Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ՄԱԿ-ին կառաջարկէ ապազինել Քեսապի շրջանը
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան՝ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մունի քաղաքական հարցերու պատասխանատու Ճէֆրի Ֆելթմանի հետ: Այս մասին կը հաղորդէ Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը:
Ան վեհափառին յայտնեց, որ ՄԱԿ մտահոգ է Քեսապէն ներս ստեղծուած ապահովական կացութեամբ, աւելցնելով, որ ինք այս ուղղութեամբ հանդիպումներ ունեցած է Սուրիոյ տագնապին գծով, ՄԱԿ-ի եւ արաբական Լիկայի յատուկ պատուիրակ Լախտար Իպրահիմիի հետ ինչպէս նաեւ տեսակցած է ՄԱԿ-ի մօտ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ դեսպաններուն հետ:
Վեհափառ Հայրապետը պարզելէ ետք Ֆելթմանին Քեսապէն ներս տիրող կացութիւնը, այդ գծով շեշտեց թրքական գործոնին կարեւորութիւնը: Նորին Սրբութիւնը առաջարկեց, որ ՄԱԿի կողմէ քննուի Քեսապի շրջանը ապազինելու կարելիութիւնները: Ֆելթմանը շինիչ գտաւ Վեհափառ Հայրապետին առաջարկը եւ խոստացաւ այս ուղղութեամբ Լախտար Իպրահիմիի հետ անհրաժեշտ խորհրդակցութիւնները ունենալ:












