Գանատայի ատրպէյճանցիներու նորօրեայ հակահայ քարոզչութեան առթիւ
Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարի Գանատա այցելութեան դէմ ուղղուած ատրպէյճանական բողոքի աղմուկը չուշացաւ: Արդարեւ, անցնող օրերուն, Գանատայի ատրպէյճանական համայնքը ԼՂՀ նախարարի Գանատա պաշտօնական այցը դատապարտող յայտարարութիւններով հանդէս եկաւ, յարձակման թիրախ դարձնելով գանատացի այն պետական պաշտօնատարները, որոնց հետ հանդիպում ունեցած էր հայ նախարարը:
Աւելին, ատրպէյճանական կողմը, իր հակաքարոզչութիւնը աւելի խթանելու համար, համացանցին վրայ կազմակերպած է ստորագրահաւաք մը, ուղղուած Օթթաուայի իշխանութիւններուն, քննադատութեան ենթարկելով հայ ահաբեկիչներու մուտքի արտօնագիր շնորհելու իրենց ընթացքը:
Ատրպէյճանական հակահայ քարոզչութեան նման բուռն հակազդեցութիւնը նոր երեւոյթ չէ գանատահայ գաղութին համար: Իրողութեան մէջ անցնող հնգամեակին, յստակօրէն ուրուագծուած էր Գանատայի տարածքին թուրք-ատրպէյճանական հակահայ քաղաքականութեան ուղեգիծը, որ տարուէ տարի բացայայտօրէն կը դրսեւորուի իր հակադարձութեան ուժգնութեամբ: Օթթաուայի մէջ գործող թրքական եւ ատրպէյճանական ներկայացուցչութիւններու ակնյայտ զօրակցութեամբ թափ ստացած այս հակաքարոզարշաւը հիմնականօրէն կը հետապնդէ երկու գլխաւոր նպատակ՝
1. Արցախեան հարցի գծով հայկական կողմը ներկայացնել որպէս յարձակապաշտ եւ ջարդարար, իսկ ատրպէյճանցի ժողովուրդը՝ որպէս տեղահանուած եւ հայկական ջարդերու եւ բրտութիւններու զոհ:
2. Հայկական Ցեղասպանութեան հարցով, Օթթաուայի ստիպել, որ վերատեսութեան ենթարկէ հայկական Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու Գանատայի պետական դիրքորոշումը:
Ինչպէս հայկական այլ գաղթօճախներու մէջ, վերջին տարիներուն հիւսիսային Ամերիկայի տարածքին մտահոգիչ շեշտադրում ստացած են Պաքուի հետեւողական այն ճիգերը, ուր «Խոջալուի սպանդ»-ի ատրպէյճանական առասպելով կը փորձեն միջազգային լրատուամիջոցներուն, հանրութեան եւ քաղաքական պաշտօնատարներուն մօտ տարբեր կարծիք ձեւաւորել:
Այս ուղղութեամբ ատրպէյճանական պետական հովանաւորութեամբ, գործի լծուած են գանատացի վարձկան լրագրողներ, որոնք Գանատայի եւ արտասահմանի տարբեր երկիրներուն մէջ կը շեփորեն Խոջալուի առնչութեամբ ատրպէյճանական խեղաթիւրող քարոզչութիւնը:
Հիւսիսային Ամերիկայի մէջ, վերջին տարիներուն ատրպէյճանական համայնքը կը փորձէ ցրուած ու անկազմակերպ վիճակէ դուրս գալ եւ վերածուիլ Միացեալ Նահանգներու եւ Գանատայի հայկական գաղութներուն դէմ քաղաքական պայքարի պատրաստ համախմբուած ուժական համայնքի:
Ուշագրաւ նոր երեւոյթ են նաեւ ատրպէյճանամէտ վարձկան պատմաբաններու ճշմարտութիւնը խեղաթիւրող հակահայ ելոյթները ամերիկեան ցամաքամասի բարձրագոյն ուսման հաստատութիւններէ ներս:
Նշենք նաեւ, որ 1997-ին հիմնուած «Ատրպէյճանցիներու Համաշխարհային Գոնկրէս»ը (World Azerbaijanis Congress), տենդագին գործի լծուած է, Եւրոպայի եւ ամերիկեան ցամաքամասի ատրպէյճանական համայնքները զօրաշարժի ենթարկել Կասկածէ դուրս է, որ Արեւմտեան կիսագունդի հայկական գաղութները կը գտնուին տեղեկատուական եւ հակաքարոզչական անխուսափելի առճակատման նոր հանգրուանի մը նախաշէմին:
Ի մասնաւորի, կրկնապատկուած է Հայ Դատի յանձնախումբերու նման հայկական լոպիյինկի կազմակերպութիւններու աշխատանքը, որոնք դէպքերու նման ընթացքով, թրքական եւ ատրպէյճանական զոյգ քարոզարշաւներուն դէմ ստիպուած են ուժերը կրկնապատիկ լարել եւ
պատմական ճշմարտութիւնները կեղծելու Անգարայի եւ Պաքուի ջանքներուն դիմադարձելու համար՝ ստեղծել հակաքարոզչական նոր մարտավարու.թիւն:
ՀՈՐԻԶՈՆ, Գանատա
ArmAr.am












