Եվրատեսիլյան արձագանք. «Պում, Պում»
Հունիս 2, 2011թ. 14:44
«Պում, պում»ը… չպայթեցաւ: Սփիւռքահայերս ճաթեցա՜նք: Եթէ Առնօ Պապաջանեան ողջ ըլլար, անպայման սրտի կաթուած կ’ունենար: Չեմ գիտեր այս ամօթանքը ինչպէս ընդունուեցաւ հայրենի ժողովուրդին, պետական եւ մշակոյթի մարմիններուն կողմէ:
Կը հպարտանանք մեր մշակոյթով: Օտարները կը հիանան մեր տաղանդներուն վրայ, սակայն, ցաւ ի սիրտ, մեծ սահանք մը ունեցանք 2011-ի Եւրօտեսիլով: Տաղանդաւոր երաժիշտներ շա՜տ ունինք, ինչպէս նաեւ՝ երգերու սքանչելի մեկնաբանողներ, որոնք, դժբախտաբար, մօրեղբայրներ չունին դատարաններէ ներս:
Ազերին իր կործանարար վայրագութիւններով հանդերձ, առաջին տեղը գրաւեց… եւ մենք, մեր ջիղերուն հաշւոյն, դիտեցի՜նք:
Արդարադատութեամբ ներկայանանք աշխարհին: Աշխատինք որ, յետ այսու, մեր թշնամիները ԵՐԲԵ՜Ք չուրախացնենք:
ԱՐԱՔՍԻ ՍԱՐԳԻՍԵԱՆ, Հալէպ, Սուրիա
ArmAr.am












