Ազատ մամուլ և ազդեցության խնդիրներ
Մամուլի ազատութեան միջազգային օրուան նշումը մեզի համար հայեացքները կ՛ուղղէ բնականաբար դէպի հայկական լրատուադաշտ՝ իր հայաստանեան եւ սփիւռքեան բաժիններով։
Նկատառելի է անշուշտ, որ մեր հայրենիքի մէջ վերջերս շատցած են մամուլի ներկայացուցիչներուն դէմ դատ բանալու երեւոյթները։ Հսկայական գումարներու պահանջով յտկանշուած դատական դիմումները կը բացայայտեն խնդրոյ առարկայ մամուլը փակել տալու նպատակը։ Յայտնապէս մամուլի համապատասխան օրէնքները չեն բիւրեղացած տակաւին ճշդելու համար, թէ ի վերջոյ ո՞ւր է այն սահմանագիծը, որմէ անդին պէտք չէ անցնի հրապարակագիրը կամ լրագրողը՝ քննադատութիւն կատարելու կամ ճշմարտութիւն բացայայտելու իր առաքելութեան ընթացքին։
Խօսքը անշուշտ, ազատ բայց պատասխանատու մամուլ հասկացողութեան մասին է։ Կ՛անդրադառնանք անշուշտ, որ հարցերը առաւելաբար կը կեդրոնանան տպագիր մամուլին վրայ։ Մինչ, անհետեւանք կը մնան ելեկտրոնային մամուլի կից պաշտօնապէս հաստատուած պլոկի վրայ երեւցած քննակումներու բաժինին մէջ յայտնուող գաղափարները, ամբաստանութիւնները, մեղադրանքները։ Հակասութիւնը այս պարագային այն է, որ մինչ տպագիր մամուլը, որ շատ պատճառներով գոյութեան կռիւ կը մղէ, ընթերցողներու կայուն թիւ պահելու մղձաւանջը կ՛ապրի, իսկ ելեկտրոնայինը ընթերցող նոր լսարաններ կը նուաճէ, ուշադրութեան կեդրոնին յայտնուածը կը շարունակէ մնալ տպագիր մամուլը։ Դատական դիմումները բոլորը կը վերաբերին տպագիր մամուլին։
Հարցը այն է, որ դաշտը՝ իր ամբողջական հասկացողութեամբ չէ կանոնակարգուած։ Ելեկտրոնայինի պարագային կը գործէ անտառի օրէնք. յղումները կը բացակային, տեղեկութիւններու աղբիւրները չեն նշուիր, մեղադրանքները չեն հիմնաւորուիր յաճախ եւ ասեկոսային նիւթերը կը շրջանառուին բազմապատկումներով յաւելեալ ընթերցողներուն հասնելով՝ քան տպագիր մամուլը։
Այս հակասական իրականութիւնը կը մղէ տուեալ թերթի պատասխանատուները զատորոշելու տպագիր եւ ելեկտրոնային միեւնոյն մամուլին բովանդակութիւնը։ Տպագիրը կը ցուցաբերէ յաւելեալ պատասխանատուութիւն եւ զգուշաւորութիւն, մինչ ելեկտրոնայինը կ՛արշաւէ սանձարձակ, յատկապէս պլոկներու ճամբով։
Դեղատոմսերը յստակ չեն այս պարագային։ Դրական առումով ինքնագրաքննութեան ակնկալութիւն կայ, ազատութիւնն ու պատասխանատուութիւնը միաժամանակ կիրարկելու լրագրողական արուեստի հմտութեան ցուցաբերումով։
Լրագրողներու իրաւունքներու պաշտպանութեան գրասենեակներու եւ կազմակերպութիւններու տարեկան գնահատականները անպայման պէտք է նկատի ունենալ եւ ըստ այնմ դիտարկել լրատուադաշտն ու այնտեղ երեւցող հիմնախնդիրները։ Առանց անտեսելու քաղաքական շարժառիթներու ներշնչումը այդ զեկուցումներուն բովանդակութեան վրայ։
Սփիւռքեան կողմն աշխարհի աւելի մխիթարական չէ իրականութիւնը։ Եթէ հայրենիքի մէջ աստղաբաշխական գումարներ կը պահանջուի անմհիմն մեղադրանքի դիմաց սպառնալով թերթի գոյութեան, ապա Սփիւռքի մէջ նիւթական անձուկ պայմանները կ՛առաջնորդեն թերթի փակումին։ Տակաւին, չենք խօսիր սփիւռքահայ մամուլին տեղական օրէնքներու նկատառման եւ համապատասխան լրատուութիւններ թողարկելու կամ չթողարկելու երեւոյթներուն մասին։
Սփիւռքահայ մամուլին պակսողը, քննարկումներու որակն է, բազմակարծութեան բացակայութիւնը, կառուցողական քննադատութիւնն ու ինքնաքննադատութիւնը, հրապարակային բանավէճերը։ Այս բոլորը ազատ մամուլի կայացման կարեւոր բաղադրատարրեր են, որոնց կիրարկման նախաձեռնութիւնը մամուլի պատասխանատուներունը կը համարուի։
Հայկական մամուլը այսօր հեռու է իշխանութեան չորրորդ յենասիւնը նկատուելէ։ Հանրային կարծիքի ձեւաւորման համար անիկա իրօք կրնայ ազդեցիկ դերակատարութիւն ունենալ։ Խնդիրը այն է, որ թէ՛ Հայաստանի եւ թէ՛ Սփիւռքի մէջ հանրային կարծիքի ազդեցիկութիւնը՝ հիմնական որոշումներու կայացման գործընթացին վրայ խիստ խնդրոյ առարկայ է։
Շահան Գանտահարեան, «Ազդակ»ի գլխաւոր խմբագիր
ArmAr.am












