Գլխավոր » Արևմտյան Հայաստան, Թուրքիա, Լրահոս, Տարածաշրջան

Կոչ կ’ուղղենք նաեւ համայն հայութեան

Հունիս 5, 2014թ. 20:38

Կոչ կ’ուղղենք նաեւ համայն հայութեան՝ հնարաւոր բոլոր միջոցներով սատարելու հակահայ արարքներու դադրեցման ուղղուած Հ.Յ.Դ. Հայ Դատի յանձնախումբերու եւ գրասենեակներու նախաձեռնութիւններուն։

Հ.Յ.Դ. ԲԻՒՐՕ
4 Յունիս, 2014Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Բիւրոն կը դատապարտէ Հալէպի հայաբնակ թաղամասերու վրայ վերջին օրերուն հետզհետէ ուժգնացող յարձակումները։ Արդէն կասկած չի մնար, որ Սուրիոյ իշխանութիւններուն իբրեւ ընդդիմութիւն հանդէս եկող ուժերուն թիրախը բացառապէս հայաբնակ թաղամասերն են:

Կան փաստեր, որ Հալէպի հայաբնակ թաղամասերուն վրայ սաստկացած յարձակումները կը խրախուսուին յատկապէս Թուրքիոյ կողմէ։

Կը դիմենք ընդդիմադիր այդ ուժերու վրայ ազդեցութիւն ունեցող բոլոր, յատկապէս Արեւմտեան պետութիւններուն՝ անմիջապէս իրենց լծակները օգտագործելով դադրեցնելու հայաբնակ թաղամասերուն վրայ յարձակումները: Հակահայ յարձակումներուն եւ գործուած ոճրագործութեան մեղսակից կը համարուին հովանաւորող բոլոր այն պետութիւնները, որոնք առաջքը չեն առներ այդ արարքներուն։

Կոչ կ’ուղղենք Սուրիոյ իշխանութիւններուն, անհրաժեշտ միջոցներ ձեռնարկելու՝ յատկապէս քրիստոնեայ անզէն փոքրամասնութիւններու ֆիզիքական անվտանգութիւնը ապահովելու համար։

Կոչ կ’ուղղենք նաեւ համայն հայութեան՝ հնարաւոր բոլոր միջոցներով սատարելու հակահայ արարքներու դադրեցման ուղղուած Հ.Յ.Դ. Հայ Դատի յանձնախումբերու եւ գրասենեակներու նախաձեռնութիւններուն։

Հ.Յ.Դ. ԲԻՒՐՕ
4 Յունիս, 2014


Դիտել Արևմտյան Հայաստան, Թուրքիա, Լրահոս, Տարածաշրջան բաժնի բոլոր նյութերը



Digg this!Add to del.icio.us!Stumble this!Add to Techorati!Share on Facebook!Seed Newsvine!Reddit!Add to Yahoo!

Մեկնաբանությունները թույլատրված չեն