Գլխավոր » TOP, Զինված ուժեր, Լրահոս

Հայկական բանակի տոնակատարություն Լոս Անջելեսում

Փետրվար 11, 2011թ. 14:00

Army - HandisasrahՀայաստանի Հանրապետութեան Լոս Անճելըսի Գլխաւոր Հիւպատոսարանի կազմակերպութեամբ, Հայկական Բանակին հիմնադրութեան 19-րդ տարեդարձին ձօնուած տօնակատարութիւն մը տեղի ունեցաւ Կլէնտէյլի Հայ Կաթողիկէ Սրբ. Գիրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ սրահին մէջ, Յունուար 28, 2011 թուականի Ուրբաթ երեկոյեան ժամը 7:30-ին։

Հանդիսութեան ներկայ էին ՀՀ Սփիւռքի նախարար Տիկ. Հրանոյշ Յակոբեան, ՀՀ Գլխաւոր Հիւպատոս Գրիգոր Յովաննիսեան, Միացեալ Նահանգներու մօտ ՀՀ Զինուորական կցորդ Մեսրոպ Նազարեան, Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյ Արեւմտեան թեմի Առաջնորդ Յովնան Արք. Տէրտէրեան, Հայ Կաթողիկէ համայնքի ժողովրդապետ Գրիգոր վրդ. Շահինեան, Ս. Դ. Հ. Կուսակցութեան, Հ. Յ. Դ-ի, Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան, Միացեալ Հայ Երիտասարդներու, կղերական դասի, Հայ մամուլի ներկայացուցիչներ, Հայ Վեթերան զինուորներ եւ ազգասէր հայ բազմութիւն մը։

Ազգային խոր զգացումներով լի, անդրանիկ հանդիսութիւն մըն էր սփիւռքի մէջ, որ կը պարուրէր ներկաները, որոնք եկած էին Հայ ազգի բանակի 19-րդ տարեդարձը տօնելու, հայկական բանակի մը, որ հասակ առաւ Հայաստանի եւ Ղարաբաղի անկախութիւնէն ետք, եւ այսօր իր դեռատի հասակով կը կանգնի խրոխտ եւ հպարտ իր սխրագործութիւններով եւ պանծալի յաղթանակներով։

Օրուան հանդիսավարն էր Արշալոյս Դարբինեան, որ բեմ հրաւիրեց ՀՀ գլխաւոր հիւպատոս Գրիգոր Յովաննիսեանը, հայկական եւ Ամերիկեան օրհներգներէն եւ դրօշակներու արարողութիւններէն ետք, իր ողջոյնի եւ բարի գալստեան խօսքը տալու ներկայ հասարակութեան, ջատագովելով հայկական բանակը եւ հրամանատարութիւնը։

Հայաստանի բանակային գնդապետ Մեսրոպ Նազարեան եղաւ օրուան գլխաւոր բանախօսը։ Ան հակիրճ ձեւով, հայերէն եւ անգլերէն լեզուներով համատեղ, ներկայացուց հայկական բանակի ստեղծման օրէն մինչեւ այսօր կատարուած հիմնական     զարգացումները եւ յառաջդիմութիւնները, որոնք էականօրէն հայկական բանակը                 հասցուցին այսօրուան դիրքին. ներկայացուց նաեւ բանակին ապագայի ծրագիրները։

Օրուան հանդիսութեան կազմակերպիչ մարմնին մաս կը կազմէին Արմենական Երիտասարդական Շարժումի, Միացեալ Հայ Երիտասարդներու, Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան եւ Կայծ Երիտասարդական Շարժումի ներկայացուցիչներ, որոնք Ամերիկահայութեան անուով յուշատախտակ մը ներկայացուցին ՀՀ զինուորական կցորդ, գնդապետ Մեսրոպ Նազարեանին, նշելով իրենց նեցուկը հայկական բանակին, ու հայ ժողովուրդին պահանջքը համայն աշխարհին, ճանչնալու համար օրինականապէս եղելութիւն դարձած Ղարաբաղի հանրապետութիւնը։

Սփիւռքի նախարար Տիկ. Հրանոյշ Յակոբեան իր կարգին խօսք առնելով գնահատեց հայկական բանակը իր տարած յաղթանակներով եւ հայ քաջարի զինուորներուն արիական դիմադրութիւնները, Ղարաբաղեան պատերազմի տարիներու սկզբնական շրջաններուն, եւ ապա անոնց կերտած մեծամեծ յաջորդական յաղթանակները, որոնց շնորհիւ հայկական բանակը վերատիրացաւ Ատրպէյճանի կողմէ բռնագրաւուած հայկական տարածքներուն։ Նախարարուհին դրուատեց նաեւ սփիւռքահայերու նեցուկը, մարդոյժով մասնակցութիւնն ու օժանդակութիւնը Ղարաբաղցի մարտիկներուն հետ միատեղ Ղարաբաղեան պատերազմի ընթացքին որ աւարտեցաւ հայկական բանակի փայլուն յաղթանակով։

Հանդիսութեան իրենց գեղարուեստական մասնակցութիւնը բերին երգիչներ՝ Ռազմիկ Մանսուրեան, Ներսիկ Իսբիրեան եւ Յարութ Փամպուքճեան հայրենասիրական գեղեցիկ երգերով, որոնք ոգեւորեցին ներկաները։

Հանդիսութեան աւարտին՝ Լոս Անճելըսի Հայ վեթերան զինուորականններու ներակայացուցիչներ յուշատախտակ մը ներկայացուցին գնդապետ Մեսրոպ Նազարեանին։

Հանդիսութիւնը աւարտեցաւ ճոխ հիւրասիրութեամբ, որուն ընթացքին ներկաներն ու կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչները ունեցան մօտէն շփում ունենալու ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանին, Գլխաւոր հիւպատոսին, գնդապետ Նազարեանին եւ ՀՀ պաշտօնական ներկայացուցիչներու այլ հետ։

Յակոբ Մարտիրոսեան


Դիտել TOP, Զինված ուժեր, Լրահոս բաժնի բոլոր նյութերը



Digg this!Add to del.icio.us!Stumble this!Add to Techorati!Share on Facebook!Seed Newsvine!Reddit!Add to Yahoo!

Մեկնաբանությունները թույլատրված չեն