Արծուաբոյն Զէյթունէն՝ սրբազան Արարատի գագաթը
Հանրայայտ քանդակագործ Ռաֆֆի Թոքաթլեանը, վերջերս իրագործեց բազմաթիւ հայերու վաղեմի երազը, բարձրանալով Սրբազան Արարատի գագաթը։ Զէյթունի հերոս Բարթողոմէոս Վրդ. Թագաճեանի հարազատ շառաւիղ լիբանանահայ արուեստագէտը նախապէս բարձրացած էր Ափրիկէի ամէնէն բարձր «կտուր»՝ Քիլիմանճարօ լերան ինչպէս նաեւ շարք մը ուրիշ լեռներու գագաթները: Ի դէպ, Ռաֆֆի Թոքաթլեան միաժամանակ է նաեւ մարաթոն վազքի ախոյեան մը։
Օգոստոսեան շոգը ետին ձգելով «Սփիւռքի մայրաքաղաք» Պէյրութի մէջ, խումբ մը լիբանանցի խիզախներու ուղեկցութեամբ, Ռաֆֆի Թոքաթլեան մեկնեցաւ Պոլիս, անկէ ալ Վան, ի վերջոյ, հանրակառքով, ժամանելու համար հայոց Սրբազան լերան ստորոտը գտնուող Տողու Պազազիտ (Պայազէտ) աւանը եւ անմիջապէս ձեռնարկեց դժուարին եւ հայրենասիրական ծրագրի իրագործման։
«Քիւրտ ուղեկիցներու եւ խոհարարի ընկարակցութեամբ, առաջին 3200 մեթրը մասամբ ջորիներու վրայ բեռնուած մեր վրաններով եւ հանդերձանքով, Պայազէտ քաղաքէն բարձրացանք Արարատն ի վեր, ուր ամէն վարկեան մթնոլորտն ու օդին եղանակը կը փոխուէին…։ Արեւ, փոթորիկ, կարկուտ եւ ապա դարձեալ արեւ-տեղատարափ անձրեւն ու մրրիկը կարծես թէ կը փորձէին արմատախիլ ընել մեր վրանները, առաջին գիշերը։
Միւս օրը, առաւօտեան, մշուշոտ ու ամբողջովին քարածածկ, հրաբխային գորշ ժայռերու վրայով, շատ դժուարին մագլցումով հասանք 4300 մեթր բարձրութեան. ապա, որպէսզի մերր թոքերն ու սիրտը ընտելանային բարձրութեան՝ վերադարձանք 3200 մեթրի վրայ գտնուող կայանը։ Միւս օրը, դարձեալ հասանք 4300 մեթրի վրայ վրայ գտնուող մեր հանգրուաը, վրանները լարեցինք, ընթրեցինք ու կէս գիշերէն քիչ ետք, մեր գլուխներուն վրայ ամրացուած լուսարձակներով, հակառակ ահաւոր ցուրտին (-10-25 սանթիկրատ)՝ յաջողեցանք հասնիլ 5000 մեթր վճռական բարձրութեան։ Ապա սկսաւ Արարատի գագաթին վրայ դարերէ ի վեր «բնակութիւն հաստատած» սառցադաշտին յաղթահարումը, յատուկ, գամերով պատուած կօշիկներով։ Ի վերջոյ, ցուրտին եւ բարձրութեան դէմ մէկուկէս ժամ տեւող ճակատագրական պայքարէ ետք, կարողացանք հասնիլ մեր երազանք-նպատակկէտին՝ Հայոց Սրբազան լերան գագաթը։ Մեր աջին, ամպերու տակ փռուած էին այսօրուան Հայաստանը, Երեւանը, ձախին՝ Արեւմտեան Հայաստանը եւ հարաւային կողմը՝ Իրանը»։
Հակառակ յուզումին եւ չբացատրուող զգացումներուն, հնագոյն ժամանակներէ ի վեր հայոց կողմէ պաշտուած սրբազան լերան կատարին կանգնած, Ռաֆֆի Թոքաթլեան կարողացաւ «Թուրայա» արբանեակային հեռախօսով կապուիլ Պէյրութի հայկական ռատիօկայանին հետ ու սրնթաց հովերուն ու ցուրտին ընդմէջէն, ողջոյններ ուղարկեց Լիբանանի հայոց, միաժամանակ այնտեղ պարզելով հայկական եռագոյնը եւ լիբանանեան դրօշը, Արարատի կատարին իրեն հետ գտնուող ընկերներուն եւ ռուսահայ մագլցողներու օժանդակութեամբ։ Ապա, յաղթանակի ժպիտը դէմքին, լուսանկարելով ու տեսաերիզի առնելով վայրէջքը՝ արշաւախումբը վերադարձաւ մեկնման կայանը, յաջորդ օրն ալ դէպի Պայազէտ, անկէ Վան ու Պոլիս, ի վերջոյ վերադառնալու համար Պէյրութ։
«Արարատի գագաթը նուաճելը շատ դժուարին առաքելութիւն է։ Միայն 1828-ին է որ Խաչատուր Աբովեան եւ Փայօթ կարողացան հասնիք այնտեղ՝ ուր կը կարծուի թէ յաւերժ կանգնած է Նոյեան տապանը…։ Բոլոր ցանկացողներուն կը մաղթեմ որ իրենք ալ կատարեն այս պատմական ուխտագնացութիւնը, բայց շատ լաւ նախապատրաստուելէ ետք՝ որովհետեւ կրնան վտանգել իրենց կեանքն իսկ» կը զգուշացնէ լիբանանահայ քանդակագործը։
Իսկ այս կարեւոր նուաճումը իր հետքը պիտի թողո՞ւ ապագայ ստեղծագործութիւններուն վրայ հարցումին՝ Ռաֆֆի Թոքաթլեան, երազային ժպիտով, կը պատասխանէ.
«Հիմա արդէն կը փորձեմ դուրս գալ երանութեան զգացումներէ եւ Սրբազան Լերան թողած անջնջելի տպաւորութիւններէն։ Արարատին նուիրուած նոր ստեղծագործութիւններս կ’երեւի կ’ըլլան լաւագոյնները» կը խոստանայ իր անսպասելի նուաճումներով եւ անակնկալներով արուեստասէր հասարակութիւնը միշտ ուրախացնող հայ տաղանդաշատ արուեստագէտը։
Համօ ՄՈՍԿՈՖԵԱՆՊէյրութ, Լիբանան
ArmAr.am












