Ի՞նչ Պայմաններու Մէջ Յօրինուած Է «Գետաշէն» Հանրածանօթ Երգը Եւ Ո՞վ Է Անոր Երաժշտութեան Հեղինակը
Չենք գիտեր, թէ ի՞նչ տուեալներու վրայ հիմնուած, Սփիւռքի տարածքին, վերջին 20 տարիներու ընթացքին հրատարակուած բոլոր երգարանները «Գետաշէն» երգին երաժշտութիւնը կը վերագրեն Սահակ Սահակեանի:
«Գետաշէն» երգի բառերուն եւ երաժշտութեան հեղինակը Գագիկ Նազարեանն է, ներկայիս՝ ծանօթ Գուսան Հայկազուն անունով, որ կ՛ապրի Երեւան մայրաքաղաքին մէջ: Հոկտեմբերին բախտը ունեցանք երկրորդ անգամ այցելելու մեր հայրենիքը եւ ծանօթանալու Գուսան Հայկազունի. ան մեզ՝ անճարցիներս, հրաւիրեց Արարատի ստորոտը գտնուող Խարբերդ գիւղի իր տան պարտէզը, ներկայութեամբ իր երգողներուն:
Մենք մեծ հաճոյքով վայելեցինք Գուսանին եւ իր խումբին ջերմ հիւրասիրութիւնն ու յեղափոխական երգերը: Անոնք խանդավառութեամբ պատմեցին եւ վերյիշեցին Այնճար աւանի հիմնադրութեան 70 ամեակին իրենց ունեցած ելոյթն ու Այնճարի ժողովուրդին հիւրասիրութիւնը, ինչպէս նաեւ Պուրճ Համուտի ելոյթը, Արամ Ա. կաթողիկոսի աջահամբոյրն ու Անթիլիասի վանքի եւ Լիբանանի տեսարժան վայրերու այցելութիւնները: Շատ հաճելի ժամանակ անցուցինք՝ երգելով եւ մտերմիկ խօսակցութիւններով:
Մենք, Հայաստան կեցութեան ընթացքին, հանդիպումներ ունեցանք Գուսան Հայկազունի հետ, նաեւ Երեւանի իր գրասենեակին մէջ: Ան մանրամասնօրէն անդրադարձաւ իր կեանքի զանազան հանգրուաններուն, իր յօրինած յեղափոխական եւ սիրային երգերուն՝ շուրջ 100 հատ, որոնք հրատարակուած են 1998ին եւ 2011ին, «Հայեր Միացէք» վերնագիրին տակ: Անոր յեղափոխական երգերը ընդհանրապէս նուիրուած են Ղարաբաղեան կռիւներու հերոսներուն, խրախուսելու համար ճգնաժամային օրերուն յուսահատութեան մէջ, կեանքի եւ մահու դէմ կռուող ղարաբաղցիին. «Հայեր Միացէք» երգը համայն հայութիւնը համախմբելու մարտահրաւէր մըն էր.
Գուսան Հայկազունի իւրաքանչիւր երգը ունի իր յօրինումի դրդապատճառն ու պատմութիւնը: Գուսանը մաս կը կազմէր «Արտաշատ» չոկատի 20 մարտիկներուն. անոնք 1990ին օգնութեան պիտի հասնէին վտանգուած Գետաշէն գիւղին. ահա՛ թէ ի՞նչ կը պատմէ Գուսանը իր յօրինած «Գետաշէն» երգին համար.
««Արտաշատ» չոկատի 20 մարտիկներս, երբ ուղղաթիռ կը բարձրանայինք Գետաշէն գիւղին օգնութեան երթալու, չոկատին հրամանատարը, ձեռքէս քաշելով ուղղաթիռէն վար առաւ զիս՝ ըսելով. «Դու ափսոս ես, մի քէօր կիւլլա («կոյր փամփուշտ») կը գտնի քեզ, մնացի՛ր հոս եւ Գետաշէնի մասին մի երգ յօրինիր…»: Ուղղաթիռը մեկնեց, ես մնացի տեղս, ապա գացի մեր ապաստանարանը եւ յօրինեցի Գետաշէն երգին բառերն ու երաժշտութիւնը. երեք օր ետք, երգը ձեռքիս՝ միացայ չոկատի ընկերներուս եւ անոնց սորվեցուցի երգը: Այդ օրէն սկսեալ, «Գետաշէն» երգը տարածուեց խրամատից խրամատ եւ դարձաւ մի տեսակ քայլերգ Ղարաբաղի մարտիկներուն. երգը տարածուեց ոչ միայն Արցախում, այլ Հայաստանում եւ Սփիւռքում»:
«Գետաշէն» երգին առնչութեամ, Գուսան Հայկազունը ուրիշ աւելի հետաքրքրական դէպք մը պատմեց. «Կռիւներու տաք ժամանակ, երբ կը թալանուէին եւ կը դատարկուէին մեր գիւղերը, խումբ մը մանուկներ՝ ծերունիի մը առաջնորդութեամբ, կ՛ապաստանին մօտակայ քարայր մը. մեր մարտիկները քարայրէն հայերէն խօսակցութիւններ կը լսեն եւ հայերէնով ձայն կու տան, որ անոնք քարայրէն դուրս գան, սակայն անոնք չեն գար՝ վախնալով, որ ատրպէյճանցիները դարան մը պատրաստած են իրենց դէմ, որովհետեւ ատրպէյճանցի զինուորները լաւապէս հայերէն կը խօսէին. հայ մարտիկներէն մէկը կ՛ըսէ. «Գետաշէնը երգենք»: Երբ քարայրի մանուկները «Գետաշէն» երգը կը լսեն, դուրս կու գան եւ վազելով դէպի հայ մարտիկները՝ կը փաթթուին անոնց, որովհետեւ ատրպէյճանցիները դեռ «Գետաշէն» երգը չէին գիտեր»:
Ահա՛, սիրելի ընթերցող, «Գետաշէն» երգի յօրինումին պատմութիւնը. երգի բառերուն եւ երաժշտութեան հեղինակը Գուսան Հայկազունն է. հակառակ անոր, որ Գուսանը արտաքինով նիհարակազմ է, սակայն ան իր սիրտին մէջ կը կրէ ոչ միայն Երեւանն ու Արցախը, այլ՝ ամբողջ Պատմական Հայաստանը՝ իր լիճերով, լեռներով, դաշտերով, մշակոյթով եւ պատմութեամբ: Անոր յօրինած երգերը Ղարաբաղեան կռիւներուն ուժ ու կորով կը ներշնչէին մեր մարտիկներուն:
Գուսան Հայկազունի ընդհանրացած երգերէն յիշենք՝ «Հայեր Միացէք», «Գետաշէն», «Հպարտ Գնացէք», «Պիտի Գնանք», «Չքնաղ Շահումեան», «Վեր Կաց Շահէն», «Արի Զօրավար», «Մուսա Լերան Զաւակներն Ենք» եւ ուրիշներ:












