Թուրքիա կը փորձէ հալածել «պահուըտած հայեր»-ը
Դար մը ամբողջ, խելացնոր՝ Թուրքիա ջանացած է փաստել եւ արմատախիլ ընել «Հայկական անջատողականութիւնը» Թուրքիոյ մէջ, ինքզինք յարատեւ հալածուած տեսնելով «Պատմական Հայաստանի ուրուական»ին կողմէ։
2004 թուին, Միացեալ Նահանգներու Թուրքիոյ մէջ գործող հիւպատոսարանը, անյայտ աղբիւրներէ տեղեկութիւններ կը ստանար թէ՝ Անգարա թուրք ոստիկանութեան եւ գաղտնի սպասարկութեանց յաջորդական հրահանգներով պատուիրած է պայքարիլ «Հայկական անջատողականութեան» դէմ, որովհետեւ այն մաս կը կազմէ «Քիւրտերու ամպստամբութեան» դէմ պայքարին։ Միացեալ Նահանգներու դիւանագէտներ կը հաղորդեն թէ հայոց Ցեղասպանութիւնէն ետք ափ մը հայեր միայն մնացած էին հարաւ արեւելեան շրջանին մէջ, սակայն թրքական պետութեան խելակորոյս վիճակը կը յառաջանայ իր «անցեալի պատմութեան վախէն», եւ աւելին՝ «Պահուըտած Հայերէն»։
1915-ի հայոց Ցեղասպանութիւնէն ետք, Օսմանեան պետութեան շրջանին, մեծ թիւով հայեր բռնի կերպով կրօնափոխ եղած եւ իսլամացած էին, որոնց շառաւիղները տակաւին կ’ապրին այժմու Թուրքիոյ արեւելեան եւ հարաւային շրջաններուն մէջ, ըստ թուրք պետական մարդահամարներու գրաւոր տուեալներու։ Հակառակ անոր որ թրքական ինքնութեան փաստաթուղթերուն մէջ այժմ կը յիշուին անձին անունն ու կրօնքը միայն, սակայն թրքական պետութիւնը ունի գաղտնի տոմարներ, ուր կը յիշուին նաեւ անձին ազգային պատկանելիութիւնը, որ մեծ մտահոգութիւն կը պատճառէ թուրք պետութեան։ Թուրքիոյ զանգուածային բնակչութեան մէջ այժմ կը գտնուին իսլամացած հայերու արմատներ, որոնք այսօր մխրճուած են թուրք պետականութեան, ուսումնականներու, մտաւորականներու եւ նոյնիսկ իսլամ կրօնականներու խաւերուն մէջ, խրթին կացութեան մատնելով թուրք պետութիւնը, «Հայկական Անջատողականութեան» դէմ, իր պայքարին մէջ։
Ամերիկացի դիւանագէտներ իրենց ճամբորդութեանց ընթացքին, Թուրքիոյ հարաւ-արեւելեան շրջաններուն մէջ, իրենց յարատեւ հարցաքննութիւններով համոզուած են թէ՝ տեղացի ժողովուրդը Անատոլի մէջ, մինչեւ այսօր շարունակաբար, քաջատեղեակ է 1915 թուին կատարուած եղելութիւններուն եւ միշտ պատրաստ եղած է բաժնելու զայն արտաքին աշխարհին հետ։ Իսկ այլ պարագաներով՝ դիւանագէտները նշմարած են այնտեղի բնակիչներուն մէկ մասին մէջ, հայկական յատկանշական դիմագիծներ եւ կառոյց, որոնք յստակօրէն կը մատնանշեն հայկական ծագում ունեցողներ կամ «պահուըտած հայեր», մինչ թուրք պետական պաշտօնեաներ կը յայտարարեն թէ Քիւրտ ամպստամբները հայեր են։
Եուսուֆ Հալաճoղլու, թրքական պատմական շրջանակի նախկին տնօրէն, 2007 թուին յայտարարած էր թէ շատ մը քիւրտեր, եւ մանաւանդ Ալեւի քիւրտեր, ծագումով հայեր եղած են։ Իսկ Թուրքիոյ վարչապետ, Րէճիպ Թայիպ Էրտողան յաճախ անդրադարձած է «հայու մատ»ին մասին, Թուրքիոյ դէմ բոլոր ապստամբութիւններուն մէջ։ Ան նոյնիսկ առանց մեկնաբանութեան յայտարարած է Ուաշինկթընի մէջ, 2007 թուին, թէ քիւրտերու մէջ, եւ նաեւ քրտական PKK կուսակցութեան մէջ հայեր կը գտնուին։
Լրատուական միջոցներ կը կարծեն թէ թրքական գաղտնի սպասարկութիւնը եւ այլ պետական գրասենեակներ, 2007 թուին մասնակից եղած են Հրանդ Տինքի սպանութեան, որուն որպէս հետեւանք տեղի ունեցան ժողովրդային ցոյցեր այպանեցին թուրք պետութիւնը եւ յառաջ մղեցին հայկական հարցը միջազգային մակարդակով։ Թուրք պետութիւնը, ի տես պատահարի հետեւանքներուն, ինքզինք անյարմար կացութեան մէջ գտնելով, յաջորդ տարի նոյնիսկ, անմիջապէս դիմեց ներքին եւ արտաքին քաղաքական փրկութեան լուծումներու, իր արտերեւոյթը փրկելու համար միջազգային քաղաքական գետնի վրայ։ 2009 թուին ան դիմեց իր դիւանագիտական նշանաւոր խաղարկութեան, երբ Հայաստանին առաջարկեց փոխադարձ համաձայնութեան հռչակաւոր Փրոթոքոլները, որոնք ծնունդ չառած արդէն մարեցան թրքական անորոշ քաղաքականութեան եւ ներկայացուցած անվերջ նախապայմաններուն հետեւանքով։
Այնուհետեւ՝ թրքական պետութիւնը կը զգուշանայ Թուրքիոյ մէջ հայոց ցեղասպանութեան քննադատութիւնէ կամ որեւէ ոգեկոչման հանդիսութեան արգելք հանդիսանալէ, առաւել եւս ջանալով պաշտպանել որեւէ ելոյթ կամ հանդիսութիւն։ Անգարա, իր միջազգային վարկի բարելաւման համար, նոյնիսկ ձեռնարկեց Վանայ Ախթամար եկեղեցւոյ եւ այլ հայկական պատմական կառոյցներու նորոգութեան եւ թուրք պետական պաշտօնէութեան մէջ հայկական ծագումով թուրք քաղաքացիներու մասնակցութիւնը արտօնելով։
Եւ սակայն, միեւնոյն ատեն, Էրտողան կը փորձէ Թուրքիայէն արտաքսել անօրէն կեցութիւն ունեցող հայեր, կը հրահանգէ Կարսի «բարեկամական» արձանի քանդումը, եւ բացայայտօրէն կը զարգացնէ «եղբայր Ատրպէյճանի» հետ ռազմական գործունէութիւնները եւ գործակցութիւնը։
Հակոբ ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ, Լոս Անճելըս
ArmAr.am












