Դէպի Հ.Ա.Հ.Գ.Բանակի Քառասունամեակ՝ Մեր Հոգեւոր Հայրն ու Խորհրդաւոր Մամիկը…
27 Յունուար 1973-ին, Էրզրումցի Գուրգէն Եանիկեանը, 78 տարեկան հասակին, Լոս Անճելըսի մէջ կը զգետնէ Թուրքիոյ հիւպատոսն ու փոխ-հիւպատոսը եւ կը յայտարարէ.
«Կասկած չունեմ, որ ես մենակ լինելու չեմ…»:
20 Յունուար 1975-ին, Էրզրումցի հօր ու Վանեցի մօր զաւակ՝ Յարութիւն Թագուշեանը, 22 տարեկան հասակին, «Գուրգէն Եանիկեան» խմբակի անուան տակ՝ Պէյրութի մէջ կը ռմբահարէ ազատ-որմնադիրներու կեդրոնատեղի՝ Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի կեդրոնատեղին, որու հովանաւորութեամբ ԱՆՉԱ կազմակերպութիւնը կը գործադրէր հայ ազգը Հայաստանէն ու Հայաստանամերձ շրջաններէն պարպելու միջազգային մեծ դաւադրութիւնը:
Ծերունի Գուրգէն Եանիկեանի անունն ու կտակը նուիրագործող երիտասարդ Յարութիւն Թագուշեանի կամ աշխարհածանօթ Յակոբ Յակոբեանի Խմբակը, յետագային կը դառնայ «Հայ Գաղտնի Բանակ» եւ շատ շուտով աշխարհատարած «Հայաստանի Ազատագրութեան Հայ Գաղտնի Բանակ»:
Էրզրումցի Եանիկեանը (կննքանունով՝ Յակոբեան) ի տես Էրզրումցի Թագուշեանի (մարտանունով՝ Յակոբ Յակոբեան) հիմնած ու ղեկավարած Հ.Ա.Հ.Գ.Բանակի ծննդոցին՝ կը յայտարարէ.
«Ես գիտէի, որ անհատս մենակ մնալու չէի…»:
Գուրգէն Եանիկեանը կը դառնայ Հ.Ա.Հ.Գ.Բանակի հոգեկան հայրը:
Հոգեկան անքակտելի կապ մը կը ստեղծուի Գուրգէն Եանիկեանի եւ Յակոբ Յակոբեանի միջեւ, տոհմիկ անքակտելի կապ մը կը ստեղծուի հայ տարեցներու եւ Յակոբ Յակոբեանի միջեւ:
Յակոբ Յակոբեանը իր յուշերուն մէջ կը պատմէ.
«Երբէք դադար չունեցան իմ հանդիպումները հայ տարեցներուն հետ… հայ ծերերու ըրած պատմութիւնները կրկին ու կրկին կ՛օգնէին ինձ յստակ պատկեր մը ունենալու հայկական մեծագոյն ողբերգութեան օրերու եւ իրադարձութիւններու առընչութեամբ: Անոնց հետ եղած զրոյցները կ՛օգնէին առարկայական գաղափար մը կազմել թուրք ազգայնամոլ ջարդարարներու կազմակերպած ահաւոր սպանդին եւ անոնց հետապնդած նպատակներուն շուրջ: Անոնց եւ հօրս ըրած պատմութիւնները կը նոյնանային, եւ անոնք բոլորն ալ հարազատօրէն ու տարօրինակ շեշտով մը կը կրկնէին նոյն բանը. ջարդ, ջարդ, ջարդ…»:
Հ.Ա.Հ.Գ.Բանակի 36-ամեակին, առաջին անգամ ըլլալով կը յայտարարենք անունը մեծարման արժանի հայ մամիկի մը ՝ Քաթրին Աբարտեանին,, որ հոգեպէս ու բարոյապէս աջակցած է Յակոբ Յակոբեանին եւ մասնակից դարձած Հ.Ա.Հ.Գ.Բանակի առաջնեկ «Անդրանիկ Փաշա» քոմանտոյին, այն միեւնոյն Քոմանտոյին, որ Յակոբ Յակոբեանի նահատակութենէն մէկ ամիս ետք ծաղկեփունջ մը զետեղեց Աթէնքի մէջ, իր հիմնադիր-ղեկավարին ինկած վայրը, որուն մասին օրին անդրադարձաւ յունական մամուլը:
Այժմ, արդէն վաղուց կեանքի թելը կտրած է Ցեղասպանութենէն ճողոպրած այս խորհրդաւոր մամիկին, որուն թոռնիկին թոռնիկը այսօր պատիւը պիտի ունենայ ստանալու Հ.Ա.Հ.Գ.Բանակի ոսկեզօծ զինանշանը առ ի երախտագիտութիւն …
Այժմ, արդէն վաղուց կեանքի թելը կտրած է հայ նորագոյն զինեալ ազատագրական պայքարին նուիրուած շատ Բանակայիններու (Ս.Զ., Կ.Տ., Ա.Գ. Հ.Ս. եւ այլոց), որոնց մասին յետագային պիտի տրուի յաւելեալ տեղեկութիւն:
Մինչ իսկական շատ Բանակայիններ կը շարունակեն մնալ շուքի մէջ, նա՛մանաւանդ Հայաստանի մէջ ամէն օր սունկի նման կը բուսնին Բանակին հետ կապ չունեցող բայց Բանակին անունը չարաշահող տզրուկներ, որոնց նկատմամբ խիստ պիտի ըլլայ Հ.Ա.Հ.Գ.Բանակի պատժամիջոցը…:
…
Խորհրդանշական էր Հ.Ա.Հ.Գ.Բանակի անդրանիկ հարուածը:
36 տարիներ ետք, ԱՐՏԱԳԱՂԹը կը մնայ հայ ազգի արմատները կացինահարող ամենամեծ դաւադրութիւնը, որուն մասին Յակոբ Յակոբեանը, իր յուշերուն մէջ, անդրադառնալով ԱՐՏԱԳԱՂԹի յենակ ԱՆՉԱ-ի դէմ կատարած Հ.Ա.Հ.Գ.Բանակի անդրանիկ գործողութեան՝ կը գրէ.
«Այս ընտրութիւնը կատարեցի, որովհետեւ յիշեալ Խորհուրդը ամերիկեան դաւադրութեան մը միջոցաւ եւ Դաշնակ կուսակցութեան համագործակցութեամբ հայ երիտասարդութիւնը կը հեռացնէր Միջին Արեւելքէն…»:
Յակոբ Յակոբեանը շատ խիստ էր ԱՐՏԱԳԱՂԹի նկատմամբ:
23 Դեկտեմբեր 1979-ին, այս անգամ Հռոմի մէջ, Հ.Ա.Հ.Գ.Բանակը դարձեալ կը ռմբահարէ Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի կեդրոնատեղին:
Ֆրանսացի պատմաբան Իվ Թերնոնը կը գրէ, որ ԱՆՉԱ-ն ունէր 16 գրասենեակ միա՛յն Իտալիոյ մէջ, որ հիմնուած էր Դաշնակցականներ Ճորճ Մարտիկեանի եւ Սուրէն Սարոյեանի կողմէ, որ «ամերիկեան գաղտնի սպասարկութիւնները իրենց հակակշռին տակ առած են ԱՆՉԱ-ն»՝ անոր միջոցով հայ ազգը իր պատմական հողամասէն հեռացնելու եւ Թուրքիոյ վրայ բանեցուած ճնշումը վերացնելու մտադրութեամբ, որ ԱՍԱԼԱ-ն վճռած էր «հարուածել ԱՆՉԱ-ին ապաստան տրամադրող որեւէ երկիր, ի մէջ այլոց Վատիկանն ու Պապը»:
1980 թուականին, իտալական թերթի մը տուած իր մէկ հարցազրոյցին մէջ, Յակոբ Յակոբեանը, նկատի ունենալով հայկական արտագաղթի տարանցիկ կեդրոն ծառայող Վատիկանի դերը՝ կը յայտնէ.
«Մենք պիտի հարուածենք հայկական արտագաղթը կազմակերպողները, Վատիկանն ու Պապը»:
1982 թուականին, իտալական այլ թերթի մը տուած իր մէկ հարցազրոյցին մէջ, Յակոբ Յակոբեանը կ՛անդրադառնայ 1981 թուականին Իտալիոյ իշխանութեանց հետ Հ.Ա.Հ.Գ.Բանակի վարած բանակցութեանց, որոնց հիմնական կէտերէն մէկն էր իտալական հողի վրայ ԱՆՉԱ-ի գրասենեակներու փակման պահանջքը:
Չարաշահելով ԱՍԱԼԱ-ական նշեալ սպառնալիքները, այժմ թրքական ու արեւմտեան գաղտնի սպասարկութիւնները Հռոմի նախորդ Պապի մահափորձի հեղինակը կը նկատեն Հ.Ա.Հ.Գ.Բանակի հիմնադիր-ղեկավար Յակոբ Յակոբեանը:
Ֆրանսացիներ Առնօ Համելէնն ու Ժան-Միշէլ Պրէօնը, իրենց “Վերագտնուած Յիշողութիւն” (“La Mémoire Retrouvée”) գիրքին մէջ, կը գրեն.
«1983 թուականի Օգոստոսի 15-ին Յովհաննէս-Պօղոս Երկրորդ Պապն այցելում է Լուրտ: Հասարակական անվտանգութեան պետական քարտուղար Պարոն Ժոզէֆ Ֆրանչեսքին անձամբ է ղեկավարում ուժեղացուած պահակախումբը, որի մէջ ներառնում է եւս 3000 զինուոր-ոստիկան եւ անվտանգութեան ջոկատի անդամ: Մի շաբաթ առաջ ԱՍԱԼԱ-ի անունից ինչ որ թղթակից զանգահարել էր Թարպի ոստիկանութիւն, Լուրտի քաղաքապետարան եւ յայտնել, որ Պապի դէմ մահափորձ է նախապատրաստւում: Այդ սպառնալիքը լուրջ ընդունուեց, մանաւանդ որ Յովհաննէս-Պօղոս Երկրորդի այցելութիւնից երկու օր առաջ ականի պայթիւնն աւերեց Լուրտի ճիշտ կենտրոնում գտնուող մի արձան: Պատահականութի՞ւն էր: Չար կատա՞կ: Բայց չէ՞ որ Հռոմում Յովհաննէս-Պօղոս Երկրորդի վրայ կրակած Ալի Աքճա թուրք ազգայնականը մարզուել էր նոյն ռազմական ճամբարներում, որտեղ որ ԱՍԱԼԱ-ի «Փիւնիկ»-ը՝ Յակոբ Յակոբեանը: Նա 1980 թուականին շուէյցարական “Իլ Քորրիէրէ Տէ Թոչինօ” լրագրին տուած հարցազրոյցում չյայտարարե՞ց. «Մենք հարուածելու ենք հայկական արտագաղթը կազմակերպողներին, այդ թւում Վատիկանին, այդ թւում Պապին»»:
Ռուսական «Մեր Վարկածը» (“НАША ВЕРСИЯ”) պարբերականը 19 Մայիս 2010-ին, վկայակոչելով ամերիկեան C.I.A. գաղտնի սպասարկութեան տնօրէն Ուիլեըմ Քէյսիի եւ անոր վերլուծաբաններու մէկ փաստաթուղթը՝ կը գրէ.
«Այսօր արդէն գաղտնիք չէ, որ Հռոմի Պապի մահափորձի ետին կանգնած է ԱՍԱԼԱ-ի հիմնադիրներէն մէկը` Յակոբ Յակոբեանը եւ ոչ թե Պուլկարիոյ քաղաքացի Տիմիթրովը»:
…
Խորհրդային Հայաստանի գիտնականներէն Վերմիշեւի գնահատանքով՝ 21-րդ դարու սկզբնաւորութեան Խորհրդային Հայաստանը պիտի ունենար մօտ 12 միլիոն հայութիւն, որմէ այսօր կը բացակայի մօտ 10 միլիոնը, որ կը փախչի ազատ ու անկախ իր Հայրենիքէն, ազատագրուած Արցախէն:
Այսօր այս ԱՐՏԱԳԱՂԹին նկատմամբ մեր ազգային անտարբերութիւնը աւելի մահացու է քան թուրքեւազերիական ցեղասպանական մշտառկայ քաղաքականութիւնը:
Հայաստանի ազատագրութեան ի խնդիր զինեալ պայքարի ձեռնարկած Յակոբ Յակոբեանը, 22 տարեկան իր երիտասարդ հասակին, ունեցաւ հեռուն տեսնելու քաղաքական հոտառութիւնը՝ թուրքէն առաջ հարուածելով ԱՐՏԱԳԱՂԹի հայասպան որջը:
«Մինչ կը մօտենայ 2015 թուականը՝ Հայ Դատը ցոյց կու տայ նշաններ հայկական քաղաքական բրտութեան չորրորդ ալիքի մը ծննդոցին…»,- կը գուշակէ «Թուրք-Ամերիկեան Ընկերակցութեանց Համախմբում»-ը (Assembly of Turkish American Associations) իր «Հայկական Ահաբեկչութեան Ժամանակագրութիւն՝ Հիւսիսային Ամերիկայի մէջ եւ Այլուր» (A Chronicle of Armenian Terrorism in North America and Elsewhere) տեղեկագրով:
2015-ը հարիւրամեակն է Հայոց Ցեղասպանութեան եւ քառասունամեակը՝ Հայաստանի Ազատագրութեան Հայ Գաղտնի Բանակին:
Հայաստանի Ազատագրութեան Հայ Գաղտնի Բանակի 36-ամեակին՝ կը խոնարհինք անմար յիշատակին առջեւ մեր «Մու՛ալլէմ»-ին (معلم Վարպետին)՝ Յակոբ Յակոբեանին, որ 22 տարեկան իր հասակին նոր էջ մը բացաւ Հայոց Պատմութեան մէջ, որ 22 տարեկան իր հասակին իմացաւ մատը դնել հայու կոտտացող վէրքին վրայ, որ 22 տարի ետք իր նահատակութենէն կը շարունակէ ԱՍԱԼԱ-ն դարձնել հիմնական օրակարգը Անգարայի մէջ գումարուած Թուրքիոյ արտաքին նախարարութեան ու դիւանագիտական անձնակազմի խորհրդաժողովին:
Յակոբեանը ողջ է, բոլորս Յակոբեան ենք:
Հայաստանի Ազատագրութեան Հայ Գաղտնի Բանակ
ArmAr.am












