Իրավական թղթածրարի նախադրեալները
Միացեալ նահանգներու ներկայացուցիչներու տան արտաքին յարաբերութեան յանձնախումբի երէկուան քուէարկութիւնը արժանի է ուշագրաւ դիտարկումներու, թէ՛ քուէարկութեան պատկերի եւ թէ՛ մանաւանդ բանաձեւին բովանդակութեան նկատառումով։
Առաջին հերթին, ներկայացուած բանաձեւի նախագիծը կը նախանշէր Միացեալ նահագներու Հայ Դատի յանձնախումբին կողմէ ռազմավարական մօտեցումի նկատառելի փոփոխութիւն՝ կարճաժամկէտ կտրուածքով ուղղակի թիրախին հասնելու առումով։Այդպէս ալ եղաւ։
Ընտրուած թեման՝ կրօնական ազատութիւնը, միջազգային նորմերուն հնչեղութիւն ունէր, ինչ որ իր կարգին դուռ պիտի բանար հայկական եկեղեցիները իր իրաւատիրոջ վերադարձնելու պահանջին։ Մինչ այս, միայն Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը առաջադրող բանաձեւի նախագիծերը նոյն այս միջավայրին մէջ կը բախէին զանազան մօտեցումներու, հայեացքներու, տրուած ըլլալով որ հարցը կը քննարկուէր զուտ քաղաքականացուած պարունակի եւ անշուշտ թուրք-ամերիկեան յարաբերութիւններու շրջագիծի սահմաններուն մէջ։
Այս բանաձեւի նախագիծը կը յենէր մէկ կողմէ միջազգային ընտանիքի յայտարարած արժեհամակարգին եւ միւս կողմէ ներկայացուցիչներու տան նախընթաց բանաձեւերուն վրայ, աւելի եւս նեղցնելով նախագիծը մերժելու հաւանականութեան օղակը։ Այս պատճառներով էր փաստօրէն, որ նախագիծը միայն մէկ դէմ քուէ ստացաւ։Քուէարկութեան պատկերը կը նախանշէր ռազմավարական նոր մօտեցումի յաջողութեան նախադրեալները։
Ցուցադրուած մարտավարութիւնը Թուրքիոյ տարածքին ապրող փոքրամասնութիւններու կրօնական ազատութիւնները յարգել տալու այս դատին ու պահանջին աշխուժօրէն կը միացնէր լոպիիստական այլ խմբաւորումներ եւս, որոնք շահագրգռուած էին Թուրքիոյ մէջ ապրող իրենց ազգակիցներու կրօնական ազատութեամբ։
Տակաւին. ա՛յս բանաձեւը առիթ կու տար, որ ամերիկացի քոնկրէսականներ «մէկ նալին- մէկ սալին» խփելու իրենց մօտեցումներով ակներեւ դարձնէին թրքական հակասութիւնը (շրջանին մէջ «ամէնէն ազատ» երկիրը չ՛արտօներ կրօնական ազատութիւնը)։
Բարացուցական է, որ բանաձեւի քուէարկութենէն գրեթէ օր մը ետք, տակաւին կը բացակայի թրքական հակազդեցութիւնը։ Ո՛չ քաղաքական եւ ո՛չ ալ լրատուական իմաստներով մեկնաբանութիւններու չենք հանդիպիր։ Այս չի նշանակեր անշուշտ, որ լռութիւնը պիտի չխզուի.այսուհանդերձ արձագանգի ուշացումը ինքնին յատկանշական է։
Գանք հիմնական հարցին։ Քննարկումներուն կարեւորագոյն բաժինը եկեղեցիներու վերանորոգումէն, կրօնական արարողութիւններու արտօնութենէն անդին անոնց բուն իրաւատէրերուն վերադարձնելու հրամայականն է, որ ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ համազգային մեր պահանջատիրութեան իրաւական թղթածրարի մէկ կարեւոր բաժինը։
Ռազմավարական նոր մօտեցումի նշանակութիւնը այստեղ կը կայանայ փաստօրէն։ ճանաչումի պահանջին առընթեր ամենաճշգրիտ տարազը որոշուած է պահանջատիրութեան իրաւական թղթածրարի մէկ կարեւոր բաժինի իրականացման համար։ Եւ փաստը ցոյց կու տայ, որ մեկնակէտը յուսադրիչ է։ Թրքական կողմի լռութիւնը պարզապէս խոր մտահոգութիւն կը մատնէ։
Շահան Գանտահարեան
ArmAr.am












