ Թէոդորոս Վրդ. Զաքարեան: Օդանաւակայանի մէջ պատուրիակութիւնը դիմաւորուեցաւ Գոմբոսթելայի Ս. Յակոբայ Մայր Տաճարի հիւրընկալ յանձնախումբին կողմէ:
Դեկտեմբերի 10-ին հայ հոգեւորականաց պատուրիակութիւնը առաջնորդուեցաւ Ս. Յակոբայ Մայր Տաճար, ուր դիմաւորեց Տեսուչ Հայր Խոսէ-Մարիայի կողմէ: Պատուիրակութիւնը Տաճար մուտք գործեց Սուրբ Դռնէն, որ կը բացուի ամէն եօթ տարին մէկ անգամ: Հայ հոգեւորականները ողջագուրուեցան Սուրբ Յակոբ Զեբեթեան Առաքեալի արձանին հետ եւ իրենց ուխտն ու երկրպագութիւնը կատարեցին անոր առանց գլուխի մարմինը պարունակող սուրբ գերեզմանին ¥գլուխը կը գտնուի Երուսաղէմի Հայոց Սրբոց Յակոբեանց Մայր Տաճարի մէջ¤: Առաքեալի հետ ողջագուրումը հինէն եկած աւանդութիւն է իւրաքանչիւր ուխտաւորի համար, որ կ’այցելէ Սանթիակօ դը Գոմբոսթելա:
Հայր Խոսէ-Մարիա անոնց ցոյց տուաւ հրաշակերտ, խաչաձեւ Տաճարին մատուռները: Հազարաւոր բազմազգի կաթոլիկ ուխտաւորներ լեցուցած էին Տաճարը:
Գերշ. Սրբազան Հայրն ու Հայ Վարդապետները ընդունուեցան Գոմբոսթելայի կաթողիկէ Առաջնորդ Տ. Կուլիանոս պարիօ Արքեպիսկոպոսին կողմէ որուն հետ միասին հանդիսաւոր թափօր կազմած մտան Սուրբ Պատարագի: Պատարգիչն էր Տ. Կուլիանոս Արքեպս.ը, որ պաշտօնապէս ողջունեց ներկայութիւնը Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան պատուիրակութեան:
Շաբաթ, 11 Դեկտեմբերի առաւօտեան Կուլիանոս Արքեպս., Հայր Խոսէ-Մարիա եւ Տաճարի հոգեւոր դասն ու հոգաբարձուներ պաշտօնական հանդիպում ունեցան մեր պատուիրակութեան հետ, ուր ցանկութիւն յայտնեցին 2011 թուականին, Սուրբ Յակոբայ Մայր Տաճարի օծման 800-ամեակին առթիւ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան հետ միասնաբար հայկակն ցուցահանդէս մը եւ գիտաժողով կազմակերպելու Գոմբոսթելայի մէջ, ինչպէս նաեւ հայածէս Սուր Պատարագ մատուցանելու Սուրբ Յակոբայ Մայր Տաճարի մէջ: Հանդիպման աւարտին տեղի ունեցաւ նուէրներու փոխանակում:
Նոյն երեկոյեան 17:00-ին Սուրբ Յակոբայ Տաճարի մէջ տեղի ունեցաւ սպաներէն եւ հայերէն միջ-եկեղեցական արարողութիւն: Հանդիսապետներն էին Գոմբոսթելայի Առաջնորդ Կուլիանոս Պարիօ Արքեպիսկոպոսը եւ Արիս Արքեպս. Շիրվանեանը: Հսկայ Տաճարը խռնուած էր հաւատացեալ ուխտաւորներով: Իր ողջոյնի քարոզին մէջ Արիս Սրբազան յիշեց այն աւանդութիւնը, ըստ որի, երբ Հերովդէս Ագրիպաս Ա. Թագաւորը գլխատել տուաւ Յիսուսի տասներկու Առաքեալներէն` Զեբեդէոսի որդի Յակոբոսը` Յովհաննէս Աւետարանչի եղբայրը, հրեշտակ մը անոր գլուխը բերաւ ու յանձնեց Ս. Կոյս Մարիամին եւ Յակոբոս Տեառնեղբայր Առաքեալ Երուսաղէմի իր տան կալուածքին մէջ զայն թաղեց, ուր այսօր կանգնած է Հայոց Սրբոց Յակոբեանց Մայր Տաճարը եւ Ս. Յակոբ Զեբեթեան Առաքեալին գլուխը կը հանգչի այն մատրան մէջ, որն ալ այդ պատճառաւ կը կոչուի Գլխադիր: Իսկ մարմինը Միջերկրական ծովու վրայով հասած է Սպանիա եւ թաղուած այստեղ` Գոմբոսթելայի մէջ, ուր կառուցուած է այս փառայեղ Տաճարը իր անունով:
Այժմ Եկեղեցական պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով Մեծն Սուրբ Յակոբ իրարու կը բերէ իր սուրբ գլխուն եւ սուրբ մարմնին Հայ Առաքելական եւ Սպանացի Կաթոլիկ պահապանները եւ եղբայրական միութիւն կը հաստատէ:
Իր պատասխանին մէջ Կուլիանոս Արքեպիսկոպոս ուրախութիւնն յայտնեց Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան պատուիրակութեան ներկայութեան առնչութեամբ եւ ընդգծեց երկուստեք եղբայրական յարաբերութեանց կարեւորութիւնը:
Արիս Արքեպսիկոպոս Երուսաղէմի Հայոց Սրբոց Յակոբեանց Միաբանութեան կողմէ արծաթեայ սկիհ մը նուիրեց Գոմբոսթելայի Սուրբ Յակոբայ Մայր Տաճարին:
13 Դեկտեմբեր, 2010-ին պատուիրակութեան անդամները Երուսաղէմ վերադարձան հոգեզմայր զգացումներով` Գոմբոսթելայի Սուրբ Յակոբայ Մայր Տաճար կատարած իրենց ուխտագնացութենէն:
Գոմբոսթելայի մէջ կատարուած արարողութիւններուն ներկայ եղած են նաեւ շրջակայ քաղաքներէն եկած հայորդիներ, որոնք արտագաղթած են Հայաստանէն: Մեր հոգեւորականները ծանօթացած են իրենց եւ հաճելի հոգեւոր հարցազրոյց մըն ալ ունեցած են: Երկուստեք յոյս յայտնած են, որ Աստուծոյ կամօք պիտի հանդիպին 2011 թուականին նոյն սրբավայրի մէջ:
ԴԻՒԱՆ ՍՈՒՐԲ ԱԹՈՌՈՅ, ԵՐՈՒՍԱՂԷՄ












