Գլխավոր » TOP, Թուրքիա, Լրահոս, Ցեղասպանություն

Պոլսո հայոց պատրիարքարանը ապացուցեց, որ ծառայում է Թուրքիայի իշխանություններին

Դեկտեմբեր 23, 2011թ. 00:13

PolisՆերկայացնում ենք Պոլսո հայոց պատրիարքարանի տարածած հաղորդագրությունը  Ֆրանսիայի Ազգային Ժողովի կողմից ընդունված ցեղասպանությունների ժխտումը քրեականացնող օրինագծի առիթով


Թրքահայոց Պատրիարքութիւնը Դեկտեմբեր 20 թուակիր հաղորդագրութեամբ մը քննադատած է ֆրանսական նախաձեռնութիւնը: Հաղորդագրութեան մէջ ըսուած է.
«Ինչպէս կ՚ըսենք միշտ, այս երկիրը մեր բոլորինն է… Մեր արմատները իրարու խառնուած են հողին տակ: Բոլորս նոյն ջուրէն կ՚ըմպենք, նոյն օդը կը շնչենք: Անցեալ շաբաթ մեր մահմետական դրացիներուն անուշապուրը համտեսեցինք: Գալ շաբաթ Նոր Տարի է. այս անգամ Հայերը իրենց դրացիներէն ստացած ամաններուն մէջ պիտի լեցնեն իրենց պատրաստած անուշապուրը եւ զայն բաժնեն անոնց հետ: Այդ ամանը շատ նուրբ ու կարեւոր է: Պէտք է անոր տէր կանգնինք բոլորս միասին, հոգ տանինք, որպէսզի չկոտրի: Սակայն, դժբախտաբար, միջազգային հանրութեան շատ հոգը չէ այս իրողութիւնը:
Մենք այն համոզումը ունինք, որ ժխտական որեւէ միջամտութիւն վնաս կը հասցնէ ատոր: Այդպիսի միջամտութիւններու արդիւնքները մեզ բոլորս կը վիրաւորեն, կը տխրեցնեն: Միւս կողմէ, պէտք չէ մոռնալ որ արտասահմանի մէջ իրարու յաջորդող նման զարգացումներ հետեւանքն են անհամ կռիւի մը: Բոլորս ալ գիտենք, որ այդ կռիւը չի կրնար յաւիտեանս տեւել, պէտք չէ տեւէ: Այդ կռիւին պէտք է վերջ տան դրացիները, ոչ թէ ուրիշները:
“Իթթիհատ վէ Թէրաքքի”ի (Միասնութիւն եւ Բարգաւաճում) կառավարութեան շրջանին՝ ճիշդ է որ դէպքեր պատահած են: Սակայն հայ−թրքական յարաբերութիւնները կ՚երկարին մինչեւ Ե. դար: Այդ թուականէն ի վեր այնքա՜ն արժէքներ կան, զորս բաժնած ենք կամ իրարու զօդուած զարգացուցած ենք, այնպիսի հարուստ կուտակում մը կայ, որ 1.600 տարուան այդ անցեալը եւ մեզ բոլորիս սպասող լուսաւոր ապագան չենք կրնար լքել այդ ցաւալի դէպքերուն շուքին: Ատիկա մեծ սխալ եւ մեծ անարդարութիւն պիտի ըլլար հայ եւ թուրք ժողովուրդներուն բարեկամութեան առումով: Այս երկրին զաւակները արժանի չեն ատոր»:

Մեկնաբանություններն ավելորդ են:

ArmAr.am


Դիտել TOP, Թուրքիա, Լրահոս, Ցեղասպանություն բաժնի բոլոր նյութերը



Digg this!Add to del.icio.us!Stumble this!Add to Techorati!Share on Facebook!Seed Newsvine!Reddit!Add to Yahoo!

Մեկնաբանությունները թույլատրված չեն