Գլխավոր » Լրահոս

Համայնքային կամուրջներ

Հոկտեմբեր 6, 2011թ. 16:47

Լիբանանի խորհրդարանի նախագահին եւ Քուէյթի ֆինանսական հարցերու նախարարին այցելութիւնները Երեւան գրեթէ կը համընկնէին ժամանակի առումով։ Արաբական երկու երկիրներու պաշտօնական ներկայացուցիչներուն հետ եղած հանդիպումները, ստորագրուած պայմանգրերը, ընդգծուած համագործակցութեան անհրաժեշտութիւններն ու յառաջիկայի առումով կատարուած յայտարարութիւնները կը նախանշեն, որ Երեւան-արաբական երկիրներ միջպետական յարաբերութիւններուն նոր խթան հաղորդելու նախադրեալներ կ՛երեւին։

Քուէյթի նախարարին զբաղեցուցած պաշտօնը ինքնին կը շեշտէ, որ այցելութեան նպատակը դէպի Ծոցի երկիրներ աւելի բացուելու, տնտեսական քաղաքականութեան թափ տալու եւ նոր ներդրումներ ապահովելու կը միտի։ Փաստօրէն կը խօսուի Երեւանի մէջ Քուէյթի դեսպանատուն հաստատելու մօտալուտ ըլլալուն եւ Հայաստան-Քուէյթ օդային հաղորդակցութեան հաստատման նոր ստորագրուած համաձայնագրի գործադրութեան մասին։ Ապրանքաշրջանառութիւնը նկատելիօրէն աւելցնելու ինչպէս նաեւ այդ տարածքներէն զբօսաշրջիկներուն համար մեր երկիրը գրաւիչ դարձնելու գործնական միտումները ակներեւ են այս օրերուն։

Լիբանանի խորհրդարանի նախագահին այցելութիւնը Երեւան,  իր ընդհանուր գիծերուն մէջ երկու երկիրներուն միջեւ բարեկամական յարաբերութիւններու ամրապնդման կը միտէր։ Յայտարարութիւնները՝ Նեպիհ Պըրրիի կողմէ կատարուած այդ առաջադրանքը կը շեշտեն առ հասարակ։ Առաջադրուած է քաղաքական յարաբերութիւններու բարձր մակարդակին համընթաց զարգացնել նաեւ երկու երկիրներուն միջեւ տնտեսական կապերը։ Լիբանանի Ազգային ժողովի նախագահին համաձայն, Լիբանանը Հայաստանի համար կրնայ նկատուի դուռ՝ միջին արեւելեան երկիրներ մուտքի համար։

Անկախ այն կարեւոր իրողութեէն, որ երկու այցելութիւններն ալ կրնան ծառայեցուիլ փոխշահաւէտ համագործակցութիւններու իրականացումներով Հայաստանի տնտեսութիւնը հզօրացնելու աշխատանքներուն, կարեւոր է երեւոյթները դիտարկել քաղաքական հրատապութիւն ներկայացնող եւ հայկական խնդիրներուն հետ աղերս ունեցող այսօրուան իրադարձութիւնները նկատի ունենալով։

Այսպէ՛ս։ Երկու երկիրներն ալ իսլամական երկիրներու վեհաժողովին անդամ են, ուր Պաքուն ամէն նիստի առիթ չի փախցներ արցախեան հարցի առնչութեամբ հակահայ բանաձեւեր  որդեգրել տալու։ Կրօնական հարցերու ուղղակի շահարկումներով նման միջավայրերու մէջ Պաքուի կատարած աշխատանքը անշեղօրէն եւ հետեւողական ձեւով կը շարունակուի։ Այս չէ նշանակած սակայն, որ երկու երկիրներն ալ առանձնապէս պաշտօնական Պաքուի տեսակէտները որդեգրեն եւ այդ առումով յայտարարութիւններով հանդէս գան։ Լիբանանի Ազգային ժողովի նախագահի բառերով պարտադիր է շրջանի տեղւոյն բնակչութեան կամքի յարգումը։ Յայտարարութիւնը, որ համահունչ է ազգերու ինքնորոշման իրաւունքի յարգումի սկզբունքին, էովին կը հակասէ իսլամական երկիրներու վեհաժողովին որդեգրած բանաձեւերու բովանդակութեան։ Ինչ կը վերաբերի քուէյթցի նախարարին, ապա անոր զբաղեցուցած պաշտօնն ու քաղաքական այլ հանգամանքները նկատի ունենալով աւելի քան հասկնալի է այս մասին ընդհանրապէս չարտայայտուիլը։

Տակաւի՛ն։ Հայաստանի միւս «հարեւան»ը՝ Թուրքիան նոր օսմանականութեան հաստատման ու տարածման իբրեւ գլխաւոր թիրախ-աշխարահագրական շրջան ընտրած է արաբական աշխարհը եւ այս պարագային՝ Միջին արեւելքը, ուր ոչ միայն տնտեսական այլ բոլոր բնագաւառներուն մէջ մեծ դռնէն մուտք գործելու քաղաքականութեամբ տարուած են նոր օսմանցիները։ Հիմա, Լիբանանի խորհրդարանի նախագահը Լիբանանը Հայաստանին համար կը նկատէ Միջին արեւելք մուտք գործելու հիմնական դուռը։

Թրքական գործօնի աշխուժացման քաղաքականութեան դիմաց հակակշիռ քայլերու ամէնէն ազդեցիկը Հայաստանի հանրապետութիւն-արաբական երկիրներ միջպետական յարաբերութիւներու սերտացումն է, կնքուած պայմանագրերու գործադրութեան հետամուտ ըլլալը եւ փոխշահաւաէտ համագործակցութիւններով Հայաստանի հանրապետութեան տնտեսական հզօրացում ապահովելը։ Միջին արեւելեան տեղւոյն համայնքները այս քաղաքականութեան իրականցման համար լիարժէք կամուրջի դեր կրնան վերցնել։ Մարդկային կամ համայնքային այս կամուրջը այսօր չունին ո՛չ Պաքուն, ո՛չ ալ Անգարան։

Շահան Գանտահարեան

«Ազդակ»ի գլխաւոր խմբագիր


Դիտել Լրահոս բաժնի բոլոր նյութերը



Digg this!Add to del.icio.us!Stumble this!Add to Techorati!Share on Facebook!Seed Newsvine!Reddit!Add to Yahoo!

Մեկնաբանությունները թույլատրված չեն