Հայկական հեռուստահաղորդումները՝ պատուհա՞ս թէ օրհնութիւն
Հայկական հեռուստահաղորդումները մեծ զարկ եւ յառաջադիմութիւն արձանագրեցին վերջին տասնամեակին՝ շնորհիւ նորայայտ սարքաւորումներու, արբանեակային հաղորդակցութեան ու թուային (digital) գիտութեան:
Հեռուստատեսութեան աշխարհին մէջ կատարուած վիթխարի առաջընթացը սփիւռքի համար լայն հնարաւորութիւններ ստեղծեց ամէնօրեայ հաղորդակցութեան մէջ մտնելու հայրենի աշխարհի մէջ կատարուող անցուդարձերուն հետ: Օրինակ՝ ի՜նչ սքանչելի բան է եւ հաճելի ժամանց՝ դիտել երիտասարդ տաղանդներու յայտնաբերման նուիրուած յայտագիրները (ժողովրդային գործիքներ նուագողներ, ազգային-տոհմիկ պարերու մրցոյթներ եւ այլն): Եւ փոխադարձաբար, մեր գաղութներու մէջ կատարուող զանազան օգտաշատ աշխատանքներ, գործունէութիւններ կամ ձեռնարկներ, գէթ մասամբ, կը հեռասփռուին հայրենիքի տարածքին: Այս առումով, ի հարկէ, օրհնութիւն մըն է հայկական (եւ հայաստանեան) պատկերասփիւռը: Բայց ի՞նչ ըսել այն պարագային, երբ տասնեակ հազարաւորներու տուներէն ներս կը մտնեն այնպիսի հաղորդումներ, որոնք կը մատուցեն աղաւաղուած, եղծուած, անգրագէտ, կոշտ ու կոպիտ զազրախօս հայերէն մը:
Շարունակական ժամանցային հաղորդումներու (սերիալ) լեզուն, պետական բազմաթիւ այրերու խօսուածքը, «ա»-յախօսութիւնը (գնում ա, ասում ա), ռուսերէն, արաբերէն, թրքերէն, անգլերէն եւ այլ լեզուներէ կատարուած խիստ անհարկի փոխառութիւններն ու դարձուածքները դիտողներս կը փոխադրեն Երեւանի երբեմնի «Սիլաչի»ի շուկան («պազար» չըսելու համար):
Խիստ պակաս մը կայ բծախնդրութեան, իսկ անփութութիւնը գլուխը առած գացած է: Եթէ հայկական պատկերասփիւռը մեր լեզուի հայելին նկատէինք, պիտի ամչնայինք մենք մեզմէ: Լուսանկարչական գործիքին կամ բարձրախօսին մօտ կեցած ելոյթ ունեցողը պարտաւոր է զգաստ ըլլալ, յարգել հայերէնի եւ մաքրախօսութեան նուազգոյն պայմանները, չըսելու համար որ ան տակաւին օրինակ պէտք է ծառայէ իր պատասխանատուութեամբ ու հայոց լեզուի հանդէպ ցուցաբերած յարգանքով:
Լեզուն, հա՛յ լեզուն, մեր հայելին է, մեր մշակութային մակարդակի չափորոշիչը, որ մեր բերանացի արտայայտութիւններուն մէջ կ’արտացոլայ: Հեռատեսիլը, ձայնասփիւռը հզօր զէնքեր են, որոնց միջոցով կարելի է քանդել կամ գեղեցկացնել ու յղկել մեր լեզուն: Հետեւաբար, հարկաւոր է աշխատանք տանիլ, ուսուցողական ջանք ու ճիգ թափել, որպէսզի մեր մատղաշ սերունդի տղաքն ու աղջիկները լսեն տիպար հայերէն մը, այլ ոչ թէ աղճատուած ու վիրաւոր փողոցային անփոյթ հայերէն մը:
Զանգուածային հաղորդումները եւ անոնց լեզուն մաքուր եւ անսխալ գործածուելու պարագային, կրնան հարիւր դպրոցի դեր կատարել:
Մինաս ԳՈՃԱՅԵԱՆ, Լոս Անճելըս
ArmAr.am












