Գլխավոր » Regions, Թուրքիա, Լրահոս, Վերլուծական, Տարածաշրջան, Քաղաքականություն

Պարզապես միջոց

Հունվար 21, 2011թ. 12:38

lebanon.beirut.034Լիբանանեան քաղաքական բեմը յատկանշած քաղաքական լարուած իրավիճակը, անհեռանկարային կացութիւնն ու մանաւանդ մօտ ապագային նկատմամբ տիրող անորոշութիւնը տագնապի մատնած են լիբանանցի քաղաքացին։ Ընթացիկ գործեր վարող հրաժարեալ կառավարութեան գործունէութիւնը, խորհդրանական պարտադիր խորհրդակցութիւնները յետաձգման փաստը կը յուշեն համաձայնական մթնոլորտի բացակայութիւնը։

Անորոշ այս կացութիւնը տեղի տուած է յոռետեսական մեկնաբանութիւններու, ինչ որ բարոյահոգեբանական առումով լուրջ հարուած հասցուցած է լիբանանեան հասարակութեան։ Որքան ալ կառավարական ընթացիկ աշխատանքները փորձեն բնական կենցաղի եւ առօրեայի տպաւորութիւնը պահել, յստակ է, որ պողոտաներու վրայ երեւցող համեմատական ամայացումը, տնտեսական գործարքներու տակաւ սառեցումը, երկիրը տեղափոխած են քաղաքական լարուածութեան համապատասխանող տագնապի երեւոյթներով յատկանշուող յատուկ դաշտ։

Արտաքին ճակատի վրայ միջնորդ պետութիւններու կողմէ յայտարարուած հիասթափութիւնն ու առաջադրուած համաձայնութեան գործընթացէն հրաժարումը եթէ մէկ կողմէ կ՛ընդգծեն ներլիբանանեան հանգոյցին խորապէս բարդ ըլլալը, միւս կողմէ քաղաքականօրէն կը մեկնաբանուին հիմնական երկրի մը միջնորդութիւնը այլ երկիրով փոխարինելու փաստը։ Մէկուն ձախողութեան ձգած պարապը միւսով լեցնելու իրականութիւնը։

Աւելի պարզ բացատրութեամբ՝ Սէուտական արաբիան հիմնականին մէջ կը փոխարինուի Թուրքիայով։ Նոր միջնորդը այս պարագային Թուրքիան է, տրուած ըլլալով որ թէ՛ Քաթարը եւ թէ՛ Սուրիան արդէն հանգուցալուծման բանակցութիւններու գործընթացին մաս կը կազմէին։ Բոլորովին նոր չէ անշուշտ Թուրքիոյ միջնորդութիւնը, որուն ներկայութիւնը շրջանին եւ երկրին մէջ, բազմակողմանի հանդիպումները, հակաիսրայէլեան տրամադրութիւններու թատերական ներկայացումները բաւական լուրջ ու նկատառելի ենթահող պատրաստած էին այդ ուղղութեամբ։

Չմոռնանք, որ սուրիական-սէուտական հաւանական համաձայնութիւնը խափանուած էր Միացեալ նահանգներու կողմէ։ Թէ Թուրքիան ո՞րքանով կը համաձայնեցնէ իր քայլերը Միացեալ նահանգներու հետ եւ թէ այս վերջինը նոյն դերակատարութիւնը կ՛ունենա՞յ այս անգամ թրքական միջնորդութեամբ լուծելի տարազի մը իրականացման մէջ, դժուար է կանխաւ բացարձակ հաստատում կատարելը։ Իրադրութիւնները սակայն այնպէս ցոյց կու տան, որ թրքական միջնորդութիւնը նկատառելիօրէն ընկալելի է առնչուած տարբեր կողմերուն համար։

Թրքական այս քայլերը եւ ընկալելիութեան երեւոյթները պէտք է դիտարկել պաշտօնական Անգարայի նոր օսմանականութեան ընդհանուր քաղաքականութեան շրջագիծին մէջ։ Դէպի արաբական աշխարհ կտրուկ թեքումը եւ թրքական քաղաքական հովանաւորութիւնը շրջանին մէջ առաւելագոյնս տարածելու փորձերը առարկայացման համար ամենապատեհ առիթներէն է լիբանանեան հանգուցալուծման մէջ առանցքային դերակատարութիւն ստանձնելն ու ընդունուած միջնորդ համարուիլը։

Նոր օսմանականութեան անհեռանկարայնութեան մասին յստակ շետադրումներով եւ քաղաքական պարզաբանումներով հանդէս եկեաւ Հայաստանի հանրապետութեան նախագահը Լիբանանէն ոչ շատ հեռու Կիպրոսի մէջ, ուր ամենաբարձր ամպիոններէ ան յաջողեցաւ ճիշդ երանգները մատնացոյց ընելով խօսիլ թրքական նորօրեայ գաղափարախօսութեան դատարկութեան մասին։ Յիշեցնելով, որ շրջանի ժողովուրդները ինչ տեսակ հետեւանքներ կրած են օսմանականութենէն։

Նոր միջնորդին համար ո՛չ լիբանանեան հանգոյցը, ո՛չ լիբանանցիներուն խաղաղ համակեցութիւնը, ո՛չ ալ շրջանին կամ երկրին կայունութիւնը գերադասելի առաջադրանքներ են։ Հակամարտութեան թղթածրարին մէջ բանալի դեր ստանձնելը պարզապէս միջոց է նոր օսմանականութեան համար ենթահող շահելու։

Շահան Գանտահարեան, «Ազդակ»ի գլխաւոր խմբագիր

ArmAr.am


Թեգեր` ,

Դիտել Regions, Թուրքիա, Լրահոս, Վերլուծական, Տարածաշրջան, Քաղաքականություն բաժնի բոլոր նյութերը



Digg this!Add to del.icio.us!Stumble this!Add to Techorati!Share on Facebook!Seed Newsvine!Reddit!Add to Yahoo!

Մեկնաբանությունները թույլատրված չեն